Շա­բաթ՝ 20 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7էն սկսեալ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեա­ն» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց միու­թեան հեր­թա­կան եւ ­Նոր ­Տա­րո­ւան անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վը, «­Հա­յաս­տա­ն» սրա­հէն ներս։ ­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը միաս­նա­բար 2018 ­Նոր ­Տա­րո­ւան գա­թան կտրե­ցին՝ ի­րա­րու բա­րե­մաղ­թանք­ներ ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լով։ ­Գա­թա­յի մէջ գտնո­ւող մե­տա­ղադ­րա­մը յայտ­նո­ւե­ցաւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ա­լեք­սիա ­Ռա­ֆա­յի­լի­տո­ւի մօտ եւ ան ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։

Այս ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեա­ն» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­լեք­սիա ­Ռա­ֆա­յի­լի­տուն՝ մաղ­թե­լով ա­նոր եր­ջա­նիկ եւ ու­րախ օ­րեր, ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։