Գէորգ Ջահուկեան (1920-2005).
Մեծավաստակ հայագէտը՝ բանասէր
եւ լեզուաբան ակադեմականը
Ն.
Յուլիս 6ին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 11րդ տարելիցը քսաներորդ դարու մեծավաստակ հայագէտին՝ բանասէր ու լեզուաբան ակադեմական Գէորգ Բեգլարի Ջահուկեանի, որ ոչ միայն մանկավարժական իր բեղուն գործունէութեամբ սերունդներ հասցուց, այլեւ գիտական իր պատկառելի վաստակով լուսաւորեց հայոց գալիք սերունդներու ուղին՝ ազգային մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան հաղորդուելու եւ տէր կանգնելու ուղղութեամբ։
Ինչպէս որ իր մահը գուժող պաշտօնական «Մահազդ»ին մէջ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի նախագահութիւնը, Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը եւ Երեւանի Պետական Համալսարանը իրենց համապատասխան մասնագիտական բաժանմունքներով կը շեշտէին՝
«Գ. Ջահուկեանն այն բացառիկ գիտնականներից է, որի գիտական հետազօտութիւնների շրջանակը արտակարգ լայն է ու ընդգրկուն։ Չկայ հայերէնագիտութեան մի բնագաւառ, որտեղ նա ասած չլինի իր ծանրակշիռ եւ ուղենշային խօսքը։ Նա հայերէնի համեմատական գրականութեան եւ հայոց լեզուի պատմութեան ամենաճանչուած մասնագէտն է։
«… Գ. Ջահուկեանի պատկառելի գիտական ժառանգութիւնն ապահովել է նրա մշտական ներկայութիւնը գիտութեան մեծերի շարքում։ Մեծ գիտնականի առինքնող եւ լուսաւոր մարդկային կերպարը անջնջելի կը մնայ նրան ճանաչողների, հարիւրաւոր սաների եւ ապագայ սերունդների սրտերում»։
Հայերէնագիտութեան մեծարժէք ակադեմականը ծնած է 1920 թուականի Ապրիլ 1ին, Շահնազար, որ ներկայիս Մեծաւան անունով գիւղ է Տաշիրի մէջ։ 1937ին աւարտած է Երեւանի Շահումեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1941ին՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունք։ Բանակի մէջ ծառայելէ եւ մօտ մէկ տարի Հրազդանի միջնակարգ դպրոցին մէջ ուսուցիչ աշխատելէ յետոյ, Գ. Ջահուկեան 1944ին կը տեղափոխուի Երեւան՝ ուսումնառութիւնը համալսարանի թեկնածուական բաժնի մէջ շարունակելու համար։ Այդ շջանին գիտական ղեկավար կ՚ունենայ մեծ հայագէտ Հրաչեայ Աճառեանը։
1947ին Գ. Ջահուկեանը յաջողութեամբ կը պաշտպանէ «Քերականական եւ ուղղագրական աշխատութիւնները հին եւ միջնադարեան Հայաստանում» ատենախօսութիւնը եւ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։
«18-19րդ դդ. հայ լեզուաբանական միտքը եւ աշխարհաբարի հարցերը» ատենախօսութեան համար, 1955ին իրեն կը շնորհուի բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան։ 1949ին ան կը ստանայ դոցենտի, իսկ 1958ին՝ պրոֆեսորի կոչում։
1945 թուականէն Գ. Ջահուկեան դասախօսած է Երեւանի Պետական Համալսարանի ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ։
1948-1957 թուականներուն դասախօս եղած է Երեւանի Վալերի Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Իսկ 1957էն 1970, ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան ամբիոններու վարիչ եղած է։
1962 թուականէն մինչեւ վախճանը, Գէորգ Ջահուկեան եղաւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուաբանութեան հիմնարկի տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմական:
Գ. Ջահուկեան արժանացաւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։ Եղաւ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր։ Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ բազմաթիւ այլ շքանշաններով:
Գէորգ Ջահուկեանի հիմնարար հետազօտութեանց շարքին կը պատկանին՝
«Լեզուաբանութեան պատմութիւն» (հ. 1, 2, 1960, 1962), «Հայ բարբառագիտութեան ներածութիւն» (1972), «ժամանակակից հայերէնի տեսութեան հիմունքները » (1974), «Ընդհանուր եւ հայ լեզուաբանութիւն» (ռուս., 1978), «Հայերէնի համեմատական քերականութիւն» (ռուսերէն, 1982), «Հայոց լեզուի պատմութիւն, նախագրային շրջան» (1987, Հ.Խ.Ս.Հ. Պետական մրցանակ՝ 1988):
Ինչպէս որ հանրագիտական աղբիւրները կը վկայեն՝
— Հայերէնի համեմատական ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս, Ջահուկեան ներկայացուցած է հայերէնի առնչութիւնները հնդեւրոպական եւ այլ ընտանիքներու պատկանող բազմաթիւ հին եւ հնագոյն լեզուներու հետ, ճշգրտած է հայերէնի տարածքային դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու շրջանակէն ներս, հայերէնի հնդեւրոպական եւ խուռա-ուրարտական ենթաշերտերը, յայտնաբերած է հայերէնէն ուրարտերէնի, խեթերէնի եւ այլ լեզուներու անցած փոխառութիւններ, տուած է նոր ստուգաբանութիւններ:
— Հայոց լեզուի պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութեանց մէջ մշակած է հայերէնի պատմութեան զարգացման շրջանաբաժանումը, առաջին անգամ հայերէնի նկատմամբ կիրարկած է լեզուաժամանակագրական եղանակը, բնութագրած է հայերէնի պատմութեան նախագրային, հին, միջին եւ նոր շրջաններու հիմնական առանձնայատկութիւններն ու հայոց լեզուի կառուցուածքի եւ բառապաշարի պատմական զարգացումը:
— Հայ բարբառագիտութեան բնագաւառին մէջ ստեղծած է նոր գիտակարգ՝ վիճակագրական բարբառագիտութիւն: Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան մէջ առաջ է քաշած նախալեզուի տարբերակայնութեան գաղափարը, առաջարկած է նախալեզուի վերականգնման նոր վարկած:
— Ժամանակակից հայերէնի տեսութեան բնագաւառին մէջ կիրարկած է լեզուի կառուցուածքի նկարագրութեան նոր մեթոտներ, առանձնացուցած ու հիմնաւորած է քերականական նոր կարգեր, համընդհանուր Ջամալի լեզուաբանութեան կաղապարի հիման վրայ ուսումնասիրած է հայերէնի իմաստաբանութիւնն ու բառակազմութիւնը:
— Ստեղծած է լեզուաբանութեան համընդհանուր տեսութիւն եւ կաղապար՝ սուբստանցիոնալ լեզուաբանութիւն, որն կ՚ապահովէ իմացաբանական ու լեզուաբանական կարգերու քննութիւնը, միասնական սկզբունքներով լեզուական եւ արտալեզուական առարկաներու նկարագրութիւնը:
— Յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է հայ լեզուաբանութեան, մասնաւորապէս հայ քերականութեան պատմութեան հարցերուն։
Ինչպէս որ ակադեմական Գէորգ Ջահուկեանի նուիրուած մենագրութիւն մը կը շեշտէ՝ «Գիտնականի լայն մտահորիզոնը, գիտութեան այդօրուայ մակարդակին անմիջաբար հաղորդակից լինելու կարողութիւնը, սթափ եւ ստեղծագործ միտքը, յարատեւ լարուած աշխատանքն ու բեղուն գրիչը մնայուն տեղ են ապահովել նրան՝ հայագէտների ամենաառաջին շարքերում եւ միջազգային ճանաչում ու համբաւ բերել նրան»։