Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը այցելեց Յունաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէզազեան։ Հոգեւորականը դիմաւորուեցաւ թերթի տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան կողմէ եւ մօտէն ծանօթացաւ հրատարակութեան աշխատանքներուն։
Առիթը ունեցանք շահեկան զրոյց մը ունենալու գերապայծառին հետ, որ ներկայացուց հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հետագայ ծրագիրները։ Ան ծանրացաւ Ռաֆայէլ Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքի այցելութեան վրայ, որ պիտի կայանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 6 Մայիս։ Բաւական ընդգրկուն ծրագիր մը ունենալով, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետը պիտի հանդիսապետէ Կիւրեղ եպս. Զօհրապեանի եւ Ս. Սրբուհի Թերեզայի նուիրուած ելոյթներուն, պիտի կատարէ բացումը Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած հայկական խաչքարին՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի մատուցէ ս. պատարագ, ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ, պիտի հանդիպի հայ եւ հելլէն կրօնական պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի շարք մը ելոյթներու Քերքիրայի մէջ։ «Ազատ Օր»-ի էջերուն մէջ կարելի է տեսնել կաթողիկէ պատրիարքի ելոյթներու մանրամասն յայտագիրը։
Յաջորդաբար, հանդիպումը առիթ եղաւ իրազեկ դառնալու գերապայծառի այցելութիւններուն մասին Սուրիոյ շարժահար հայութեան, որ կատարուեցաւ վերջին շաբաթներուն ընթացքին։ Իր առաջին այցելութեան ժամանակ, երկրաշարժէն քանի մը օր ետք, ան վկայ եղաւ այն դժուար պայմաններուն, որ դիմագրաւեց Հալէպի հայութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով, թէ մեծ թիւով բնակարաններ ունեցան լուրջ վնասներ, իսկ կարգ մը պարագաներու անհնար կը դառնար անոնց գործածութիւնը։ Հայութիւնը ստիպուած եղաւ գիշերելու ակումբներու, սրահներու կամ այլ հանրային վայրերու մէջ։ Շատեր անգործ մնացին իրենց գործատեղիները վնասներ կրած ըլլալով, մինչ պետական օգնութիւնը բաւարար չէ՝ թեթեւցնելու համար ժողովուրդի դժուարութիւնները։
Գերապայծառը յայտնեց, թէ Սուրիոյ երկարամեայ պատերազմէն ետք, պետութիւնը աւելի դժուար կացութեան մէջ գտնուեցաւ, քանի երկրի տնտեսական վիճակը արդէն քայքայուած էր, ապա երկրաշարժը աւելի խորացուց ընկերային եւ տնտեսական տագնապը։
Համադրուած ջանքերու շնորհիւ, գերապայծառը նշեց, թէ իր երկրորդ այցելութեան ընթացքին, կարելի եղաւ օգնութիւն ընձեռել 60 կարիքաւոր ընտանիքներու, հաւատալով, թէ թիւը պիտի հասնի 100-ի։ Ան յայտնեց, թէ աշխարհի զանազան կողմերը ապրող հայրենակիցներ ընդառաջեցին իր կոչին եւ շօշափելի օգնութիւն տրամադրեցին, գոհացնելու համար սուրիահայ եղբայրներու կարիքները։
Միաժամանակ, ան այցելութիւններ կատարեց հայրենակիցներուն մօտ եւ իրազեկ դարձաւ անոնց կացութեան։
Գլխաւոր դժուարութիւնը տուներու ապահով գործածութիւնն է, իսկ անտուն մնացողներուն համար՝ նոր տուն վարձելու կամ գնելու հսկայ զոհողութիւններ պէտք են։ Մանաւանդ չքաւոր ընտանիքներու պարագային, դժուարութիւնները աւելի կը բարդանան։
Գերապայծառը նաեւ մասնակցեցաւ Սուրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համագումարին, ուր լայնօրէն քննուեցան օգնութեան միջոցները։ Նաեւ, գերապայծառի ջանքերով, յատուկ օգնութեան ծրագիր իրագործուեցաւ հաշմանդամ փոքրիկներու վարժարանին համար։
Կաթողիկէ հոգեւորականի խօսքերով, ժողովուրդը յոյս կը պահէ, որ գաղութի պատասխանատու մարմիններն ու հոգեւոր դասը պիտի շարունակեն օգնութեան ծրագիրներ մշակել, ամոքելու համար հալէպահայութեան ցաւոտ կարիքները։
Իր այցելութեան աւարտին, գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ դրուատեց մեր օրաթերթի դերը գաղութի իրականութեան մէջ։ Ան նաեւ մաղթեց յարատեւ կորով, շարունակելու համար թերթի անխափան հրատարակութիւնը։
Գերապայծառի այցելութիւնը Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսին
Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետը հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսին հետ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ յոյն հոգեւոր պետին ներկայացնելու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ-Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքի այցելութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ երկու կարեւոր յոբելինական ելոյթներու կազմակերպումը։
Արքեպիսկոպոսը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այցելութեան համար։ Խօսելով Կիւրեղ եպս. Զօհրապեանի անցեալի գործունէութեան մասին, ան յայտնեց, թէ պիտի թելադրէ, որպէսզի յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղուին յոյն եկեղեցւոյ արխիւներուն մէջէն, Կիւրեղ եպիսկոպոսի՝ Տրապիզոնի եւ Աթէնքի պաշտօնավարութեան շրջաններէն։ Յոյն պետը, ընդունելով գերապայծառի հրաւէրը, նշեց, թէ իր ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի ծրագրուած ելոյթներուն, ինչպէս նաեւ անձնապէս պիտի ընդունի հայ պատրիարքը Աթէնքի իր նստավայրին մէջ։