­«Գանձասար» եւ «Հայրենիք» կը շնորհաւորեն «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակը

0
88

ԽՈՆԱՐՀՈՒՄ՝ 80-ԱՄԵԱՅ ԵՐԹԻԴ

­Յու­նաս­տա­նի մեր գոր­ծըն­կեր «Ազատ Օր»-ի 80-ա­մեակը շնոր­հա­ւո­րե­լով 80 տա­րի­նե­րու ա­նոր ներդ­րու­մը սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լին, դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին համ­բե­րա­տար աշ­խա­տան­քի, գա­ղա­փա­րա­կան յե­նա­սիւ­նի ար­տա­ցո­լա­ցու­մը կը հա­մա­րենք ա­ներկ­բա­յօ­րէն։ Ող­ջու­նե­լի է, հա­կա­ռակ տի­րող դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, նոր ձե­ւա­չա­փով թեր­թին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու ո­րո­շու­մը։
­Բա­րի երթ կը մաղ­թենք թեր­թին, ա­նոր ժրա­ջան խմբագ­րա­կազ­մին, որ անց­նող տա­րի­նե­րուն յա­ջո­ղե­ցաւ լու­սա­բա­նել յու­նա­հայ բազ­մե­րես կեան­քը, պա­հել իր գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղին եւ ար­ձա­գան­գել հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան տար­բեր ե­րե­ւոյթ­նե­րու, միշտ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն քա­ղա­քա­կան, հրա­պա­րա­կագ­րա­կան թէ ազ­գա­յին տար­բեր հե­տաքրքրու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լով, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը շնչող լե­զու պա­հե­լով ու հան­րա­յին կար­ծի­քը զերծ պա­հե­լով ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէ։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէին քա­ջա­լե­րան­քով թեր­թը վճռած է շա­րու­նա­կել իր ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ, ­Դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին մէջ, նոր տես­լա­կա­նով։ ­Բա­րի երթ «Ա­զատ Օր»-ի նո­ւի­րեալ­նե­րուն։

«­Գան­ձա­սար»

***

«­Հայ­րե­նիք»-ի անձ­նա­կազմն ու խմբագ­րու­թիւ­նը, սոյն նա­մա­կով կը շնոր­հա­ւո­րէ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կը:
«Ա­զատ Օր»-ն­ ալ, Հ.Յ.Դ. ըն­տա­նի­քին մաս կազ­մող այլ թեր­թե­րու նման ե­ղած է եւ դեռ ալ պի­տի ըլ­լայ այն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, որ հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, պի­տի մնայ պատ­նէ­շի վրայ, հնչեց­նե­լով հա­յու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ձայ­նը:
80-ա­մեա­կին առ­թիւ, կը մաղ­թենք որ «Ա­զատ Օր»-ը մեծ ե­ռան­դով, նո­ւի­րու­մով եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ շա­րու­նա­կէ իր եր­թը։

­Յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով՝
­Զա­ւէն ­Թո­րի­կեան, խմբա­գիր
­­Պոս­թըն — ­Մա­սա­չու­սէց