ՄԻՆՍԱՐ
Գարունը, բոյսերուն վերակենդանացման եղանակն է:
«Մասնաւորապէս ուրախ ենք տեղեկութեան համար», պիտի ըսէք…
Չլսելու գալով, (իբրեւ թէ…), կը շարունակեմ…
Գարնանային եղանակին, Երկրին վրայ գտնուող, եւ մարդկութեան հետ միասնաբար, այս մոլորակը բաժնուող բոյսերը կը վերանորոգուին, հագուելով՝ այսպէս ըսուած, իրենց «գարնանային հագուստները»:
Ձմրան ընթացքին իրենց տերեւներէն ու ծաղիկներէն «մերկացած» բոյսերը, կը ծաղկաբերուին նոր կեանքով, իրենց տարիքոտ ու դեղնցած զարդերուն տեղ, ծնունդ տալով նորաստեղծ կանաչ տերեւներու ու բազմագոյն բուրաւէտ ծաղիկներու:
Այս է բուսական աշխարհին օրէնքը, որ միլիարաւոր տարիներէ ի վեր կը գործադրուի՝ յարգանքով, երկիւղածութեամբ, բացառիկ կարգապահութեամբ ու առանց որեւէ շեղումի:
«Այս բոլորը մեզի ծանօթ են, ըսածներդ նորութիւն մը չեն», պիտի ըսէք նորէն…
Իրաւունք ունիք…
Նմանապէս նորութիւն մը պիտի չըլլար ըսելը, թէ այս բոլոր բաները տեղի կ՚ունենան, ո՛չ թէ միայն բոյսերուն, այլ նաե՛ւ մարդկային ընկերութեան մէջ:
Հին սերունդը կը մեկնի, տեղ տալով նորահաս սերունդին:
Հազարաւոր, եթէ ոչ միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր նոյն բանը կը պատահի, առանց որեւէ փոփոխութեան:
Սա ալ մարդոց աշխարհին օրէնքն է եղեր:
Հարցում…
«Այս ըսած բնական օրէնքիդ կ՚ենթարկուի ամբո՞ղջ մարդկութիւնը»…
Այո՛….
Այո՞ մը…
Է՜հ… շիտակը… որոշ բացառութիւններ ալ կան հարկաւ…
Ու այս բացառութիւններուն ամէնամեծ, ու ամէնայարգելի բաժինը սիրելի ընթերցողներս, կը կազմենք մասնաւորաբար մենք… սփիւռքահայերս…
Մեր ազգային կեանքին մէջ, տերեւաթափը տեղի կ՚ունենայ արագօրէն, բայց դժբախտաբար… առանց որեւէ յարգանքի, հանդէպ… եղանակային օրէնքներուն:
Ըլլայ ամառ, ըլլայ ձմեռ, մեր հին սերունդը անվերադարձ կը մեկնի, իր ետին ձգելով հսկայ պարապութիւն մը, որ, (չըսելու համար գրեթէ երբե՛ք), յաճախ, շա՜տ մեծ դժուարութեամբ կը լրացուի:
Ասոր կողքին պէտք է նկատի ունենանք նաեւ, որ մեր սփիւքի պարտէզին մէջ «բուսող» հայրենակիցներու բաւական նշմարելի թիւ մըն ալ կայ, որ ինքզինքը համոզած է, թէ՝ գաղութին հանդէպ իր պարտաւորութիւնը կատարելապէս կատարած կ՚ըլլայ, եթէ սա կամ նա բարեսիրական Միութեան, կամ Կազմակերպութեան մը, ատենէ-ատեն, նուիրատուութիւն մը կատարէ:
Այս մեր «ծաղիկ» հայրենակիցները, յաճախ՝ ժխտական ձեւով կը քննադատեն որոշ խղճմիտ ազգայիններու կողմէ տարուած աշխատանք մը, կարծես թէ այս վերջինները… վճառովի պաշտօնեաններ ըլլային…
Այսինքն, կարծես թէ չի բաւեր իրենց տարած հսկայական ու անվարձահատոյց սեւ աշխատանքը, վրայէն խօսքեր ալ կը լսեն…
Զոր օրինակ…
Չեմ կրնար հասկնալ թէ որո՞ւ իրաւունքով, «ՄԵՐ» Միութիւնը, (կամ Կազմակերպութիւնը), ընտանեկան ձեռնարկութեան մը վերածած են…
Ձեռնարկը անյաջող էր, վստահ եմ որ ոտքի վրայ պատրաստուած էր…
Այսինքն հիմա այս ախմախը ի՞նչ ըսել ուզեց…
Ըրածն ալ ճիշտ իր «սուրադին» (երեսին) նման, պաղ ապուր դասախօսութիւն մըն էր:
Մե՜ղք… քա մեզի երկու ժամ դիմացը նստեցուց, պարզապէս գլուխնիս արդուկելու համար…
Ա՜խ… երանի՜ հին տարիներուն: Ծօ, մեր ատենը ասանկ պարապ-սարաբ ձեռնարկ մը երբե՛ք պիտի չկազմակերպուէր…
Քա, այսքան ալ անհամ կերակուրներ, կեանքիս մէջ երբե՛ք կերած չեմ: Ի՞նչ է… բանտարկեալնե՞ր կը կերցնէին կոր…
Մէկ ծայրէն միւսը, անյաջող պարահանդէս մըն էր…
Ու ժխտական քննադատութիւններուն ցանկը, կրնայ տակաւին շա՜տ երկարիլ…
Սակայն, եթէ որ երբեք պատահի եւ միութենական մը համարձակի մօտենալ այս… «արհեստավարժ քննադատներուն» ու իրենցմէ խնդրէ որ գործնականօրէն մասնակցին ծրագրուած աշխատանքի մը իրագործումին, այս վերջինները հազարումէկ տեղի-անտեղի պատճառաբանութիւններով, կը ջանան կամացուկ մը իրենց «կծիկը» ազատել:
Կը յիշեմ տարիներ առաջ, ընկերոջս՝ Փանոսին ինծի պատմած մէկ պատմութիւնը, որով կը ջանար օրինակով մը ինծի բացատրել, թէ՝ «խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:
Ուրեմն… կար ու չկար…
Տարիներ առաջ, գաղութի մը պատասխանատուները կը ծրագրեն կառուցել դպրոց մը, իրենց շրջանին մատղաշ սերունդին հայակրթութիւնը հոգալու նպատակով: Որոշ գումար մը ապահովելու եւ ըլլալիք աշխատանքները դասաւորելու նպատակով, կ՚որոշեն ու կը յառաջացնեն, մեծահարուստներէ կազմուած «Դպրոցի Շինութեան Մարմին» մը, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ, պիտի սատարէին այս սաստիկ կարեւոր աշխատանքի իրագործման:
Իրապէս ալ, որոշ ժամանակ անցած, կը յառաջանայ Դ. Շ. Մարմին մը, կազմուած գաղութի հինգ հայ մեծահարուստներու կողմէ:
Իրենց առաջին հանդիպումին, այս հինգ երեւելիները քով քովի գալով, կը կազմեն Դ.Շ.Մ.ի Դիւանը ու յաջորդաբար կը պատրաստեն կատարուելիք աշխատանքներուն նախագիծը:
Իրենց երկրորդ հանդիպումին, Դ.Շ.Մ.ի այս պատուարժան հինգ անդամները, — (փառաւորապէս բազմած ժողովավայրի կլոր գրասեղանին բոլորտիքը, որուն վրայ արդէն զետեղուած էր կառուցուելիք դպրոցին մանրանկարը), — կը դասաւորեն ծրագրուած աշխատանքներուն կարգը:
Ապա կ՚անցնին առաջարկներու օրակարգին…
Առաջին խօսք առնողը կ՚ըլլայ, Դ.Շ.Մարմնի ատենապետ՝ մեծայարգ տիար Ոսկերիչեանը, որ մասնաւորաբար՝ շեշտելէ ետք կառուցուելիք դպրոցին անհրաժեշտութիւնը, նա մանաւանդ գաղութի մատղաշ սերունդին հայակրթութեան աշխատանքին մէջ, կ՚աւելցնէ…
Սիրելի գործընկերներս, դուք շատ լաւ գիտէք թէ ես որքան ազգասէր եմ, ասոր մասին խօսք չ՚ուզեր կարծեմ, սակայն վերջերս մեր ոսկերչատունը, արտասահմանէն շատ մեծ ապսպրանք մը ապահոված ըլլալուն, դժբախտաբար պիտի չկարողանամ գործնականօրէն օգտակար դառնալ տարուելիք աշխատանքներուն: Վստահ եմ, որ պարագաս կը հասկնաք, — (գրպանէն կը հանէ փոխանակագիրի տետրակը), — սակայն մեծ ուրախութեամբ կը տրամադրեմ այս գումարը, մեր կառուցելիք դպրոցին շինութեան նախնական ծախսերուն մէկ մասը հոգալու համար:
Տիար Ոսկերիչեանը, փոխանակագիրին մէկ էջին վրայ բաւական մեծ գումար մը գրելով, էջը կը պատռէ ու կը ձգէ սեղանին վրայ, ապա մէկ առ մէկ խանդավառ ձեռնասեղմումով մը, ողջունելէ ետք Դ.Շ.Մ.ի մնացեալ չորս վարչական անդամները, «գիշեր բարի» եւ «բարի յաջողութիւն» ըսելով, կը մեկնի:
Երկրորդ խօսողը կ՚ըլլայ Մարմնի փոխ ատենապետ, տիար Գործարանատէրեանը, որ ինք եւս շեշտելէ ետք կառուցուելիք դպրոցին անհրաժեշտութիւնը, կ՚աւելցնէ…
Սիրելի գործընկերներս, դուք շատ լաւ գիտէք թէ ես որքան ազգասէր եմ, ասոր մասին խօսք չ՚ուզեր կարծեմ, սակայն մեր գործարանը վերջերս արտասահմանէն բաւական մեծ ապսպրանք մը ապահոված ըլլալուն, դժբախտաբար պիտի չկարողանամ գործնականօրէն օգտակար դառնալ տարուելիք աշխատանքներուն: Վստահ եմ որ պարագաս կը հասկնաք, — (գրպանէն կը հանէ փոխանակագիրի տետրակը), — սակայն մեծ ուրախութեամբ կը տրամադրեմ այս գումարը, մեր կառուցելիք դպրոցին շինութեան նախնական ծախսերուն մէկ մասը հոգալու համար:
Տիար Գործարանատէրեանը, փոխանակագիրին մէկ էջին վրայ բաւական մեծ գումար մը գրելով, էջը կը պատռէ ու կը ձգէ սեղանին վրայ, ապա մէկ առ մէկ խանդավառ ձեռնասեղմումով մը, ողջունելէ ետք Դ.Շ.Մ.ի մնացեալ երեք վարչական անդամները, «գիշեր բարի» եւ «բարի յաջողութիւն» ըսելով, կը մեկնի:
Երրորդ խօսողը կ՚ըլլայ Մարմնի քարտուղար, տիար Նաւատէրեանը, որ ինք եւս շեշտելէ ետք կառուցուելիք դպրոցին անհրաժեշտութիւնը, կ’աւելցնէ…
Սիրելի գործընկերներս, դուք շատ լաւ գիտէք թէ ես որքան ազգասէր եմ, ասոր մասին խօսք չ՚ուզեր կարծեմ, սակայն մեր նաւատիրական ընկերութիւնը վերջերս արտասահմանէն բաւական մեծ ապսպրանք մը ապահոված ըլլալուն, դժբախտաբար պիտի չկարողանամ գործնականօրէն օգտակար դառնալ տարուելիք աշխատանքներուն: Վստահ եմ որ պարագաս կը հասկնաք, — (գրպանէն կը հանէ փոխանակագիրի տետրակը), — սակայն, մեծ ուրախութեամբ կը տրամադրեմ այս գումարը, մեր կառուցելիք դպրոցին շինութեան նախնական ծախսերուն մէկ մասը հոգալու համար:
Տիար Նաւատէրեանը, փոխանակագիրին մէկ էջին վրայ բաւական մեծ գումար մը գրելով, էջը կը պատռէ ու կը ձգէ սեղանին վրայ, ապա մէկ առ մէկ խանդավառ ձեռնասեղմումով մը, ողջունելէ ետք Դ.Շ.Մ.ի մնացեալ երկու վարչական անդամները, «գիշեր բարի» եւ «բարի յաջողութիւն» ըսելով, կը մեկնի:
Չորրորդ խօսողը կ՚ըլլայ Մարմնի հաշուապահ, տիար Վաճառականեանը, որ ինք եւս շեշտելէ ետք կառուցուելիք դպրոցին անհրաժեշտութիւնը, կ՚աւելցնէ…
Սիրելի գործընկերս, դուն շատ լաւ գիտես թէ ես որքան ազգասէր եմ, ասոր մասին խօսք չ՚ուզեր կարծեմ, սակայն մեր վաճառատունը վերջերս արտասահմանէն բաւական մեծ ապսպրանք մը ապահոված ըլլալուն, դժբախտաբար պիտի չկարողանամ գործնականօրէն օգտակար դառնալ տարուելիք աշխատանքներուն: Վստահ եմ որ պարագաս կը հասկնաս, — (գրպանէն կը հանէ փոխանակագիրի տետրակը), — սակայն մեծ ուրախութեամբ կը տրամադրեմ այս գումարը, մեր կառուցելիք դպրոցին շինութեան նախնական ծախսերուն մէկ մասը հոգալու համար:
Տիար Վաճառականեանը, փոխանակագիրին մէկ էջին վրայ բաւական մեծ գումար մը գրելով, էջը կը պատռէ ու կը ձգէ սեղանին վրայ, ապա խանդավառ ձեռնասեղմումով մը, ողջունելէ ետք Դ.Շ.Մ.ի մնացեալ մէկ վարչական անդամը, «գիշեր բարի» եւ «բարի յաջողութիւն» ըսելով, կը մեկնի:
Վերջին խօսողը կ՚ըլլայ Մարմնի գանձապահ, տիար Արծաթեանը, որ ինք եւս շեշտելէ ետք կառուցուելիք դպրոցին անհրաժեշտութիւնը, կ՚աւելցնէ…
Սիրելի գործընկերներս, դուք շատ լաւ գիտէք թէ ես որքան ազգասէր եմ, ասոր մասին խօսք չուզեր կարծեմ… սակայն…
Անմիջապէս կ՚անդրադառնայ, որ այլեւս միս-մինակը մնացեր է գրասենեակին չորս պատերուն մէջ…
Տիար Արծաթեանը, գրպանէն կը հանէ փոխանակագիրի տետրակը, ու մէկ էջին վրայ բաւական մեծ գումար մը գրելով, էջը կը պատռէ ու կը ձգէ սեղանին վրայ, ապա՝ գրասենեակին լոյսերը մարելով, ու դուռն ալ լաւ մը կղպելով, առագ քայլերով կը հեռանայ ու կը կորսուի գիշերուան մթութեան մէջ:
Կ’անցնին օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ, ու Դ.Շ.Մ.ի գրասենեակին սեղանին վրայ, իրենց բախտին լքուած այդ հինգ փոխանակագիրները, մթութեան մէջ կը սպասեն որ գոնէ ազգային մը գտնուի, եւ իրենց օգտագործելով… վերջապէ՜ս սկսին դպրոցի շինութեան աշխատանքները:
Բայց… ի զո՜ւր…
Ասանկով փոխանակագիրները անօգտագործելի կը մնան… կը դեղնան, կը մաշին, կը լուծուին ու վերջաւորութեան կը ցրուին Դ.Շ.Մ.ի գրասենեակին չորսդին..
Նման կարծես մեր այն բոլոր ծրագրումներուն, որոնք երբե՛ք չեն իրագործուիր…
Որովհետեւ…
Մեր ազգը թէեւ բաւական մեծ թիւով ծրագրողներ ունի…
Սակայն դժբախտաբար…
Շա՜տ փոքր է թիւը այն ազգայիններուն,որոնք այդ բոլոր ծրագրումները առնելով…
Գործի պիտի վերածեն…: