Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ կեան­քի ծա­ռը տե­րե­ւա­թափ մը եւս ու­նե­ցաւ ան­ցեալ Ապ­րի­լին։ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ յար­գանք վա­յե­լած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն՝ ­Գէորգ ­Գու­յում­ճեան իր աչ­քե­րը փա­կեց 90 տա­րե­կա­նին, ե­տին թող­նե­լով բազ­մա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւանդ մը։
­Հան­գու­ցեա­լը ծնած էր 1934-ին ­Տի­տի­մո­թի­քօ։ Իր ըն­տա­նի­քը հաս­տա­տո­ւած էր Թ­րա­կիոյ մէջ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ա­ռաջ։ Իր ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րը ան­ցուց ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ, իսկ փոքր տա­րի­քէն լծո­ւե­ցաւ աշ­խա­տան­քի՝ օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար ըն­տա­նի­քի կա­րիք­նե­րուն։ Ա­ւե­լի յե­տոյ, ան ար­ժա­նա­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման՝ ա­ւար­տե­լով ­Պոլ­սոյ ­Բազ­մա­րո­ւես­տից հա­մալ­սա­րա­նի մե­քե­նա­գի­տու­թեան եւ ե­լեկտ­րա­գի­տու­թեան ճիւ­ղը։ Իսկ իր ու­սու­մը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րա­նէն ստա­ցած կրթա­թո­շա­կի մը։ Ա­ւե­լի յե­տոյ, Ա­թէն­քի ­Մե­ցո­վիօ բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նը հաս­տա­տեց իր վկա­յա­կա­նը եւ ստա­ցաւ իր ու­սա­նած մաս­նա­գի­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ 1960-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ծա­ռա­յեց որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան պե­տա­կան սպա­սար­կու­թեան տնօ­րէն, իսկ ա­ւե­լի յե­տոյ ար­ժա­նա­ցաւ տնօ­րէ­նի ա­ւե­լի բարձր պաշ­տօն­նե­րու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ճիւ­ղին մէջ։
­Տա­կա­ւին ու­սա­նող ­Պոլ­սոյ մէջ, ­Գէորգ ­Գու­յում­ճեան ե­ղաւ հայ ազ­գա­յին կեան­քի հա­ւա­տա­ւոր սպա­սար­կու մը, միշտ ի մտի ու­նե­նա­լով հայ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման նպա­տա­կը սփիւռ­քի կեան­քէն ներս։ Ա­ւե­լի յե­տոյ Թ­րա­կիոյ մէջ, իսկ մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի օ­ժան­դա­կու­թեան եւ հայ հա­մայն­քի ծա­ռա­յու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
Եր­կար տա­րի­ներ, ստանձ­նեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­թիւ­նը, սա­տար հան­դի­սա­նա­լով միու­թեան ծրա­գիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան եւ նիւ­թա­կան ինք­նա­բաւ վի­ճա­կին։
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք օգ­տա­կար ե­ղաւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու, ո­րոնք ար­տա­գաղ­թե­ցին հայ­րե­նի­քէն եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ո­րո­նե­ցին նոր կեան­քի մը տես­լա­կա­նը։ ­Գէորգ, իր ըն­ձե­ռած օգ­նու­թեան ճամ­բով, հե­տա­մուտ ե­ղաւ նո­րա­հաս­տատ հայ­րե­նա­կից­նե­րը կա­պել թե­սա­ղո­նի­կա­հայ ազ­գա­յին կեան­քին։
Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հաս­տատ­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն, ան գործ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ ա­նոր բար­ւոք գոր­ծու­նէու­թեան, դառ­նա­լով նաեւ պա­տո­ւոյ խորհր­դա­կան։ Իր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ստա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ ան­ցա­գի­րը։ Այլ հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ, հիմ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու միու­թիւ­նը, որ մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ճամ­բով նպաս­տեց հայ­րե­նի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու ջրա­մա­տա­կա­րար­ման։
­Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով, ան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Վա­նա­ձո­րի մէջ ման­կամ­սու­րի մը հիմ­նադ­րու­թեան։ ­Հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի զար­գաց­ման հա­մար ու­նե­ցած իր ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յու­թեան դի­մաց, ան ստա­ցաւ «ազ­գի նո­ւի­րեալ» պա­տո­ւոյ շքան­շա­նը հայ­րե­նի պե­տու­թեան կող­մէ։
­Կազ­մած ըլ­լա­լով հայ­կա­կան շուն­չով ըն­տա­նիք մը, իր ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին փո­խան­ցեց ջերմ հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­ներ, նոյն թա­փով ծա­ռա­յե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին։
­Յար­գանք՝ իր յի­շա­տա­կին։

Ա.Ճ.