Տարիներու սովորութեան համաձայն, Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէն Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպեց ամանորեայ գաթայի կտրում, ներկայութեամբ յոյն անձնաւորութիւններու եւ շրջանին մէջ գործող կառոյցներուն։
Ներկայ էին՝ Նիքէա-Ռենտիի քաղաքապետ Նիքոս Մարակաքիս, նախկին քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, երեսփոխաններ Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, Եորղոս Վրեթաքոս, Միխալիս Լիվանոս, Քոսթաս Քացաֆատoս եւ Նինա Քասիմաթի։
Հայկական կողմէ նշուեցաւ ներկայութիւնը շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի կազմին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչականներուն, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ու միաւորներուն, Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական եւ սկաուտական ճիւղերու վարչականներուն եւ խմբապետներուն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու տեղական վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան։
Կոմիտէին անունով բացումը կատարեց ընկ. Պօղոս Տէր Արթինեան, որ անդրադարձաւ շրջանի գործունէութեան, մասնաւորապէս կարեւորելով «Զաւարեան» կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նախկին յունահայ, այժմ արժանթինաբնակ Տիրուհի Տէր Յովսէփեանին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ վերոնորոգման լուրջ աշխատանքները կատարել շէնքին մէջ։ Ան թուեց իրագործուած նորոգումներու շարքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց յաջորդ հանգրուանի վերանորոգումներուն մասին, որոնք ծայր պիտի առնեն, ամբողջացնելու համար շէնքի նոր տեսքն ու շինարարական յաւելումները։
Յաջորդաբար, ընկ. Տէր Արթինեան իր խօսքը կեդրոնացուց Նիքէայի նախկին քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի ունեցած բազմամեայ ներդրումին ու գործնական զօրակցութեան վրայ շրջանի հայ գաղութին, նախ որպէս Ռէնտիի, ապա Նիքէայի քաղաքապետ։ Ան, Գոքինիոյ եւ շրջակայքի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին ու յաջողութիւն մաղթեց մարզպետական ոլորտէն ներս ստանձնած նոր պատասխանատուութիւններուն առնչութեամբ։
Ազգային վարչութեան ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ պատուոյ յուշանուէրի տուչութիւն պ. Իոաքիմիտիսին։ Այս առիթով, Թագւոր Յովակիմեան յետադարձ ակնարկ կատարեց Ռէնտիի քաղաքապետութեան եւ շրջանի կոմիտէի՝ մօտ քսան տարի առաջ ծայր առած գործակցութեան ու Հայաստանի Ալաւերտի քաղաքին հետ կատարուած եղբայրացման բացառիկ համաձայնագիրին։
Նախկին քաղաքապետը յուզուած իր անձին հանդէպ եղած պատիւէն, դրուատեց հայ ժողովուրդը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց անցեալէն եկող սերտ գործակցութեան համար։ Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց յատկապէս Արցախի դիմագրաւած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւը, որ կատարեց գաթայի օրհնութիւնը ու յունարէն լեզուով շնորհաւորեց պարգեւատրեալը, նաեւ ուրախութիւն յայտնեց յոյն անձնաւորութիւններու ներկայութեան առիթով։ Պաշտօնական ելոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ