Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023-ի, երեկոյեան ժամը 7։30-ին,Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի, կատարուեցաւ աւանդական գաթայի կտրում եւ գեղարուեստական յայտագիր։
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ Գոմոթինիի միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները, թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամներ, Հ.Գթ. Խաչի վարչութեան ներկայացուցիչները, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմն ու ծնողները, դպրոցի բարեկամները, հին եւ նոր աշակերտներ։
«Մեսրոպ Մաշտոց» միօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի առակներէն, նաեւ Ծննդեան նուիրուած 2 երգեր, ապա Գոմոթինիի Մշակութային միութեան «Էրեբունի» երգչախումբը ներկայացուց Ծննդեան նուիրուած 2 երգեր։
Համայնքի գծագրութեան ուսուչուհի Լիլի Մաթինեանի կողմէ գծագրուած վաղամերիկ Ճէնի Գասապեանի պատկերը, որ Մշակութային միութեան մէջ 40 տարիներ շարունակ ծառայած ատենապետուհի, լուսահոգի Ճ. Գասապեանի յիշատակին նուիրուեցաւ Մշակութային միութեան։
Յայտագիրի աւարտին, Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց, մաղթելով բոլորին առողջութիւն եւ յաջողութիւն իրենց առաքելութեան մէջ, ապա փոքրիկները դիմաւորեցին Կաղանդ Պապայ պարերով, արտասանութիւններով եւ երգերով ստացան իրենց Նոր Տարուան նուերները։
ԹՂԹԱԿԻՑ