Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «ԱՐՑԱԽ» սրահին մէջ, շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Թաղական խորհուրդը նիստ մը գումարեցին, որուն աւարտին հայր սուրբն ու ժողովականները, իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ, կատարեցին տարուան գաթայի հատումը։
Հայր սուրբը, խօսք առնելով, Նոր տարուան բարեմաղթանքներ կատարեց, նշելով եկեղեցին եւ համայնքը աշխուժ պահելու կարեւորութիւնը։ Ան անձնապէս բոլոր անդամներուն մաղթեց բարի եւ բեղուն տարի, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքէն ներս։ Նմանօրինակ մաղթանքներ արտայայտեցին նաեւ Թաղային խորհուրդի անդամները։
Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։