­Հա­կա­ռակ Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի ար­գի­լում­նե­րուն, ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ շրջա­նի մէջ ապ­րող կարգ մը հայ­րե­նա­կից­ներ, Ուր­բաթ՝ 24 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տուն կարճ, հա­ւաք մը կա­տա­րե­ցին քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած խաչ­քա­րին առ­ջեւ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լոս։
Ա­նոնք, փոքր մո­մե­րով կազ­մե­ցին 105 թի­ւը եւ յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին, յար­գե­լու հա­մար մեր 1,5 մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու ան­մառ յի­շա­տա­կը։
Նոյն գի­շեր, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը երթ կա­տա­րե­ցին դէ­պի խաչ­քար եւ վա­րե­ցին 105 մո­մե­րը, այս­պէս ձայ­նակ­ցե­լով հա­մայն հա­յու­թեան յար­գան­քի տուր­քին։
Ն­շենք, որ ան­ցեալ ­Նո­յեմ­բե­րին կանգ­նած խաչ­քա­րը շրջա­նի հա­յու­թեան տա­րի­նե­րու ե­րա­զանքն էր, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ջան­քե­րով եւ այ­սօր, «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին, հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շող կո­թող մըն է։