17 Նոյեմբերի այս օրը, 177 տարի առաջ, Վանի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ շնորհալի մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու, իր գործով ու նուիրումով, հայ ժողովուրդի մեծանուն եւ երախտաշատ հոգեւորականներէն մէկը՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց անունով։
Բանասէր էր ու բանահաւաք հայոց խօսքն ու գիրը, ազգային հաւատքն ու ազատութիւնը պաշտամունքի արժանացուցած այս մեծ Հայը, որ կորուստէ փրկեց հայոց հոգեմտաւոր հարստութեան անփոխարինելի գոհարները՝ ողջ Հայաստան աշխարհը շրջելով եւ մեր ժողովուրդի շրթներէն լսելով ու արձանագրելով սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու բանաւոր պահպանուած ստեղծագործութիւնները։
Արձակագիր էր ու շնորհալի գրող, որ իր բանաստեղծական շունչով եւ Վանի բարբառով համեմուած գեղեցկագոյն աշխարհաբարով՝ 1870ականներուն եւ 1880ականներուն գրաւեց հայոց գրական անդաստանը։ Հայրենի հողն ու ջուրը, իրենց հարազատ ջերմութեամբ, ինչպէս եւ հայ շինականն ու աշխատաւորը, իրենց տոհմական կենցաղով ու արժէքներով, ուրախութիւններով ու տառապանքով, հպարտութեամբ ու ազատութեան տենչով՝ լեզու առին եւ գիր ու գրականութիւն դարձան Սրուանձտեանցի ստեղծագործութեանց շնորհիւ։
Նաեւ ու մանաւանդ՝ անձնդիր հասարակական գործիչը եղաւ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց, ոչ միայն հոգեւորականի իր բոլորանուէր ու անբասիր ծառայութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ ազգային գաղափարախօսութեան տարածիչ, իբրեւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան առաջին դրօշակիրներէն մէկը։
17 Նոյեմբեր 1840ին ծնած էր Վան եւ, հազիւ պատանի, մտած էր Վարագայ վանք՝ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ աշակերտելով Խրիմեան Հայրիկին, որուն արժանաւոր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ հետագային, իր ամբողջ կեանքի եւ հոգեմտաւոր ծառայութեան ընթացքին։
Գրական եւ հրապարակախօսական իր առաջին գործերն ու յօդուածները լոյս տեսան Խրիմեանի «Արծուի Վասպուրականի» հանդէսին մէջ, որուն խմբագրի տեղակալի պաշտօնը վարեց իր ուսուցիչի կողքին։ Իսկ երբ 1860ականներուն Խրիմեան անցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, Գարեգին Սրուանձտեանց դարձեալ կանգնեցաւ անոր կողքին՝ «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթի խմբագրումին եւ վանքի մէջ ուսուցչութեան նուիրուելով։
Նոյն տարիներուն, երբ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ նուիրակ շրջեցաւ Հայաստան Աշխարհի ողջ տարածքին, Սրուանձտեանց անոր անբաժան ընկերակիցը եղաւ եւ մեծ պաշտամունքով հաւաքեց մեր ժողովուրդին պահպանած բանաւոր ստեղծագործութիւնները, նաեւ՝ մօտէն ծանօթացաւ հայրենի բնաշխարհին եւ պարզ ու մեծ մեր ժողովուրդի կենցաղին, աւանդութիւններուն եւ հաւատամքին։ Այդ շրջանի իր գրառումներով հանդէս եկաւ ժամանակի Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Զմիւռնիայի հայ մամուլի էջերուն («Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Կռունկ Հայոց Աշխարհին», «Մեղու Հայաստանի» եւայլն)։
Ազգային Զարթօնքի եռուն ժամանակաշրջանին զուգադիպեցաւ Սրուանձտեանցի յաղթաքայլ մուտքը հայ մտքի եւ գրականութեան անդաստանէն ներս, յատկապէս հայ կեանքը փոթորկած եւ վերանորոգած Գրաբար-Աշխարհաբարի բուռն պայքարներուն առջեւ իմաստութեան ուղին հունաւորելով՝ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց ժողովրդային պարզութեամբ եւ համով-հոտով վճռահատող իր պատգամը փոխանցեց «Գրաբար-Աշխարհաբար վէճը» խորագրով սրամիտ յօդուածով.-
«ԳՐԱԲԱՐ.- Տօ՜, Աշխարհաբար, մի անգամ մտածէ չափիդ ու հասակիդ վրայ։ Ա՜հ, ի՜նչ ասեմ, բարկանամ՝ տղայ ես, զարնեմ՝ որդիս ես, սպաննեմ՝ իմս ես, բայց կը խնայեմ. սրտիս մէջ ո՛չ գութ թողիր, ո՛չ սէր. յանդուգն ես, յանդուգն, ինձմէ ծնար ու իմ կենաց եւ իրաւաց յափշտակող եղար։
«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Տակաւին պիտի երկարե՞ս խօսքդ. հնացար անցար։ Պարտ է մեծաց մեղմանալ եւ փոքունց աճիլ։ Այժմեան կենդանիք նորութիւն կը սիրեն։ Հին ես, պէտք է թաղուիս։ Գլորուեցաւ քո անիւ, թէպէտ հայր՝ բայց դու արդէն ինկար, երբոր զիս ծնար։
«ԳՐԱԲԱՐ.- Հնացայ ու անցա՞յ, հը, ի՞նչ կը բարբանջես, անշնո՜րհք, գիտե՞ս ով եմ ես, սուրբ Մեսրովբայ ոսկորներ ողջ կը քաշեմ, դուրս կը հանեմ շիրիմից, թող վկայեն թէ Աստուած ի՜նչ սքանչելի հրաշքով շինեց ու շնորհեց զիս Հայաստանին, իմ Աշխարհին։
«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, իրա՛ւ, քո սքանչելիք եւ արած բարիք չեմ ուրանար ես, քո դարը կը յարգէ զքեզ։ Գնա՛, մտիր եկեղեցին, դռնից դուրս մ’ելներ, այն բաւական համարէ, քո իշխանութիւն եւ սահմանդ եկեղեցին է միայն։
«ԳՐԱԲԱՐ.- Կարկտնած լուսաւորութիւն վրադ առած կը շրջիս, Ստամբօլու մէջ կոր ես, Կարնոյ մէջ՝ կը ես, Մշոյ մէջ զիմա՞լ ես, Վանայ մէջ՝ խորոտ-մորոտ ես, Փոքր Հայոց մէջ առհասարակ տաճկականով խառն զանգուած մի ես։ Ռուսաստանի մէջ գնում-գալիս ես, Թիֆլիսի մէջ՝ վո՛ւնց ես, Ղարաբաղն երթաս՝ «Ատա յի՞նչ անելական ես», Ագուլիս՝ «զոկ» ես։ Տէ՜ հպարտացի՛ր քո ժամանակով, քո լուսաւորութիւնով։
«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Ո՞ր մէկ գործքերս ու փառքերս յիշեմ։ Միով բանիւ լուսաւորութիւն եմ ես։
«Այս վերջին ժամանակ ահա ժամանակը իւր հզօր փառքով ու յաղթական կառքով այս հանդէսի մէջը մտաւ, երկու հակառակ զօրութիւնները իր առջեւ կանչեց եւ այս վճիռը կնքեց ու հաստատեց.-
«Գրաբարին միշտ յարգանք եւ անմահութիւն։ Աշխարհաբարին՝ կեանք եւ յառաջդիմութիւն»։
Սրուանձտեանց, դեռ կուսակրօն չդարձած, կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայկական գաւառներուն մէջ ազգային վարժարաններու հիմնումին մէջ։ 1866ին լոյս ընծայեց հայերէնի «Նոր Ընթերցարան» դասագիրքը, որ մինչեւ 1880ականներու վերջերը օգտագործուեցաւ ազգային վարժարաններու կողմէ։
1867ին, Կարնոյ մէջ, վարդապետ ձեռնադրուեցաւ եւ իբրեւ ազգային-յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած ու մտաւորական հարուստ պաշարի տէր երիտասարդ հոգեւորական՝ քարոզիչի առաքելութեամբ շրջեցաւ ու գործեց Վանի, Մուշի եւ Կարնոյ մէջ։ 1872ին, Վանի մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Սրուանձտեանց հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ «Միութիւն ի փրկութիւն» անունով ազգային-ազատագրական խմբակի ստեղծման մէջ։
Գարեգին Սրուանձտեանցի ազգային-հասարակական եւ գրական-բանահաւաքման գործունէութիւնը մեծ ոստում արձանագրեց 1878ի Պերլինի Վեհաժողովէն յետոյ, երբ իբրեւ յատուկ նուիրակ շրջեցաւ հայկական նահանգները՝ ազգաբնակչութեան վիճակագրական ճշգրիտ պատկերը կազմելու եւ հայոց ինքնավարութեան պահանջը հիմնաւորելու պատասխանատու առաքելութեամբ։
Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցի ազգային-քաղաքական հանգանակին վերաբերեալ դիպուկ վկայութիւն մը կը փոխանցէ «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների» հանդէսի 1970ի թիւ 1 համարով լոյս տեսած Է.Ա.Կոնստանդեանի հետեւեալ արժեւորումը.- «1862ի Զէյթունի հերոսամարտներից քիչ անց Վարագայ բարձունքից հնչում է ողջ հայութեանը պայքարի հրաւիրող, չյուսահատուելու յորդորող եւ գալիք մարտերին պատրաստ լինելու [Սրունձտեանցի] կոչը. «Սկսենք մեր գործը, նորէն սկսենք։ Էն դեհ մի կռիւ կայ. կը լսէ՞ք նախանձաւոր, ահաւոր ձայներ, ձայն արեւմուտքից, ձայն հիւսիսից, ձայն եւ ամէն կողմից. մի՛, մի՛ սարսափիք, նոքա մեզ քաջութիւն թող տան»։
«Վարագայ վանքի ուխտի «մարտադիր զինուորը գիտէ, որ նման գործերում միանգամից յաջողութեան հասնել հնարաւոր չէ եւ որպէսզի չվհատուեն մարտնչող սրտերը, նա շարունակում է իր յորդոր-կոչը՝ կռուելու, զարկուելու եւ անպայման յաթելու վճռականութիւն ներշնչելով ժողովրդին. «Ինկար, վեր կանգնիր, անշուշտ կը յաղթես, մեռնիս էլ կը յաղթես, վերջապէս կը յաղթես, վասնզի նոր ես ու լուսաւոր ես, բարի ես, ճշմարիտ ես»։
«Ըստ Սրուանձտեանցի՝ հայ ժողովրդի ազատագրութեան համար պայքարողը պէտք է լինի հայ երիտասարդութիւնը։ Նա յորդորում է հայ երիտասարդներին խորտակել բոլոր որոգայթները, թռչել եւ անցնել։ Իբրեւ պատգամ՝ նա կոչ է անում. «միաբան լինել, միաբան խորհել, միաբան մեռնել, միաբան ապրել։ Միանամք ուրեմն, եղբարք, զօրութիւն ի միութիւն եւ յաղթութիւն ի զօրութիւն»։
Սրուանձտեանցի պատգամով՝
«Մարդ պէտք է առիւծ լինի, գայլերէն չյաղթուելու համար, գառ լինի՝ իւր երամի հետ վարուելու համար»…
Կարճատեւ կեանք վիճակուեցաւ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցին։ 17 Նոյեմբեր 1892ին, 52 տարեկանին, բաբախելէ առյաւէտ դադրեցաւ սիրտը Մեծ Հայուն, որ իր ջանասիրութեամբ եւ անձնուիրումով՝ կեանքի այդ կարճ ժամանակը բազմապատիկ աւելիով իմաստաւորեց ու արդիւնաւորեց։
Գրական-բանասիրական իր վաստակը հաւաքուած է «Մանանա», «Համով-Հոտով», «Գրոց-Բրոց», «Թորոս Աղբար», «Հնոց-Նորոց» եւ այլ անուններով տասնեակաւոր հատորներու մէջ։
Սրուանձտեանց մեծարժէք ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային մեծ դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը» գրի առնելու եւ կորուստէ փրկելու գործին մէջ։ Իրեն կը պատկանի դիւցազնավէպի առաջին գրաւոր տարբերակին մշակումը՝ «Մհերի Դուռ» խորագրով, որ հետագայ 170է աւելի գրառումներու շարքին աչքի կը զարնէ իր հայերէնի հարազատ մշակուածութեամբ ու մեր ժողովուրդի սրտէն բխող բանաստեղծական շունչով։
Թէ՛ իր ժամանակակիցներուն եւ թէ հետագայ քննադատներու վկայութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանց իր անունին կապեց կոթողական ժառանգութիւն, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ 19րդ դարավերջի հայ գրողներուն համար։
Իրմով նոր դարաշրջան բացուեցաւ աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով սկսաւ հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը եղան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։
Նոյեմբեր 17ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ իր հոգեմտաւոր ժառանգութեան շնչաւոր «հանրագիտարան»ին՝ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց անունով անմահ հայուն եւ ծննդեան տարեդարձը ու վախճանման տարելիցը միանգամայն։
Հայկական առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային-հայրենասիրական երգերն ու տենչերը Սրուանձտեանց քաղեց իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սրտին ու մտքին հնոցով մշակեց եւ յղկեց զանոնք ու, ամէնէն կարեւորը, հարազատօրէն ժառանգ յանձնեց մեր սերունդներուն։
Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (1840-1892)
Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (1840-1892). Հայոց խօսքն ու գիրը, հաւատքն ու ազատութիւնը պաշտող Մեծ Հայը Ն.