Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հովանաւորութեամբ յառաջացած յատուկ յանձնախումբի եւ Լոս Անճելըսի Նորթրիճ քաղաքի «Սիսան» համալսարանի Հայկական Ծրագիրի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, անցնող շաբաթավերջին՝ 5 եւ 6 Մայիսին, նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պայմանները, տարածաշրջանի երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, հայոց նորաստեղծ պետութեան դիմագրաւած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, կառավարման խորհրդարանական դրութիւնը, նուաճումներն ու հայ պատմագրութեան համար արձանագրելի տարողունակ դասերը լոյսին բերող երկօրեայ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցան Ամերիկայէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն շարք մը պատմաբաններ, փրոֆեսորներ եւ մասնագէտներ: Գիտաժողովը բացուեցաւ Շաբաթ՝ 5 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10ին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր-Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքով: Երկօրեայ գիտաժողովը ընթացաւ հինգ բաժիններով, զորս վարեցին համադրող պատմաբաններ, ներկայացնելով դասախօսներն ու նիւթերը եւ ներկաներուն առիթ տալով հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն. բոլոր դասախօսութիւնները (մեծ մասամբ անգլերէն) ունեցան 25 վայրկեան տեւողութիւն, իւրաքանչիւր երկու դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին:
Շնորհիւ տէր եւ տիկին Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեաններու 25 հազար տոլարի նուիրատուութեան՝ կարելի եղաւ քով-քովի բերել 13 այլ վայրերէ եւ լոսանճելըսաբնակ երկու դասախօսներ, թիւով 15 մասնագէտներ, մինչ սրահի ծախսերը հոգաց «Սիսան» համալսարանի Հայկական Ծրագիրի տնօրէնութիւնը: Տէր-Խաչատուրեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց նուիրատուութեան, ներկայութեան, մասնակցութեան եւ երկօրեայ այս գիտաժողովին յաջողութեան սատարելնուն համար:
Գիտաժողով Լոս Անճելըսի մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողով՝ Լոս Անճելըսի մէջ