Հոկտեմբեր 4ին կ՚ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայկական բնանկարչութեան մեծատաղանդ վարպետին` Գէորգ Բաշինջաղեանի։
Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնը` Արարատ լերան վեհութիւնը, Սեւանայ լիճին խաղաղութիւնը եւ յաւերժական Անի քաղաքին շքեղութիւնը դժուար թէ այս աստիճան խորութեամբ դրոշմուած ըլլային հայ մարդու էութեան մէջ, եթէ կերպ ու գոյն, լոյս եւ շունչ ստացած չըլլային հայ մեծանուն նկարիչի բարձրարուեստ վրձինին տակ։
Գէորգ Բաշինջաղեան ոչ միայն հիմնադիրը հանդիսացաւ հայկական բնանկարչութեան, այլեւ հազարի հասնող իր կտաւներով բարձրարժէք տեղ գրաւեց նաեւ ռուսական ու վրացական բնանկարչութեան մէջ, իբրեւ ամբողջ Կովկասի բնական գեղեցկութիւնը մեծ արուեստով պատկերաւորած նկարչութեան «պատրիարք»ը` ռուս արուեստի քննադատներու դիպուկ արժեւորումով։
Վրաստանի մէջ գտնուող հայկական Սղնախ աւանի ծնունդ է հայ մեծ բնանկարիչը։ Լոյս աշխարհ եկած է բանաստեղծ Զաքարիա Բաշինջաղեանի յարկին տակ 16 Սեպտեմբեր 1857ին եւ մանուկ տարիքէն շնչած, սնանած ու կազմաւորուած է հայ գիրի ու գրականութեան, մշակոյթի եւ նկարչութեան հոգեպարար մթնոլորտին մէջ։ Կանուխէն մեծ սէր եւ ընդունակութիւն դրսեւորած է նկարչութեան նկատմամբ` հօր հեքիաթները նկարազարդելու ուղղութեամբ իր առաջին քայլերը նետելով։
Շնորհալի երիտասարդը գեղարուեստական իր կրթութիւնը ստացաւ 1876-78 տարիներուն, գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան Թիֆլիսի Գեղանկարչութեան եւ Քանդակագործութեան Վարժարանին մէջ։ Փայլուն նիշերով աւարտելով դպրոցը` կրթաթոշակի արժանացաւ ուսումը շարունակելու եւ մասնագիտանալու Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստից Ակադեմիային մէջ, ուր տաղանդաւոր նկարիչներու շունչին տակ, 1879էն 1883, Գ. Բաշինջաղեան կատարելագործեց իր արուեստը։
1883ին, «Կեչիների պուրակ» իր բնանկարին համար, արժանացաւ Ակադեմիայի արծաթեայ մետալին եւ նիւթական պարգեւի` շարունակելու եւ ամբողջացնելու համար իր ուսումը։
1883ին վերադառնալով Թիֆլիս, տաղանդաւոր նկարիչը ձեռնարկեց ուսումնասիրական շրջագայութեան նախ Կովկասի եւ, ապա, Հայաստանի ողջ տարածքին` մօտէն ծանօթանալու համար հայրենի բնութեան գեղեցկութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի կերտած մշակութային հարստութիւններուն։
Բաշինջաղեանի համար ոգեշնչման մեծ աղբիւր դարձաւ այդ շրջագայութիւնը, ամէնուր ուրուագիծներ եւ նկարչական ուսումնասիրութեանց ատաղձ հաւաքեց, որոնք հիմք եւ իբրեւ հումք ծառայեցին հետագայ իր ստեղծագործութեանց։
1884ին մեկնեցաւ Իտալիա եւ մօտէն ուսումնասիրեց Վերածնունդի մեծ վարպետներուն գործերը։ Շրջագայեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ տարածքին, Ալպեան լեռներու բնութեան գեղեցկութիւնները նիւթ դարձուց նոր ստեղծագործութիւններու, բայց նաեւ իր ուղեւորագրութեան մէջ նշեց, թէ Ալպեան բնութեան գեղեցկութիւնը կը զիջի… Կովկասի եւ Հայաստանի բնանկարչական հարստութեան։
Եւրոպական գեղանկարչութեան եւ յատկապէս բնանկարչութեան նորագոյն հոսանքներուն մօտէն ծանօթացումը մեծապէս նպաստեց Բաշինջաղեանի գեղարուեստական կատարելագործումին։ 1898ին ան կրկին մեկնեցաւ Եւրոպա` այս անգամ Ֆրանսա, ուր երեք տարի ապրեցաւ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ, մասնակցելով ֆրանսացի նկարիչներու հետ հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ, միաժամանակ, հարստացնելով բնանկարչական իր արուեստն ու ոճը։
1901ին Գէորգ Բաշինջաղեան վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր այնուհետեւ ամբողջ 40 տարի նուիրուեցաւ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի։ Ոչ միայն հազար կտաւի հասնող նկարչական մեծ ժառանգութիւն մը կտակեց հայ ժողովուրդին, այլեւ կանոնաւորաբար ցուցահանդէսներ տալով, նաեւ գեղանկարչական արուեստին նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները եւ ուղեգրական էջերը հրատարակելով` Բաշինջաղեան անփոխարինելի ներդրում ունեցաւ հայ հասարակութեան գեղարուեստական ճաշակ ջամբելու եւ որակական զարգացում ապահովելու մարզին մէջ։
Գէորգ Բաշինջաղեանի արուեստը իր ժամանակին իսկ արժանացաւ միահամուռ սքանչացումի եւ գնահատանքի։ Հայ նկարչութեան հանճարեղ մեծութիւններէն Մարտիրոս Սարեանի իսկ վկայութեամբ` մեծ արժէք ու կշիռ ունեցաւ Բաշինջաղեան հայ ազգային գեղանկարչութեան հարուստ աւանդները վերաթարմացնելու եւ արդիականացնելու ասպարէզին մէջ։
Գէորգ Բաշինջաղեան լայն տեսլականի ու ընդգրկումի տէր նկարիչ եղաւ։ Բնութեան գեղեցկութիւնը չպատկերացուց իր խռովքի ու յոյզերու պահերուն, փոթորիկներն ու շարժումի պահերը զինք չներշնչեցին, ընդհակառակն` անդորրն ու խաղաղութիւնը, ամեհի եւ վեհաշուք հանգստութիւնը փնտռեց հայրենի բնութեան մէջ, բայց նաեւ այդ պատկերներով յուզական ու խոհական շարժում ստեղծեց իր պաստառներուն վրայ, գրաւեց եւ ներքին տարերքի մղեց իր նկարները դիտողներուն։
Յատկապէս անկրկնելի եղան հայ ժողովուրդի վեհաշուք մեծութեան եւ հաստատակամութեան խորհրդանիշին` Արարատ լերան պատկերման նուիրուած Բաշինջաղեանի կտաւները։
Թէեւ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց առաւելաբար Թիֆլիսի մէջ, բայց Գէորգ Բաշինջաղեան իր ողջ էութեամբ շնչեց հայ ժողովուրդի կեանքով ու արուեստով` վերանորոգման շունչ տալով հայութեան նոր սերունդներուն։
Վախճանեցաւ 4 Հոկտեմբեր 1925ին Թիֆլիսի մէջ եւ թաղուեցաւ, իր կտակին համաձայն, Սայաթ Նովայի շիրիմին կողքին։
Պատահական չէր կտակը. հայկական բնանկարչութեան մեծ վարպետը հիմնական ներդրում ունեցած էր հանճարեղ Սայաթ Նովայի գործերուն հաւաքման ու հրատարակման, ինչպէս եւ հանճարեղ աշուղին ու բանաստեղծին շիրիմը պսակող մահարձանին կառուցման մէջ։
Բաշինջաղեանի ստեղծագործութեանց գերակշռող մասը այսօր պահուած է Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ:
Իր անունով կայ փողոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ։
Հայ մեծարժէք բնանկարիչին յիշատակը ոգեկոչելու համար ահա՛ Հայոց Մեծերէն վկայութիւններ՝ Գէորգ Բաշինջաղեան Մարդուն, Արուեստագէտին եւ Հայուն մասին.
— Աւետիք ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ.- «Մեր սերունդը զմայլուած էր Բաշինջաղեանի գործերով, եւ մենք նրա ոչ մի ցուցահանդէս բաց չէինք թողնում: Ես հետաքրքրութեամբ էի լսում նշանաւոր նկարչի պատմութիւնները: Ուր ասես, որ նա չի եղել` Եւրոպայում, Ռուսաստանում… յատկապէս լաւ գիտէր Իտալիան եւ Փարիզը: Հռոմի, Ֆլորենցիայի, Վենետիկի, Լուվրի գանձերը նրան լաւ յայտնի էին: Նա պատմելու յատուկ տաղանդ ունէր: Յիշում եմ` ինչպէս էր նկարագրում Զանգեզուրը, Ղարաբաղը եւ Անին. իսկական հայրենասէր էր»:
— Ստեփան ԶՕՐԵԱՆ.- «…Մեծ բազմութեան մէջ նա աչքի էր ընկնում իր կիրթ շարժուձեւով եւ փոքր-ինչ երազուն նայուածքով, ուստի եւ նրան տեսնողը ուրիշ բան չէր կարող ենթադրել, եթէ ոչ միայն այն, որ այդ մարդը արուեստագէտ է: … Այնքան պրոֆեսիան իր կնիքն էր դրել նրա վրայ` նուրբ զգայնութիւնը, դիտող աչք եւ արտիստիկ մաննէրներ…»:
Իսկ համացանցի վրայ՝ panorama.am 2013ին կը վկայէր, թէ «հայ նկարիչները, մասնաւորապէս՝ Մարտիրոս Սարեանը, Գէորգ Բաշինջաղեանին համարել են իրենց նախակարապետը, ինչպէս նաեւ հայ գեղանկարչութեան մէջ ռէալիստական բնանկարի հիմնադիրը։
«Շուրջ 1000 նկարի հեղինակ է, որոնց մեծ մասը բնանկար է: Նրա ստեղծագործութեան մէջ բնանկարչութիւնն ինքնուրոյն ժանրի նշանակութիւն է ստացել: Բաշինջաղեանը խաղաղ բնութեան նկարիչ է. նրա արուեստին խորթ են փոթորկի, ալեկոծման տեսարանները: Նրա ստեղծագործութիւններում գերակշռում են Սեւանն ու Արարատը պատկերող տեսարանները:
«Բաշինջաղեանը նաեւ գրել է պատմուածքներ, նովելներ, պիեսներ, յօդուածներ՝ արուեստի ու գրականութեան վերաբերեալ, եռանդուն գործունէութիւն ծաւալել Սայաթ-Նովայի տաղերի հաւաքման եւ հրատարակման, նրա մահարձանի կառուցման, հայ ճարտարապետական կոթողների նորոգման համար:
«Նա իր անհատական վախճանին պատրաստւում էր իբրեւ Նկարիչ: Ուսումնասիրում էր մեծն Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնը, հանդէս էր գալիս որպէս գրողի եւ գրականագէտի: Յաճախ այցելում էր «Սբ. Գէորգ» եկեղեցի եւ տեղ փնտռում գմբէթի տակ:
«1925թ. Հոկտեմբերի 3ին վերջին անգամ հարազատներին յիշեցնում է իր թաղման տեղը` եկեղեցու գաւիթում, Սայաթ-Նովայի գերեզմանի կողքին.- «Սէն Դընիից վատը չէ»:
Գէորգ Բաշինջաղեան (1857-1925)
Գէորգ Բաշինջաղեան (1857-1925). Հայկական բնանկարչութեան «Պատրիարք»ը՝ հայոց Արարատին անմրցելի գեղանկարիչը Ն.