­Հա­յաս­տա­նի կա­պակ­ցու­թեամբ մեր նա­խորդ յօ­դո­ւած­նե­րէն մէ­կուն մէջ ընդգ­ծած եւ եզ­րա­կա­ցու­ցած էինք, որ ­Հա­յաս­տա­նը լու­ծում­նե­րու կա­րիք ու­նե­ցող եր­կիր է, ոչ թէ զգա­ցա­կան փոր­ձար­կում­նե­րու վայր:

Երբ կը խօ­սինք լու­ծում­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, ան­մի­ջա­պէս դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւինք կա­րե­ւոր հար­ցի մը. գա­ղա­փա­րա­կան ի՞նչ հիմ­նա­ւո­րում­ներ պի­տի ու­նե­նան այդ լու­ծում­նե­րը: ­Լու­ծում տա­լը պէտք չէ նմա­նի ծա­գած հրդեհ մը պար­զա­պէս մա­րե­լու ճի­գին՝ ինչ­քան ալ անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ ա­տի­կա: Այլ՝ ստեղ­ծել հա­մա­կարգ մը, մի­ջա­վայր մը, որ հիմ­նո­ւած ու կա­ռու­ցո­ւած ըլ­լայ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ծա­գե­լիք հրդեհ­նե­րը կան­խար­գի­լող մտա­ծո­ղու­թեան վրայ:

Նախ՝ յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը

­Փաստ է, որ Խ. ­Միու­թեան փլու­զու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գը սկսաւ ան­կա­յուն ձե­ւով տա­տա­նե­լու եւ, ժա­մա­ցոյ­ցի ճօ­ճա­նա­կի նման, մէկ ծայ­րա­յե­ղու­թե­նէն գնաց միւ­սը:

Ա­րեւ­մուտ­քի ե­լեւմ­տա­կան ու տնտե­սա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը (IMF, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տուն, տնտե­սա­գի­տա­կան ամ­բիոն­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան կեդ­րոն­ներ), ինչ­պէս նաեւ անդ­րազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ա­ռի­թը պա­տեհ հա­մա­րե­լով, ան­մի­ջա­պէս ցատ­կե­ցին ու շուն­չեր­նին ա­ռին ­Մոս­կո­ւա, ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­կան ընտ­րա­նիին «սոր­վեց­նե­լու», թէ ի­րենց եր­կի­րին տնտե­սու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս պէտք է կազ­մա­կեր­պեն: Այս ներ­խու­ժու­մին տուն տո­ւող պատ­ճա­ռը ոչ թէ ­Ռու­սիան տնտե­սա­պէս ոտ­քի կանգ­նեց­նելն էր, այլ՝ մա­քուր հա­յե­րէ­նով, զայն կո­ղոպ­տե­լը: Ի վեր­ջոյ, ­Ռու­սիոյ մէջ եւ ամ­բողջ Խ. ­Միու­թեան տա­րած­քին կան ոչ միայն հում նիւ­թե­րու անս­պառ պա­շար­ներ (քա­րիւղ, կազ, թան­կա­գին մե­տաղ­ներ), այլ նաեւ գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի պատ­րաս­տո­ւած մար­դուժ: Այս վեր­ջի­նը Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար պատ­րաս­տի մարդ­կա­յին դրա­մագ­լուխ էր, զոր կա­րե­լի էր օգ­տա­գոր­ծել: Ի վեր­ջոյ, գի­տա­կան մաս­նա­գէտ մը, գիտ­նա­կան մը «ար­տադ­րե­լու» հա­մար, խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գը (ինչ­պէս ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պո­ւած եր­կիր) մեծ ներդ­րում­ներ ը­րած էր: ­Հի­մա, Ա­րեւ­մուտ­քը նոյն այդ պատ­րաս­տի ու ո­րա­կեալ մարդ­կա­յին նե­րու­ժը շա­հա­գոր­ծե­լու պա­տե­հու­թիւ­նը ու­նէր՝ զա­նոնք հրա­պու­րե­լով ա­րեւմ­տեան աշ­խա­տա­վար­ձով:

Ա­րեւ­մուտ­քը եւ ­Ռու­սիոյ ղե­կա­վար ընտ­րա­նին այս վար­քա­գի­ծը փոր­ձե­ցին ծա­խել իբ­րեւ «­Շոք թե­րա­փի» (Ցն­ցու­մա­յին դար­մա­նում): ­Սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ռուս ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին ին­կաւ միայն աղ­քա­տաց­ման «շոք»ը, իսկ քա­նի մը հա­րիւր հո­գիի ալ՝ կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մի­լիո­նա­տէր ու մի­լիա­ռա­տէր դառ­նա­լու «թե­րա­փի»ն:

­Մէկ խօս­քով՝ ­Ռու­սիոյ նախ­կին խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գը ոս­տում կա­տա­րեց դէ­պի վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թիւն, ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու, որ ա­կա­նա­պա­տո­ւած դաշտ մը կը մտնէր: Ել­ցի­նի ամ­բողջ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, գրե­թէ տաս­նա­մեակ մը, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Ռու­սիոյ մէջ Ա­րեւ­մուտ­քի սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց բնա­կա­նա­բար ըն­կե­րա­ցաւ նո­րա­յայտ «օ­լի­կարք»նե­րու խա­ւը, որ այ­սօր տէր է ան­հա­շիւ հարս­տու­թեան:

Այս գոր­ծըն­թա­ցէն զերծ չմնաց ­Հա­յաս­տա­նը՝ այն ի­մաս­տով, որ անխ­նայ սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ւե­ցան պե­տա­կան ինչ­քե­րը՝ գոր­ծա­րան­ներ, հան­քեր, վա­րե­լա­հող, են­թա­կա­ռոյց (հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­ներ, ջու­րի, կո­յու­ղիի, կա­պի ցան­ցեր եւ այլն): ­Հա­յաս­տա­նի մէջ այս գոր­ծըն­թա­ցին հե­տե­ւանք­նե­րէն մէկն ալ նոյն այդ վե­րը նշո­ւած «օ­լի­կարք» խա­ւին ծնունդն էր: ­Մեր ժո­ղո­վուր­դին մնաց աղ­քա­տաց­ման «շոք»ը:

­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարդ էր նաեւ այն պատ­ճա­ռով, որ այս բո­լո­րը տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րու տակ: Այ­սինքն՝ սե­փա­կա­նաշ­նոր­հու­մը (ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ հան­րա­յին ինչ­քի իւ­րա­ցու­մը, լայն չա­փով) կ­՛ընդգր­կէր նաե՛ւ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող բնա­գա­ւառ­ներ:

­Մէկ խօս­քով՝ ­Ռու­սիոյ մէջ գոր­ծած «ճօ­ճա­նա­կը» իր ա­ւե­րը գոր­ծեց նաե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Հե­տե­ւա­բար, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րուն ար­մատ­նե­րը կ­՛եր­կա­րին մին­չեւ այդ օ­րե­րը, երբ հի­նի փլու­զու­մէն ետք, նո­րին հիմ­քե­րը չմտա­ծո­ւած ձե­ւով դրո­ւե­ցան՝ պար­զա­պէս օ­րո­ւան, այդ պա­հու խնդիր­նե­րը «հլը հի­մի ա­նենք»ի մօ­տե­ցու­մով:

­Գա­ղա­փա­րա­կան հէն­քի բա­ցա­կա­յու­թիւն

Մէկ­դի դնե­լով նախ­կին խորհր­դա­յին միւս եր­կիր­նե­րու պա­րա­գան, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ այս բո­լո­րը տե­ղի ու­նե­ցան ան­տե­սե­լով գա­ղա­փա­րա­կան վի­ճար­կու­մը: Ի­րե­րա­յա­ջորդ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը (ըլ­լա՛յ Լ.Տ.Պ.ի, ըլ­լա՛յ Ռ. ­Քո­չա­րեա­նի եւ ըլ­լայ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի) ոչ մէկ ա­տեն գա­ղա­փա­րա­կան քննար­կում­նե­րու դաշտ ստեղ­ծե­ցին. ոչ մէկ ա­տեն փոր­ձե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան վէ­ճի մը բե­րե­լիք բիւ­րե­ղա­ցու­մին վրայ հիմ­նել երկ­րի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան եւ ար­տա­քին վար­քա­գի­ծը:

Այս­պէս, Լ.Տ.Պ.ի օ­րե­րու իշ­խա­նու­թիւ­նը որ­դեգ­րած էր այդ օ­րե­րու ռու­սա­կա­նին նմա­նո­ղու­թեամբ ա­զա­տա­կան վար­քա­գիծ մը, շատ ա­ւե­լի մօտ՝ ըն­կե­րա­յին տա­րո­ւի­նիզ­մին:

­Քո­չա­րեա­նի մօ­տե­ցու­մը քիչ մը ա­ւե­լի խե­լա­միտ ե­ղաւ: Ինք զգաց անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ու­ժեղ մի­ջին դա­սա­կար­գի մը եւ փոր­ձեց երկ­րի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ըն­թաց­քին մէջ նե­րառ­նել այն­պի­սի ուղ­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք նպաս­տէին մի­ջին խա­ւի ստեղ­ծու­մին եւ ու­ժե­ղա­ցու­մին: Այս փոր­ձը թէեւ տո­ւաւ ո­րոշ ար­դիւնք, սա­կայն ա­տի­կա ե­ղաւ սահ­մա­նա­փակ, ո­րով­հե­տեւ «ներ­քին կար­գով» ստեղ­ծո­ւած մե­նաշ­նորհ­նե­րը շու­տով խեղ­դե­ցին փոքր ու մի­ջին գոր­ծա­րա­րու­թեան մի­ջա­վայ­րը, ստեղ­ծե­լով ըն­կե­րա­յին ար­դա­րա­ցի դժգո­հու­թիւն­ներ:

­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի գա­լը գրե­թէ զու­գա­դի­պե­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­լեւմ­տա­կան տագ­նա­պին, որ ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին ա­ւե­լի բար­դա­ցուց կա­ցու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ երկ­րի կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը ի՛նք ար­դէն սկսած էր փա­կու­ղի մտնե­լու:

­Միայն ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն էր, որ իր քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րով եւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին իր հրա­պա­րա­կած «փլաթ­ֆորմ­ներ»ով՝ ջա­տա­գո­վը հան­դի­սա­ցաւ երկ­րի բա­րիք­նե­րու եւ ե­կա­մուտ­նե­րու ար­դար բաշ­խու­մի գա­ղա­փա­րին, զայն զու­գոր­դե­լով կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ար­դի ըմբռ­նում­նե­րուն հետ, ան­ձի իշ­խա­նու­թե­նէն հա­ւա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան անց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ընդգ­ծե­լով:

­Սա­կայն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան այս ճի­գե­րը ա­պար­դիւն ան­ցան: Ա­պար­դիւն ան­ցան, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կին գտնո­ւող ի­րե­րա­յա­ջորդ ու­ժե­րը չու­նէին գա­ղա­փա­րա­կան ու­րոյն մտա­ծո­ղու­թիւն. չու­նէին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն:

Հ.Հ.Շ.ի «գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն»ը կը կա­յա­նար քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ա­րեւմ­տա­մէտ ուղ­ղու­թեան հե­տե­ւե­լու եւ տնտե­սա­պէս Ա­րեւ­մուտ­քի նոր-ա­զա­տա­կա­նու­թեան կառ­քին լծո­ւե­լու մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ: ­Նաեւ՝ այդ շար­ժու­մին հա­մար ­Հա­յաս­տա­նը 30.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր­նոց եր­կիրն էր ու վերջ: ­Թուր­քիա­յէն ի՞նչ պա­հանջ, ի՞նչ ի­րա­ւունք… ­Կար­ծէք ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տա­կի վե­րա­ծո­ւած էր «բո­լոր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ» ար­դէն իսկ դա­տարկ կար­գա­խօ­սը:

­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւս զուրկ է գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէ: ­Դա­տարկ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ են «մենք Նժ­դե­հի ժա­ռան­գորդ­ներն ենք»ի ի­մաս­տով ե­ղած պնդում­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ոչ մէկ ա­տեն տե­սած ենք գա­ղա­փա­րա­կան-տե­սա­բա­նա­կան լուրջ աշ­խա­տանք մը, որ ծնուն­դը ըլ­լար ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր կամ «գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան» շրջա­նակ­նե­րէն: ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի գոր­ծե­րու վատ տե­սա­կի ընտ­րո­վի հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը եր­բեք փաստ չի կրնար ըլ­լալ Հ.Հ.Կ.ի գա­ղա­փա­րա­կա­նին:

Ն­մա­նա­տիպ են մնա­ցեալ­ներն ալ. այ­սինքն՝ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թե­նէ զուրկ են ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող (կամ թուղ­թի վրայ) մնա­ցեալ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, բա­ցի ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թե­նէն, որ այն­քան լու­սանց­քա­յին է, որ­քան վե­րոն­շեալ «մնա­ցեալ­նե­րը»:

Այն­պէս որ, մեր դի­տար­կու­մը շա­տե­րուն հա­ճե­լի ըլ­լայ կամ ոչ, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ յատ­կա­պէս գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէ՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն զատ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­ցեալ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, կա­րե­լի է ը­սել, շա­հակ­ցա­կան խմբա­ւո­րում­ներ են կամ ան­հատ­նե­րու ա­ռանց­քին շուրջ դար­ձող նեղ շրջա­նակ­ներ:

Դժ­բախ­տու­թիւն է ան­շուշտ այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ գա­ղա­փա­րա­կան «բա­խում»ի, բա­նա­վէ­ճի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը տո­ւեալ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը զրկէ ա­ռողջ զար­գա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն եւ կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ լճա­ցու­մի: ­Քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է, սա­կայն նոյն­քան եւ ա­ւե­լի անհ­րա­ժեշտ է գա­ղա­փա­րա­կան հէն­քի վրայ կա­ռու­ցո­ւած քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ գա­ղա­փար­նե­րու բա­խու­մէն է, որ լա­ւա­գոյն լու­ծում­նե­րը կրնան ծնիլ: Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին գիւ­տը չէ սա: Այս մէ­կը տիե­զե­րա­կան ճշմար­տու­թիւն է:

Ներ­կայ դրու­թեամբ…

Կր­նայ ա­ռար­կո­ւիլ, որ տե­սէ՛ք, նոր վար­չա­պետ մը ե­կաւ, որ հե­տա­մուտ է վար­չատն­տե­սա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու: Այս պնդու­մը ը­նող­նե­րուն կ­՛ու­զենք բա­ցատ­րել, պահ մը ըն­դու­նե­լով հան­դերձ նոր վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի վար­չա­կան կա­ռա­վար­ման կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, մե­զի հա­մար հար­ցա­կան է, թէ ի՞նչ է իր մօ­տե­ցու­մը երկ­րի քա­ղա­քա­կան դրո­ւած­քին, այլ մա­նա­ւանդ՝ օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան խնդի­րին նկատ­մամբ: ­Նոր վար­չա­պե­տը կամ­քը պի­տի ու­նե­նա՞յ զսպե­լու այն բա­ցա­յայտ ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վկա­նե­րը ե­ղած ենք եր­կար ա­տե­նէ ի վեր:

­Բա­րա­ցու­ցա­կան օ­րի­նակ մը. կ­՛ու­զենք տես­նել վար­չա­պետ մը, որ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զին յանձ­նա­րա­րէ՝ ան­մի­ջա­պէս լծո­ւիլ Պ­ռո­շեա­նի գիւ­ղա­պետ Հ­րաչ ­Մու­րա­դեա­նի օր ցե­րե­կով սպա­նու­թեան խնդի­րի բա­ցա­յայ­տու­մին: ­Սա սոսկ ան­հա­տի մը վե­րա­բե­րող խնդիր չէ. սա օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան խնդիր ըլ­լա­լով՝ ուղ­ղա­կի կ­՛առն­չո­ւի պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րուն: Այն­պէս որ, պա­նա­նի նե­րա­ծու­մի մե­նաշ­նոր­հը ջնջե­լուն չափ ու ատ­կէ շա՛տ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը կեան­քի, փաս­տի վե­րա­ծե­լու վար­քա­գի­ծը:

­Մեր այս հար­ցադ­րում­նե­րը յա­ւե­լեալ վկա­յու­թիւն­ներն են երկ­րէն ներս գա­ղա­փա­րա­կան դաշ­տի բա­ցա­կա­յու­թեան ու այդ պա­րա­պը լեց­նե­լու  անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հա­մո­զու­մով՝ ա­սոր մէջ կը կա­յա­նայ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

­Ճիշդ է, անց­նող տա­րի­նե­րուն, զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծում­ներ յա­ջող­ցու­ցած դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մը ստա­ցած են ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րէն: Այ­սօր եւս, երկ­րի մար­զե­րուն հա­ւա­սա­րա­չափ զար­գա­ցու­մի, երկ­րի բնա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը կեն­սո­լոր­տի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ու խե­լա­միտ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լու, ինչ­պէս նաեւ կրթա­կան ո­լոր­տը թէ՛ վար­չա­կան եւ թէ բո­վան­դա­կա­յին ի­մաս­տով բա­րե­կար­գե­լու վար­քա­գիծ­նե­րը ի­րենց ներշն­չու­մը կը ստա­նան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թե­նէն, ա­նոր ծրագ­րա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րէն:

­Ճիշդ է, հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու վտան­գո­ւե­լու օ­րե­րուն (1988էն ի վեր), ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­մա­ւոր­նե­րու խիտ ներ­կա­յու­թիւ­նը եւս ար­դիւնքն է ա­նոր դա­ւա­նած գա­ղա­փա­րա­կան սկզբունք­նե­րուն: ­Վեր­ջերս կազ­մո­ւած պա­հես­տա­զօր­քը եւս, ոչ միայն նոյն ա­կէն կը խմէ իր ջու­րը, այ­լեւ առն­չո­ւած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան էու­թեանն իսկ հետ, մաս կը կազ­մէ ա­տոր:

­Մէկ խօս­քով՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր դա­ւա­նած ըն­կեր­վա­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ սկզբունք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­սոնց­մէ բխած աշ­խար­հըն­կա­լու­մը ու ա­տոնց հէն­քին վրայ հզօր ու ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տան ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քը ժո­ղովր­դայ­նաց­նե­լու խնդիր ու­նի:

­Մե­զի հա­մար մեծ մար­տահ­րա­ւէր է նոյն այս գա­ղա­փա­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը ժո­ղովր­դա­յին լայն խա­ւե­րուն հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու, բա­ցատ­րե­լու աշ­խա­տան­քը: ­Տար­բեր խօս­քով՝ գա­ղա­փար­նե­րու դաշ­տի դա­տար­կու­թիւ­նը լեց­նե­լու խնդիր ու­նինք: Խն­դիր մը, որ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հա­մո­զու­մով, կի­սատ-պռատ մօ­տե­ցում չի հան­դուր­ժեր: