­Կի­րա­կի, 26 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 2-ին, ­Ֆիքսի ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ճաշ­կե­րոյ­թը։
Գ­նա­հա­տե­լի թի­ւով ժո­ղո­վուրդ, մօտ 120 հո­գի, ար­դէն լե­ցու­ցած էր սրա­հը։
Ն­կա­տա­ռե­լի էր, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քի բա­ւա­կան թի­ւով ան­դա­մու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ե­կած էին քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար ի­րենց ըն­կե­րու­հի­նե­րուն աշ­խա­տան­քը։
­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Ալ­մաստ ­Ճէ­նա­պեան, յա­նուն վար­չու­թեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ իր ու­րա­խու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց, վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կին ա­նոնց ներ­կա­յու­թեան ու քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ձեռ­նար­կի հա­սոյ­թէն մաս մը վար­չու­թիւ­նը պի­տի յատ­կաց­նէ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ֆոն­տին։ ­Խօս­քի ա­ւար­տին ան բա­րի ա­խոր­ժակ ու զուար­ճու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին։
Ա­պա ներ­կա­նե­րը համ­տե­սե­ցին խա­չու­հի­նե­րուն ձեռ­քով ու ճա­շա­կով պատ­րաս­տո­ւած հայ­կա­կան տոհ­միկ ու հա­մեղ ճա­շա­տե­սակ­ներ։ Իսկ ա­ռատ գի­նին, օ­րո­ւան խմիչքն էր եւ կե­նաց­նե­րու ա­ռի­թը։ ­Գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տին ըն­կե­րա­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւութիւ­նը ստանձ­նած էր ընկ. ­Ռաֆ­ֆի ­Տէ­միր­ճեան։ ­Հարկ է նշել, թէ հայ­կա­կան տոհ­միկ ճա­շե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ բա­ւա­կան ժա­մա­նակ խլող յա­տուկ ու լուրջ աշ­խա­տանք։ ­Կի­րա­կի կէ­սօ­րուան ճաշ­կե­րոյ­թի սե­ղան­նե­րը ի­րենց հա­մեղ ճա­շա­տե­սակ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած սպա­սար­կու­թիւ­նը, ցոյց տո­ւին վար­չա­կան խա­չու­հի­նե­րու բծախնդ­րու­թիւ­նը, պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան տրա­մադրու­թիւնն ու ծա­ռա­յե­լու ո­գին։
­Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տէն ո­գե­ւո­րո­ւած, ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան խօսք առ­նե­լով, նախ մե­ծա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց ­Ֆիք­սի վար­չու­թիւ­նը եւ մաղ­թեց ա­նոնց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Օ.Մ.ի աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծուած մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան, որ հիմ­նո­ւած է միայն տա­լու ու ծա­ռա­յե­լու գա­ղա­փա­րին վրայ։ Ա­ւար­տին ան հաս­տա­տեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը լի է պա­տե­րազմ­նե­րով, գաղ­թե­րով ու ա­ւեր­նե­րով, ինչ­պէս ներ­կա­յի Ար­ցա­խի պա­րա­գան։ ­Բայց մին­չեւ այն ա­տեն, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը պար­տու­թեան գա­ղա­փա­րը չըն­դու­նիր, մենք ա­մէն մէկ ա­ղէ­տէն ետք դար­ձեալ ոտ­քի պի­տի կանգ­նինք ու պի­տի շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն եւ բախ­տա­ւոր­նե­րը շա­հե­ցան գե­ղե­ցիկ նո­ւէր­ներ։ ­Վար­չու­թիւ­նը իր կար­գին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն։
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած կէ­սօ­րո­ւան ճաշ­կե­րոյ­թը, ան­ցաւ հայ­կա­կան ըն­տա­նե­կան ու ըն­կե­րա­յին ու­րախ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Եւ այդ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րին ու ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լոր­տին ա­ռի­թով, նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ ե­ղան վար­չու­թեան, գնա­հա­տե­լով ընկերուհիներուն տարած աշ­խա­տան­քը:
Ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տե­լէ ետք վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը, ու­րա­խու­թեամբ ու գո­հու­նա­կու­թեամբ մեկ­նե­ցան մեր ա­կում­բի սրա­հէն։

Թղ­թա­կից