­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 5 ­Յու­լիս 2017ին, Հ.Հ. սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րո­ւան ա­ռի­թով, Հ.Հ. ­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թեան յար­կին տակ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն:
­Ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, Հ.Հ. ­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Գէոր­գեան ըն­թեր­ցեց սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րո­ւան ա­ռի­թով Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ու­ղեր­ձը: Այ­նու­հե­տեւ՝ յայտ­նեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Հայ­րե­նիք-Ս­փիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ զար­գաց­ման գոր­ծին ներդ­րած իր ա­ւան­դին հա­մար, «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Զար­մի­նէ ­ՉիլԱ­բօ­շեան-­Պօ­ղի­կեան պար­գե­ւատ­րո­ւած է «­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նով:
Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ա­նու­նով պար­գե­ւը խմբա­գի­րին յանձ­նեց Հ.Հ. ­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սը:
­Պօ­ղի­կեան, խօսք առ­նե­լով, նախ շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րո­ւան ա­ռի­թով, ա­պա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին զինք նման պար­գե­ւի մը ար­ժա­նաց­նե­լուն հա­մար՝ ա­ւելց­նե­լով, որ նման պար­գե­ւատ­րում մը պա­տիւ է, միա­ժա­մա­նակ մղիչ ուժ՝ ա­ւե­լի աշ­խոյժ թա­փով աշ­խա­տե­լու ե՛ւ հայ­կա­կան մա­մու­լի, ե՛ւ ­Հայ­րե­նիք-Ս­փիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ծա­ռա­յող ո­լորտ­նե­րէն ներս:
Այ­նու­հե­տեւ ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, Հ.Հ. ­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սին եւ հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քա­հայ բո­լոր այն լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն կի­սե­ցին տագ­նա­պը, մնա­յուն կա­պի մէջ մնա­ցին խմբագ­րու­թեան հետ ու սա­տար հան­դի­սա­ցան ճշգրիտ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան փո­խա­նակ­ման: