22 Մայիսին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մարգարիտա Մնացականեանի «Ճերմակաշուշան անուրջներ» գիրքի ներկայացումը, նաեւ իր յունական տարբերակով` «Όνειρα λευκά σαν κρίνα» վերնագիրով, որ հիմնուած է հեղինակի կեանքին ապրումներուն։ Ներկայ էին Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, գոհացուցիչ թիւով գրասէրներ ու արուեստասէրներ։ Գործիքներու ղեկավարումը ստանձնած էր ընկ. Սիմոն Ասիպեան, նկարահանում` ընկ. Կարօ Աղապատեան։
Գիրքի թարգմանիչ ընկ. Ժագ Տամատեան իր հակիրճ բացման խօսքով ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը, որ «կառուցուած է բիւրեղ բառապաշարով, առանց օտար բառերու գործածման»։ Ըսաւ` «Մարգարիտայի պատմութիւններուն մէջէն հայրենիքը կը ներկայանայ իր դրախտային բնութեամբ աննման շքեղութեան Երեւան մայրաքաղաքով, Հայաստանի բնակիչն ալ` իր կենցաղային խնդիրներով, վաստակով մշակոյթով»։
Յաջորդաբար խօսքը առաւ ուսուցչուհի Սոֆիա Խոշապեան. բանասէրն ու գրողը յատկապէս ճամբորդեցին Թեսաղոնիկէէն, ներկայ գտնուելու համար շնորհահանդէսին։ Ներկայացնելով դրուագներ իր «թանկագին բարեկամուհիին» անձնաւորութենէն ու ստեղծագործութիւններէն, նկատեց` «Մարգարիտա Մնացականեանը սիրասփիւռ բոեդուհի է. իրեն համար սէրն առաջին տեղն է»։
Հեղինակին համար անհնար էր թաքցնել ոգեւորութիւնը, իր ելոյթին ժամանակ։ Նշեց, որ գիրքը կը նուիրէ իր երկուորեակ որդիներուն, որոնցմէ ստացած է անսահման սէր ու յարգանք։ Բացայայտեց, որ մանկական տարիքէն սկսած է գրել քերթուածներ ու արձակներ։ Աւարտելով իր խօսքը ըսաւ. «Ես ալ կը սիրեմ ձեզ, ձեր ներկայութիւնը, անափ երջանկութիւն է, եղէք առողջ, երջանիկ սիրուած սիրահարուած»։
Ապա` սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը. Համազգայինի թատերախումբի անդամ ընկ. Լուիզա Պօղոսեան հանրածանօթ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան զոյգ գիրքերէն ընթերցեցին բաժիններ։ Մարգարիտայի սիրոյ պատմութիւններու մէջէն հանդիսատեսը տեղափոխուեցաւ Երեւանի Սեւանի տեսարժան վայրեր։ Գրաւիչ ասմունքին յաջորդեց Լեֆթերիս Խավուցասի կախարդական քամանչան` յուզմունքը հասցնելով գագաթնակետին։ «Ծաղիկներ» երգի մեղետին ներկաներուն ուղեկցեց մինչեւ յաջորդ կանգառը` Արարատեան դաշտ, Մարգարիտայի ծննդավայրը։
«Իր գրքի քնարական հերոսուհին…
Զգուշօրէն իր ընթերցողի առջեւ բացելով իր անցեալն ու ներկան՝ այս նրբիրան ու գեղանի աղջնակը՝ ուրցաբոյր ու հեզաճեմիկ, մեզ տարաւ իր մանկութեան օրրանը, ծանօթացնելով իր սիրագորով ու ներահունչ ծնողների հետ, ովքեր որ եղել էին նրա հեքիաթային ներաշխարհի լուսէ կերտողները…», նշած էր Սօֆիա Խոշապեանը իր խօսքին մէջ։
«Մայրս` դպրոցում իմ դասատուն, իսկ տանը սիրասուն, աստուածային մի էակ, մի հեքիաթային կին, ՄԱՅՐ… Խեղճ` հողի ու քարի մարդիկ… Ո՞վ էր մտածում գիր ու գրականութեան մասին։ Ահա նման իրավիճակում նրանց օգնութեան հասաւ իմ բարի մայրը», շարունակեց Լուիզա Պօղոսեան իր զգացմունքային ընթերցումը։ Մայրն էր կիրակնօրեայ ընտանեկան հաւաքոյթներուն «հիմնական օղակը»»։ Առիթը տրուեցաւ Մարգարիտա Մնացականեանին վերակենդանացնել զանոնք` արտասանելով իր առաջին քառեակը։
Իսկ հայրը` ընտանիքին հերոսն էր. իբրեւ 2-րդ Աշխարհամարտին մասնակից կատարած էր «հերոսաբար կռուած, յաղթական մուտքը Պեռլին»։ Իսկ «Խնճոյքը չէր լինում խնճոյք, եթէ հայրս ձեռքը չէր վերցներ քամանչան։ Նուագում էր հրաշալի… մէկ ուրախ, մէկ թախծոտ…»։
Ինքնաբուխ երաժշտական կտորին, յաջորդեց Սայաթ-Նովայի, հօր սիրած աշուղին, «Աշխարհումս ա՜խ չիմ քաշի»։
Ապա Խրիսթինա Ալեքսանեանի ոճային ընթերցումով իմացանք տիկին Ֆոթինիին իրական յուզիչ պատմութեան մասին։ Զմիւռնիոյ Աղէտէն փրկուած ու որբացած իր մանկական տարիքին, հանդիպեցաւ իր կեանքին մեծ ու միակ սէրը` կազմելով իր գեղեցիկ ընտանիքը։ Յաջորդաբար հնչեց Կոմիտասի «Հովերն ելլան» երգին եղանակը։
«Մարիետան ծալեց տետրը, վայր դրեց գրիչը, կանգնեց, ուղղեց սլացիկ մարմինը, ողորկ քայլերով մօտացաւ պատուհանին… առջեւում փռուած էր Էգեյան ծովը` իր հրաշք մայրամուտով ու անկրկնելի գոյների ներդաշնակութեամբ։ Խոնաւ ու թախծոտ աչքերի լազուրում նա գրկեց այդ անկրկնելի գեղեցկութիւնն ու անէացաւ հնի նորի աներեւոյթ բաժանարանում…»։
Լեֆթերիս Խավուցասի մոգական քամանչայէն դարձեալ հնչեց «Կովկաս պար», ուրախ երաժշտութիւնը։
Մայիսեան մռայլ ու ամպոտ երեկոն լեցուեցաւ ծափողջոյներով, ճոխ զգացումներով «Ճերմակաշուշան անուրջներ»-ով։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ