Ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տա­կան կազ­մի հրա­ւէ­րին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Շա­բաթ 14 ­Յու­նո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։30-ին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, ­Նոր ­Տա­րո­ւան առ­թիւ կազ­մի ­գա­թա­յի կտրու­մին։
­Քա­հա­նայ հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րը եւ մաղ­թեց ա­նոնց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն։ Ան քա­ջա­լե­րեց սկաուտ քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն որ­պէս­զի հաս­տատ մնան միու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, լա­ւա­գոյն ձե­ւով կա­տա­րեն ի­րենց յանձ­նո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ միշտ վառ ու բարձր պա­հեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ջա­հը։
­Նոյն ե­րե­կոյ ժա­մը 7-ին, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան միու­թեան Վարիչ մարմնոյ հրա­ւէ­րին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ դար­ձեալ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, ­Նոր ­Տա­րո­ւան առ­թիւ միու­թեան գա­թա­յի կտրու­մին։
­Քա­հա­նայ հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րը եւ պա­տա­նի­նե­րուն մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն։ Ան քա­ջա­լե­րեց պա­տա­նի­նե­րուն, որ­պէս­զի ու­շադրու­թեամբ հե­տե­ւին ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ յայտ­նեց, թէ միու­թիւ­նը ու­նի իր յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ ներդ­րու­մը գա­ղու­թա­յին մեր կեան­քէն ներս։ Ո­րով­հե­տեւ պա­տա­նի­նե­րը մեր գո­յա­պայ­քա­րի ա­պա­գան կեր­տող յու­սադ­րիչ ուժն է։ Ա­պա ան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց պա­տա­նի­նե­րուն։
Ե­րեք­շաբ­թի 24 ­Յու­նո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի ­Նոր ­Տա­րո­ւան ­գա­թա­յի կտրու­մը։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին, ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։
­Վար­չու­թեան կող­մէ խնդրո­ւած էր, որ ­Տէր ­Պա­րէտ քա­հա­նայ այդ ե­րե­կոյ ներ­կա­յաց­նէ Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեանց ամ­փոփ պատ­մա­կա­նը։
­Քա­հա­նայ հայ­րը ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ եւ ար­ժե­ւո­րեց այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ 1922-ի Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք, գաղ­թա­կան հայ ժո­ղո­վուր­դը, ուր որ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, բազ­մա­պի­սի զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կա­ռու­ցեց իր ե­կե­ղե­ցին ու դպրո­ցը։ ­Քա­րա­շէն կա­ռու­ցեց Աս­տու­ծոյ տու­նը եւ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի դպրո­ցը, մինչ ինք տա­կա­ւին թի­թե­ղեայ տու­նի մէջ կ’ապ­րէր, ինչ­պէս նաեւ ճա­կա­տա­գի­րը տա­կա­ւին ա­նո­րոշ էր։
­Գա­թա­յի կտրու­մէն ետք, ­Տէր ­Պա­րէտ քա­հա­նայ շնոր­հա­ւո­րեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րը եւ մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն։ Իսկ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան մաղ­թեց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն իր մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։
­­Հա­ւա­քի ըն­թաց­քին խօսք տրուե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նին, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, յատ­կա­պէս ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քի ար­գե­լա­փակ­ման ի­րա­կա­նու­թեան տակ։ Ըն­կե­րու­հին անդրա­դար­ձաւ ա­զե­րի կեղծ բնա­պահ­պան­նե­րու ա­րարք­նե­րուն ու ա­նոնց ե­տին Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան բռնաճնշում­նե­րուն՝ ծուն­կի բե­րե­լու հա­մար Ար­ցա­խի ամ­բողջ բնակ­չու­թիւ­նը։ ­
Յա­տուկ շեշտ դրաւ ստեղ­ծուած մար­դա­սի­րա­կան ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րուն վրայ, ո­րով ա­ւե­լի քան 120.000 մարդ եւ 30.000 ե­րե­խայ կը դի­մագ­րա­ւեն սո­վի եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի կրճատ­ման լուրջ խնդիր­ներ, ո­րոնց վրայ կը բար­դո­ւի կա­զի մա­տա­կա­րար­ման խա­փա­նու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ Ան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ բարձ­րա­ձայ­նո­ւած բո­ղո­քի ա­լի­քը, զա­նա­զան ա­տեան­նե­րու դա­տա­պար­տան­քի բա­նա­ձե­ւե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին կո­չը Ատրպէյ­ճա­նին ան­յա­պաղ բա­նա­լու ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քը։

ԹՂԹԱԿԻՑ