­Գա­ւա­լա­յի թա­ղա­յին ­մարմ­նոյ ա­տե­նա­պետ Աբ­րա­համ Աշ­րեա­նի յի­շա­տա­կին

0
192

­Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեան Աշ­րեան

19 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ե­ռամ­սեայ մը լրա­ցաւ ­Գա­ւա­լա­յի հա­մայն­քին հա­մար լուրջ կո­րուս­տէ մը։
Աբ­րա­համ Աշ­րեա­նը տաքրս էր, եղ­բայ­րա­կան ի­րա­կան կա­պե­րով 55 եր­կար տա­րի­ներ։ Աբ­րա­հա­մը անձ մըն էր ազ­նիւ, հա­մեստ, ար­ժա­նա­պա­տիւ, ծա­ռա­յա­սէր ան­կեղծ ա­ջակ­ցու­թեամբ ոչ միայն ազ­գա­կան­նե­րու եւ ­բա­րե­կամ­նե­րու, այլ հայ թէ յոյն հան­րու­թեան մէջ ընդ­հան­րա­պէս, ա­մէն կա­րի­քա­ւո­րի կող­քին։
Ծ­նած էր ­Գա­ւա­լա 1945-ին, ու­սա­նած էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նա­թո­լիա» գո­լէ­ճին մէջ ու ա­պա «ΑΣΟΕΕ» հա­մալ­սա­րա­նը: Ինք շա­րու­նա­կած էր ըն­տա­նե­կան սրճա­գոր­ծի ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ սուր­ճի, հա­մեմ­նե­րու և ­բոյ­սե­րու վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան ա­ւե­լի քան 100 տա­րո­ւայ պատ­մու­թիւն գրած էր ­Գա­ւա­լա­յի մէջ: Այն­քան տպա­ւո­րիչ, որ այ­սօ­րո­ւայ վա­ճա­ռա­կա­նը Աշ­րեան մա­կա­նու­նին տեղ, ինք ընտ­րած է «­Հա­յը»՝ «Ο Αρμένος» խորհր­դան­շա­կան տիտ­ղո­սը:
Աբ­րա­հա­մը նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յող էր ոչ միայն իբ­րեւ թա­ղա­յին ­Մարմ­նոյ ա­տե­նա­պետ եւ Հ.Գթ. ­Խա­չի ան­դամ, այլ նաեւ յու­նա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս «Γιατροί του Κόσμου» եւ այլն կող­քին, միշտ հա­ւա­տա­րիմ ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յե­լու սկզբուն­քին:
Իր ան­ձին հան­դէպ յար­գանքն ու գնա­հա­տան­քը զգա­լի ե­ղան իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան օ­րուայ դամ­բա­նա­կան­նե­րէն: Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Գերպ. ­Տէր ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նէն, յոյն մեթ­րո­պո­լիտ ­Գե­րաշ­նորհ Ս­թե­ֆա­նո­սէն եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ միջ­թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, ­Գա­ւա­լա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի, մի­ջազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ «Ա­նա­թո­լիա» գո­լէ­ճի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն լսո­ւե­ցան յու­զիչ խօս­քեր իր ազ­նո­ւու­թեան եւ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան մա­սին: ­Հա­կա­ռակ խո­րունկ վշտիս, պար­տա­կա­նու­թիւն զգա­ցի այս քա­նի մը տո­ղե­րով փոքր ծա­ղիկ մը զե­տե­ղել գե­րեզ­մա­նին՝ իր երկ­րա­յին կեան­քը մարդ­կայ­նու­թեամբ լից­քա­ւո­րած «եղ­բօրս» յի­շա­տա­կին: