Յունիս 5ի այս օրը, երկու հարիւր տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն Գէորգ Ախվէրտեանց (Յախվերդեան), որ իբրեւ բժիշկ, բանասէր, գիտնական մարդ եւ մշակութային գործիչ՝ 19րդ դարու կէսերուն հինական ներդրում ունեցաւ արեւելահայ զարթօնքի շղթայազերծման ու հունաւորման ոգորումին մէջ։
Մասնագիտական պատրաստութեամբ փայլուն բժիշկ եւ գաղափարական աշխարհով ժողովուրդի լայն խաւերուն նուիրուած բարեգործ ու հասարակական անձնուէր գործիչն է Գէորգ Ախվէրտեանց, որ միաժամանակ հմուտ բանասէրի, հայ բարբառագիտութեան հիմնադիրի եւ, յատկապէս, Սայաթ-Նովայի մեծարժէք ժառանգութեան առաջին հաւաքողի եւ վերծանողի իր վաստակով՝ անմահութեան իրաւունք նուաճեց հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։
19րդ դարու սկիզբի տարիներէն սկսեալ, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը սերտօրէն կապուեցաւ ռուս ժողովուրդի ճակատագրին հետ։ Վերջին երկու դարերուն հայ ժողովուրդի ապրած ե՛ւ լուսաւոր, ե՛ւ սեւ ու մութ օրերը այս կամ այն առումով առնչուած են Ռուսաստանի, յատկապէս ռուս քաղաքական մտքի զարգացումներուն հետ։
Իսկ Գէորգ Ախվէրտեանց կը հանդիսանայ առաջին ծիծեռնակներէն մէկը, որ գործեց եւ յաջողութիւններու հասաւ ռուսական միջավայրի մէջ՝ հայկական տաղանդին եւ արժանաւորութեան ճառագայթող ներկայացուցիչներէն դառնալով։
Ան կրցաւ, ռուս պետական-ցարական, քաղաքական-մտաւորական, գրական թէ մշակութային շրջանակներուն հետ իր սերտ կապերով, բարձրացնել Հայաստանի գրաւած տեղն ու հայ ժողովուրդին վայելած վարկն ու վստահութիւնը ռուս ժողովուրդին մօտ։
Գ. Ախվէրտեանց հռչակուեցաւ իբրեւ առաջին կենսագիրը եւ արժեւորողը մեծանուն հայ աշուղ-բանաստեղծ Սայաթ-Նովայի՝ ժամանակի յառաջադէմ մարդկութեան ծանօթացնելով արուեստն ու տաղանդը հայ հանճարեղ երգիչին։
Բանասէր, բժիշկ եւ տնտեսագէտ՝ Գէորգ Ախվէրտեանց ծնած էր 1818ին, Թիֆլիս բնակող ու ցարական բանակին մէջ յաջողակ հայ սպայի մը ընտանեկան յարկին տակ: 1834ին աւարտեց «Լազարեան» ճեմարանը, իսկ 1839ին՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը:
Ուսման աւարտէն անմիջապէս ետք, երիտասարդ բժիշկը վերադարձաւ Թիֆլիս եւ, 1839-42 թուականներուն, ամբողջ Կովկասի տարածքին, անխոնջ աշխատանքի լծուեցաւ եւ լայն ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ իբրեւ զինուորական փայլուն բժիշկ:
Բժշկական ասպարեզէն ներս իր ձեռք բերած հեղինակութեան ու մասնագիտական հմտութեան համար, Կովկասի փոխարքան Ախվէրտեանցին իբրեւ ընկերակից ու խորհրդական յանձնարարեց Ցարական Կայսրութեան ռազմական նախարար կոմս Ա. Չերնիշովին, երբ 1842ին նախարարը շրջանը այցելեց՝ Կովկասի տարածքին ռազմա-ուսումնասիրական շրջագայութեան մը համար։ Կոմս Ա. Չերնիշով խորապէս տպաւորուեցաւ իրեն նաեւ անձնական բժիշկ եղած Ախվէրտեանցի թէ՛ մասնագիտական հմտութենէն, թէ՛ մտաւորական հարուստ պաշարէն եւ թէ մարդկային ազնուական նկարագրէն: Շրջագայութեան աւարտին նախարարը փափաքեցաւ իր հետ Ս. Փեթերսպուրկ տանիլ հայ երիտասարդ բժիշկը՝ անոր խոստանալով Գերմանիա ուղարկել բժշկական բարձրագոյն մասնագիտացման համար։
Թէեւ Գերմանիա ուսանելու այդ խոստումը բնաւ չիրականացաւ, այդուհանդերձ՝ Փեթերսպուրկի մէջ իր կեցութեան չորս տարիները լայն հորիզոններու բացին Ախվէրտեանցի թէ՛ գիտական պատրաստութիւնն ու բժշկական փորձառութիւնը, թէ՛ գրական-մտաւորական հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց շրջանակը, թէ՛ ժողովրդային ծառայութեան մէջ իր գերագոյն բաւարարութիւնը գտնող հասարակական գործիչի իր ներաշխարհը։
Բայց հայրենի կարօտը ետ Թիֆլիս կանչեց զինք։ 1847ին, երբ այլեւս վերջնականապէս փակուած նկատեց Գերմանիա երթալու եւ մասնագիտանալու խոստումին իրականացման յոյսը, Ախվէրտեանց վերադարձաւ Թիֆլիս։ Նախ բժիշկի պաշտօնավարութեան կոչուեցաւ փոխարքայի գրասենեակին մէջ, ապա՝ նշանակուեցաւ սպանդանոցային մաքսատան գործերու վարչութեան աւագ աստիճանաւոր՝ զօրավարի կոչումով:
Ինչպէս որ իր կենսագիրները կը հաստատեն, Գէորգ Ախվէրտեանց բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած եւ ամենատարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող հանրագիտակ անձնաւորութիւն մըն էր։ Հետեւաբար, բժշկական իր ասպարէզին կողքին, ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայրենի կեանքին, սեփական ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան գիտական ուսումնասիրութեան՝ անգնահատելի ծառայութիւններ կապելով իր անունին բանասիրութեան, բարբառագիտութեան եւ պատմագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ախվէրտեանցի կը պարտինք յայտնաբերումը հին Հայաստանի նախարարական տուներուն եւ նախարարներուն պատուաստիճաններու ցուցակին` Գահնամակին:
Յատկապէս հայոց ժողովրդական երգերը հաւաքելու, հրատարակելու եւ աշխարհին ծանօթացնելու մտածումը հանգիստ չտուաւ Ախվերտեանցին: Իր ջանքերով հաւաքուեցան Կովկաս ապրող հայ-թուրք-վրացի աշուղներու գրաւոր ու բանաւոր խաղերը: Արդէն պատրաստ էր հրատարակելու աշուղական խաղերը, երբ Ախվէրտեանց յայտնագործեց Սայաթ-Նովայի «Տաֆթարը» (տետրակը)։ Անմիջապէս յետաձգեց հայ միւս աշուղներու գործերուն հրատարակութեան գործը եւ լծուեցաւ բացառապէս Սայաթ-Նովայի երգերուն բանահաւաքման, ստուգման եւ վերծանման շատ ժամանակ խլող եւ մաշեցնող աշխատանքին։
Այդ շրջանի իր փնտռտուքներուն եւ ուսումնասիրութեանց մասին Ախվէրտեանց հետեւեալը կը գրէր իր առաջին ուսուցիչներէն եւ հետագայի մտերիմներէն Մկրտիչ Էմինին.-
«Ինձ մօտ հաւաքուել են անուանի քամանչիստ Սայաթ-Նովայի 45 կամ 50 երգերը եւ ցանկանում եմ զանոնք հրատարակել Թիֆլիսի բարբառով. նրա երգերում այնքան տեղական կոլորիտ կայ, որ սքանչելի է»։
Ամբողջ երեք տարի Ախվէրտեանց ամէն ջանք թափեց՝ վերծանելու համար «Տաֆթար»ի դժուար ընթեռնելի վրացատառ հայերէն, հայատառ թուրքերէն, վրացերէն գրուած տաղերը: Ապա գրեց ընդարձակ յառաջաբան մը եւ պատրաստեց ծանօթագրութիւնը իւրաքանչիւր երգի. կազմեց նաեւ անհասկանալի բառերու բառարանը:
Երկար կեանք չունեցաւ Գէորգ Ախվէրտեանց։ 43 տարեկան էր, երբ 17 Նոյեմբեր 1861ին վախճանեցաւ։
Բայց իրեն բաժին ինկած կեանքի այդ կարճ ժամանակը Գ. Ախվէրտեանց իմաստաւորեց եւ անմահացուց իր գործով, տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած բարեգործ բժիշկի համբաւով։
Գէորգ Ախվէրտեանց (Յախվերդեան, 1818-1861)
Գէորգ Ախվէրտեանց (Յախվերդեան, 1818-1861). Ցարական արքունիքի հայ բժիշկը, որ աշխարհին ծանօթացուց ՍայաթՆովայի հանճարը Ն.