Քսաներորդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ մշակութային իր երկունքին ամէնէն բեղմնաւոր շրջաններէն մէկը, որու նուաճումին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումն ու անկորնչելի աւանդը ունեցան ատենի համաշխարհային մշակոյթին բացուած եւ սեփական ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը յղկելու եւ բարձրացնելու առաքելութեան տէր կանգնած մեծարժէք մեր գրականագէտներն ու արուեստաբանները։
Հայ մշակոյթի արդի ժամանակներու ոսկեդարը նուաճած այդ արժանաւորներու փաղանգին մէջ անպայման իր տեղն ու պատուանդանը ունի Գարեգին Լեւոնեան, որուն ծնունդը կը նշենք Նոյեմբեր 6ի այս օրը։
Յատկապէս արեւելեան կողմն հայաշխարհի, Գարեգին Լեւոնեան կը հանդիսանայ հայոց մշակութային հարստութեան մշտարթուն պահակը եւ անխոնջ քարոզիչը։
Հայկական նկարչութիւնն ու աշուղական երաժշտութիւնը, հայ գրականութիւնն ու հրապարակախօսութիւնը, հայոց թատրոնն ու փորագրական-տպագրական արուեստը մնայուն ուսումնասիրութեան, արխիւային պեղումի եւ բծախնդիր վերծանումի անսպառ աղբիւր մը եղան Գարեգին Լեւոնեանի համար։
Ոչ միայն ինք հարստացաւ հայ մշակոյթի բազմադարեան գանձարանին մօտէն ծանօթանալով եւ անոր հարստութեանց տիրապետելով, այլեւ՝ հարստացուց ներաշխարհը ամբողջ սերունդներու, հայկական արժէքներու ճանաչողութիւնն ու պաշտամունքը հոգեմտաւոր սնունդի վերածելով։
Գարեգին Լեւոնեան զաւակն է հայ աշուղական արուեստի մեծանուն վարպետ Աշուղ Ջիվանիի։ Ծնած է 6 Նոյեմբեր 1872ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն Ս. Փրկչի դպրոցին մէջ, ապա՝ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է Ս. Փեթերսպուրկ, որուն Արուեստներու Ակադեմիան աւարտած է 1897ին։
Կանուխ տարիքէն Գարեգին Լեւոնեան անյագ ծարաւ դրսեւորեց արուեստներու հանդէպ՝ յատկապէս նկարչութեան մէջ իր բնատուր ձիրքը արտայայտելով։ Փեթերսպուրկէն վերադարձին, դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանին մէջ, ուր 1902էն մինչեւ 1906 գեղարուեստի պատմութիւն եւ նկարչութիւն դասաւանդեց։
Բայց ուսումը կատարելագործելու եւ եւրոպական մշակոյթին հետ մօտէն շփուելու մղումը հանգիստ չտուաւ Լեւոնեանի, որ 1906ին մեկնեցաւ Լայպցիկ, Գերմանիա, ուր եւրոպական արուեստներու ուսումնասիրութեան մէջ խորանալով՝ արժանացաւ Արուեստաբանի փրոֆեսորական տիտղոսին։
1908ին վերադարձաւ հայրենիք եւ հաստատուեցաւ ատենի հայ մշակութային մեծ օճախ հանդիսացող Թիֆլիսի մէջ՝ հիմնադրելով եւ խմբագրելով «Գեղարուեստ» հանդէսը (1908-22):
«Գեղարուեստ»ը սոսկ թերթ մը չեղաւ, ուղղակիօրէն մշակութային վերաթարմացման հուժկու հոսանքի մը շարժիչ ուժը դարձաւ. ամբողջ տարիներ մեր ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը մշակեց, բարձրորակ արուեստի ստեղծագործական կրակը վառեց եւ, մանաւա՛նդ, մեծ ներդրում ունեցաւ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը մեր սերունդներուն ծանօթացնելու, հասանելի ընծայելու եւ ներշնչման աղբիւրի ու ազգային ինքնաճանաչողութեան հիմքի վերածելու սերնդակերտ գործին մէջ։
Թիֆլիսեան իր գործունէութեան ընթացքին, Գարեգին Լեւոնեան բացաւ նաեւ նկարչական դասընթացներու արուեստանոց եւ օրհնաբեր ներդրում ունեցաւ հայկական վարժարաններու համար նկարչութեան ուսուցիչներու պատրաստութեան մէջ։ Կազմեց եւ հրատարակեց դասագիրքեր («Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն», Թիֆլիս, 1908։ «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն», Թիֆլիս, 1909): Նաեւ երկու տարի, 1910էն 11, անձամբ նկարչութիւն դասաւանդեց «Ներսիսեան» դպրոցին մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն եւ այնուհետեւ, Հայաստանի անկախութեան հռչակման հետեւող պետական շինարարութեան շրջանին, Գ. Լեւոնեան շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը հայ մշակութային հարստութեանց պահպանման եւ վերանորոգման ճակատին վրայ։
1922ին, Վրաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան վերջնական հաստատումէն ետք, Գարեգին Լեւոնեան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ստանձնեց արուեստներու դասաւանդման պաշտօններ։ 1926էն 1928 դասաւանդեց Երեւանի Գեղարուեստական Արուեստանոցին (Տեխնիկում) մէջ, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն՝ Թատերական Հիմնարկի եւ Պետական Համալսարանի դասախօս եղաւ։
Գարեգին Լեւոնեան Հայաստանի մէջ եղաւ առաջին մշակութային գործիչը, որուն խորհրդային իշխանութիւնները շնորհեցին Արուեստի «վաստակաւոր գործիչ»ի կոչումը (1932): Իսկ 1934էն սկսեալ մաս կազմեց Գրողներու Միութեան՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով։
Մեծարժէք արուեստաբանն ու գրականագէտը վախճանեցաւ 28 Սեպտեմբեր 1947ին, Երեւան։
Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան տարբեր մարզերուն նուիրուած իր հրապարակումները Գարեգին Լեւոնեան ստորագրեց այլազան գրչանուններով, ինչպէս Գ.Լ., Գոշ, Գրասէր, Լ., Ճռինչ, Մեֆիստոֆէլ, Շաւարշ, Վաղինակ եւայլն։
Ծաւալուն ժառանգութիւն մը կտակեց հայ մշակոյթին։ Տասնեակաւոր հատորներով հրատարակուած կամ տակաւին ձեռագիր վիճակի մէջ մնացած իր գործերուն շարքին են՝ «Հայ աշուղներ»ը, Ալեք-պոլ, 1892, 151 էջ: «Հայոց պարբերական մամուլը», Ալեք-պոլ, 1895, 570 էջ: «Աշխարհէ աշխարհ կամ 20.000 վերստ Եւրոպայում», Թիֆլիս, 1914: «Հայոց պարբերական մամուլը», Ե., Պետհրատ, 1934, 230 էջ: «Թատրոնը հին Հայաստանում», Ե., Հայպետհրատ, 1941, 122 էջ: «Աշուղները եւ նրանց արուեստը», Ե., Հայպետհրատ, 1944, 106 էջ: «Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը», Ե., Հայպետհրատ, 1946, 255 էջ: «Յուշեր», Ե., Հայպետհրատ, 1959, 203 էջ: «Երկեր», Ե., Հայպետհրատ, 1963, 504 էջ:
Ինչպէս որ Աւետիք Իսահակեան դիտել տուած է՝ «Գարեգին Լեւոնեանի ընդգրկումը լայն Էր, հետաքրքրութիւնները՝ բազմազան, ծրագրերը՝ շատ։ Նա տասնեակ տարիների ընթացքում, իր անխոնջ գործունէութեամբ, յիշեցնելով ժրաջան մեղուին, հաւաքել եւ կուտակել Է ահագին փաստական նիւթ. գրքերից, արխիւներից, փոշիների տակից, մի խօսքով՝ անյայտութիւնից լոյս աշխարհ բերել բազմաթիւ փաստեր ու տուեալներ…»։
Գարեգին Լեւոնեանի մեծութիւնը կը կայանայ ոչ միայն հայ մշակոյթի շնչաւոր հանրագիտարանը ըլլալու իր արժանիքին մէջ, այլեւ հայ գրականագիտութիւնն ու արուեստաբանութիւնը նոր հորիզոններու բանալու եւ անկոխ ուղիներ հարթելու յառաջապահի իր աւանդին մէջ։
14 տարի շարունակ հրատարակուած իր «Գեղարուեստ» հանդէսը կը հանդիսանայ դրօշակիրը հայկական գեղարուեստին նուիրուած մասնագիտական հայ մամուլին, որ ուղղուած էր միջին ընթերցողին եւ ծառայեց անոր գեղարուեստական ճաշակի յղկումին ու բարձրացումին։
Հայ գրականագիտութեան եւ արուեստաբանութեան մէջ նոյնպէս նոր բնագաւառներ բացող նուաճումներ եղան հայոց հին թատրոնին հետազօտման եւ Գիրերու Գիւտին մշակութային ենթահողի պեղման նուիրուած Գարեգին Լեւոնեանի կոթողական գործերը, որոնք անկորնչելի հարստութիւնը կը կազմեն հայոց ապրող սերունդներուն։
Գարեգին Լեւոնեան (1872-1947)
Գարեգին Լեւոնեան (1872-1947). Հայ մշակոյթի «շնչաւոր հանրագիտարան»ը՝ վերաթարմացման առաքեալը Ն.