22 Յունիսի օրը, 56 տարի առաջ, Պոլսոյ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ’ունենար հանդիսաշուք պատարագ, նուիրուած՝ Սրբոց Թարգմանչաց Սահակայ եւ Մեսրոպայ յիշատակին։ Պատարագիչն էր Թուրքիոյ հայոց ծերունազարդ Պատրիարքը՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան։ Պատարագի պահուն սրտի կաթուած ունեցաւ Սրբազան Հայրը եւ քանի մը ժամ ետք վախճանեցաւ։
Խորհրդանշական եւ խորիմաստ էր Գարեգին Պատրիարքին այդօրինակ վախճանը։ Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան երկու մեծ երախտաւորներուն իր յարգանքի տուրքը ընծայաբերելու պահուն, այդպէ՛ս, աչքերը առյաւէտ փակեց իր կարգին մշակութային եւ գրական բազմաշնորհ վաստակի տէր հայ հոգեւորական մը։
Որքան մեծ եղաւ հայ ժողովուրդի հոգեւորական ծառայութեան մէջ վախճանեալ Պատրիարքին ներդրած աւանդը, նոյնքան տաղանդաշատ վաստակ մը ան կապեց իր անունին՝ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրաբար գլուխ-գործոցներու աշխարհաբարի թարգմանիչ։
Հայ ժողովուրդի լուսապսակ հոգեւորականներու փաղանգին մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած հեղինակութիւն եղաւ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Տրապիզոնին, ինչպէս ինք կը սիրէր կոչուիլ՝ գործածելով եպիսկոպոսական անուանումի յունական ոճը։
Ծնած էր Տրապիզոն, 6 Նոյեմբեր 1880ին։ Աւազանի անունն էր Խաչիկ Խաչատուրեան։ Իր ծննդավայրի նախակրթարանը աւարտելէ ետք, 1896ին ղրկուած էր Վենետիկ, յաճախելու համար Մխիթարեաններու Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ 1899ին, հոգեւորականի կոչում զգալով, մտած էր Արմաշի դպրեվանքը՝ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի վերատեսչութեան օրօք։
Արմաշի դպրեվանքէն ներս տիրող հոգեւորական ու մտաւորական ջերմ մթնոլորտը եւ անձնապէս Դուրեան Արքեպիսկոպոսի հոգեպարար շունչն ու պայծառ մտածողութիւնը հիմնական դեր ունեցան երիտասարդ Խաչիկի հոգեմտաւոր նկարագրի ամրակերտման մէջ։ 1901ին վարդապետ ձեռնադրուեցաւ՝ վերանուանուելով Գարեգին։ Երկու տարի ուսուցչական պաշտօն վարեց դպրեվանքին մէջ՝ միաժամանակ նուիրուելով գրական աշխատանքներու։ 1903ին շրջուն քարոզիչի առաքելութեան կոչուեցաւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ։ Անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ իմաստուն եւ հաւատաւոր քարոզիչ եւ 1906ին ղրկուեցաւ գաւառները՝ իբրեւ կրթական տեսուչ ու առաջնորդ։
Յաջորդաբար գործեց Սիսի, Մարաշի, Արմաշի, Արաբկիրի եւ Մուշի մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտի եւ Մեծ Եղեռնի շրջանին Գարեգին Վարդապետ ապրեցաւ ու գործեց Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։ Զինադադարէն ետք, 1919ին, վերադարձաւ Տրապիզոն՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ։ 1922ին անցաւ Ս. Էջմիածին, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ։ Այնուհետեւ՝ առաջնորդական պատասխանատուութիւններ ստանձնեց Պաղտատի եւ Պոլսոյ մէջ, մինչեւ որ 1928ին ընտրուեցաւ Քալիֆորնիայի հայոց թեմի առաջնորդ եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1935։ Ապա՝ իբրեւ կաթողիկոսական պատուիրակ, ծառայեց հարաւային Ֆրանսայի մէջ, ուրկէ 1938ին ղրկուեցաւ Արժանթին՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ։ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան Արժանթինի Առաջնորդ էր 2 Դեկտեմբեր 1950ին, երբ ընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս։
Պատրիարքական իր ծառայութեան շրջանը եւս յատկանշուեցաւ մնայուն իրագործումներով։ Յատկապէս Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքին հիմնադրութիւնը օրհնաբեր նշանակութիւն ունեցաւ՝ Թուրքիոյ գաւառներէն սաներ հաւաքելու, անոնց ուսում եւ ազգային շունչ ջամբելու եւ իբրեւ կուսակրօն հոգեւորականներ վերստին գաւառ ուղարկելու եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայ բեկորները հայ եկեղեցւոյ շուրջ բոլորելու գործին մէջ։
Թեմէ թեմ եւ գաղութէ գաղութ իր շրջագայութեամբ հանդերձ, ուր որ ալ գտնուեցաւ, հոգեւոր իր ծառայութեան զուգահեռ, Գարեգին Արքեպիսկոպոս Տրապիզոնի ժամանակը գտաւ եւ եռանդը ունեցաւ ծաւալելու մանկավարժական իր գործունէութիւնն ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքները։
Գրական իր լաւագոյն աշխատանքը եւ երկարամեայ երկունքին արգասիքը եղաւ «Նարեկ»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ Նարեկացիի յուզաշխարհի վերծանման եզակի գործ մը կը նկատուի միաժամանակ։
Նոյնպիսի նուաճում մը կը հանդիսանայ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը։ Իսկ 1910ականներուն լոյս տեսած «Տարօնաշունչ» եւ երկհատոր «Աշխարհի լոյս ի Հայս» գործերը պերճախօս վկայութիւնն են քրիստոնէական հաւատքի, ազգային ոգիի եւ հայրենասիրութեան մեծ պաշարի տէր հայ մտաւորականի իր արժանաւորութեան։ Իսկ «Քնար Արեւագալի» բանաստեղծական եւ «Խոհեր ու Յուշեր» արձակ հատորներով՝ հայ գրականութեան մէջ ան ունեցաւ իր ուրոյն տեղը։
Գարեգին Արքեպիսկոպոս նաեւ հիմնեց ու խմբագրեց կրօնական ու գրական-գեղարուեստական հանդէսներ, ինչպէս 1909ի «Տաճար» կրօնաթերթը, 1947ին Արժանթինի մէջ «Արարատ» ամսագիրը եւ 1950ականներուն իր աշխոյժ նպաստը Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Շողակաթ» ամսաթերթի հրատարակութեան։
Գարեգին Պատրիարքի վաթսունամեայ հոգեւորական եւ գրական ծառայութեան նուիրուած այս ամփոփ յիշեցումը անարդար պիտի ըլլայ եզրափակել՝ առանց ակնարկելու այն խնդրայարոյց դերակատարութեան, որ մեծարժէք հայ հոգեւորականը ունեցաւ 1956ի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Տագնապի շրջանին։ Հակառակ տասնամեակներ ամբողջ իր պահպանած պայծառամիտ եւ հաշտարար դերակատարութեան՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին յուզող ու տագնապեցնող խնդիրներու ժամանակ, Գարեգին Պատրիարք առանձնայատուկ կիրքով դիրքորոշուեցաւ երջանկայիշատակ Զարեհ Առաջինի Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութեան դէմ, ինչպէս նաեւ՝ այնուհետեւ ստեղծուած թեմական տագնապին առիթով։
1961ի Յուլիսին, սրբալոյս Պատրաիարքի վախճանման առիթով, Պոսթընի «Հայրենիք»ը, խմբագրականով մը, Գարեգին Պատրիարքի այդօրինակ վարմունքը կը բացատրէր անձնական քինախնդրութեամբ՝ զայն անյարիր նկատելով ընդհանրապէս բարեհամբոյր հոգեւորականի համբաւ նուաճած Գարեգին Արքեպիսկոպոսի վարքագծին։ Կեանքը բերաւ այնպէս, որ Գարեգին Աքեպիսկոպոս Խաչատուրեան երկու անգամ թեկնածու առաջադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, բայց երկու առիթներով ալ չընտրուեցաւ. Փոխարէնը՝ առաջին անգամ Գարեգին Առաջին Յովսէփեան, իսկ երկրորդին՝ Զարեհ Առաջին Բայասլեան արժանացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալի պաշտօնին։
Բայց համակ ծառայութեամբ եւ բազմաշնորհ վաստակով յատկանշուած Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի անձն ու գործը բնաւ չինկան ստուերի տակ՝ անոր կեանքի վերջալոյսին արձանագրուած այդ վրէպին հետեւանքով։
Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ազգային միասնականութեան եզակի դրսեւորում մը ունեցաւ ծերունազարդ Պատրիարքի վախճանման առիթով։
Բազմաշնորհ եւ վաստակաշատ Հայ Հոգեւորականի արժանաւորութեամբ յաւերժութեան յանձնուեցաւ՝ Տրապիզոն ծնած եւ աշխարհով մէկ Հայու հոգեմտաւոր արժէքները տարածած ու արմատաւորած Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանը, որուն իմաստասիրական հետեւեալ խորհրդածութեամբ թող պսակուի ոգեկոչական այս յիշեցումը.
— «Ամէն վայելք պէ՛տք է ունենայ իր որոշ բեւեռակէտը, ուր կեանքը գտնէ իր իմաստն ու ամբողջացումը»։
Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան 1880-1961
Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան (1880-1961). Վաստակաշատ հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը Ն.