Պոլ­սա­հայ հա­մայն­քը նշած է ­Գալ­ֆա­յեան հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադր­ման 150ա­մեա­կը,- կը յայտ­նէ «Ա­կօս»:
­Ձեռ­նար­կի ժա­մա­նակ վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը ներ­կա­յա­ցած են հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րով, ո­րոնք կը պատ­կա­նին պոլ­սա­հայ ո­ճա­բան ­Ժու­լիա ­Մութ­լո­ւի հա­ւա­քա­ծո­ւին. հա­ւա­քա­ծուն նա­խա­պէս ցու­ցադ­րո­ւած է նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւած է նաեւ ­Գալ­ֆա­յեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադր­ման ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին պատ­մող յա­տուկ տե­սա­նիւթ մը:
«Այ­սօր ­Գալ­ֆա­յեա­նը միակ վար­ժա­րանն է, որ բա­ցի պոլ­սա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րէն` կ­՛ըն­դու­նի Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր ծայ­րե­րէ հա­սած բազ­մա­թիւ հայ ե­րե­խա­ներ, իբ­րեւ գի­շե­րօ­թիկ դպրոց: ­Գալ­ֆա­յեա­նը ա­նոնց հա­մար ի­րենց հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ լե­զո­ւի բա­ցա­յայտ­ման բոյնն է»,- «­Թերթ.am»ի փո­խանց­մամբ՝ իր խօս­քին մէջ նշած է վար­ժա­րա­նի ման­կա­տան հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ ­Դիա­նա ­Քամ­փա­րո­սեան:
­Վար­ժա­րա­նը հիմ­նադ­րո­ւած է ­Ներ­սէս վար­ժա­պե­տի եւ Սր­բու­հի ­Գալ­ֆա­յեան մայ­րա­պե­տի ջան­քե­րով, ինչ­պէս Կ. ­Պոլ­սի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի ար­խիւ­նե­րուն մէջ կը նշո­ւի` հիմ­նադ­րո­ւած է «հայ որ­բե­րու կրթու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար»:
­Գալ­ֆա­յեան վար­ժա­րա­նը Կ. ­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քին պատ­կա­նող 4 հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է` ­Սուրբ Փր­կիչ հի­ւան­դա­նո­ցի, ­Գա­րա­կէօ­զեան եւ Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու հետ միա­սին (­Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող միւս 13 հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը մաս­նա­ւոր են):
2000ա­կան­նե­րու սկիզ­բը, երբ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ, ուր կը գտնո­ւի ­Գալ­ֆա­յեան վար­ժա­րա­նը, հայ հա­մայն­քը ա­ւե­լիով նօս­րա­ցաւ, ո­րո­շո­ւե­ցաւ, որ թա­ղա­մա­սի չորս հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է ­Գալ­ֆա­յեա­նի դե­րը, եւ Ս­կիւ­տա­րի ­Ներ­սէ­սեան, Եր­մո­նեան, ­Սե­միր­ճեան վար­ժա­րան­նե­րու փա­կո­ւե­լէն ետք, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան ­Գալ­ֆա­յեան: Սա­կայն, քա­նի որ ­Գալ­ֆա­յեան վար­ժա­րա­նը ու­նէր ոչ այն­քան լաւ շէնք, վար­ժա­րա­նի ամ­բողջ անձ­նա­կազ­մը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ յայտ­նի ­Բա­լեան ըն­տա­նի­քի կա­ռու­ցած ­Սե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը՝ պահ­պա­նե­լով ­Գալ­ֆա­յեան ա­նու­նը: