­Գեր­մա­նիոյ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը յայ­տա­րա­րած են, որ տե­ղեակ են ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի այն յայ­տա­րա­րու­թե­նէն, թէ Եւ­րո­պա­յի շարք մը եր­կիր­նե­րու մէջ, մաս­նա­ւո­րա­բար` ­Գեր­մա­նիոյ մէջ, մա­հա­փոր­ձեր կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւին ­Թուր­քիա­յէն հոն հաս­տա­տո­ւած ան­ձե­րու, մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յե­րու եւ ա­լաո­ւի­նե­րու դէմ: «Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ գեր­ման ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը գեր­մա­նա­կան «­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ին յայտ­նած են, թէ կ­՛ու­սում­նա­սի­րեն հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ տո­ւեալ­նե­րը:
«­Տե­ղեակ ենք վե­րոն­շեալ վտան­գէն, անհ­րա­ժեշտ ա­չալր­ջու­թեամբ կ­՛ու­սում­նա­սի­րենք կա­ցու­թիւ­նը: ­Սա­կայն ի­րա­վի­ճա­կի եւ պաշտ­պա­նա­կան մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկ­ման մա­սին այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չենք կրնար տրա­մադ­րել»,- կ­՛ը­սո­ւի գեր­մա­նա­կան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:
­Փայ­լան գեր­մա­նա­կան լրա­տուա­մի­ջո­ցի մը հետ իր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է, թէ մա­հա­փոր­ձե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցած է ար­տերկ­րեայ հե­տա­խու­զա­կան մար­մին­նե­րէն, սա­կայն չի կրնար նշել ա­նոնց աղ­բիւ­րը: «­Միայն կրնամ ը­սել, որ ա­նոնք շատ վստա­հե­լի տե­ղե­կու­թիւն­ներ են»,- ը­սած է ան: Ե­րես­փո­խա­նը նշած է, որ Եւ­րո­պա­յի եւ գլխա­ւո­րա­բար ­Գեր­մա­նիոյ մէջ այս տե­ղե­կու­թե­նէն ետք ո­րոշ ան­ձեր պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նո­ւած են:
­Փայ­լան նաեւ յայտ­նած է, թէ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց հան­դի­պած ու խօ­սած է իր ու­նե­ցած տո­ւեալ­նե­րուն մա­սին, խոս­տա­ցած են անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րուն ձեռ­նար­կե­լու:
­Փայ­լան «­Կա­զե­թե­տու­վար» կայ­քի լրագ­րո­ղին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին վե­րա­հաս­տա­տած է այդ­պի­սի ծրա­գի­րի մը գո­յու­թիւ­նը` ա­ւելց­նե­լով.- «Այս պա­հուս կը գոր­ծեն մա­հա­փոր­ձե­րը կա­տա­րե­լու պատ­րաս­տուող ե­րեք ան­ձեր»: ­Թուր­քիոյ մէջ հե­տապն­դում­նե­րու պատ­ճա­ռով ­Գեր­մա­նիա հաս­տա­տո­ւած հայ լրագ­րող ­Հայ­կօ ­Պաղ­տատ «­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նած է, թէ ինք եւս տե­ղեակ է ­Փայ­լա­նի յայտ­նած հե­տա­խու­զա­կան տո­ւեալ­նե­րէն, ո­րոնք իս­կա­պէս լուրջ վտանգ կը ներ­կա­յաց­նեն: Ան յայտ­նած է, որ խնդի­րին առն­չու­թեամբ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ է: «­Թող ­Թուր­քիան անհ­րա­ժեշտ ա­մէն բան ը­նէ իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար»,- ը­սած է ան: Խն­դի­րին մա­սին խօ­սած է նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ ա­լա­ուիա­կան միու­թիւն­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Եըլ­մազ ­Քահ­րա­ման, որ նշած է, թէ ի­րենք շա­տոնց տե­ղեակ պա­հուած են սպառ­նա­լի­քին վե­րա­բե­րեալ:
Ան ընդգ­ծած է, որ գեր­մա­նաբ­նակ ա­լե­ւի­նե­րը թրքա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու թի­րախն են: