Գաթայի կտրումը Գոմոթինիի մէջ

Գաթայի կտրումը Գոմոթինիի մէջ

0
944

­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը, ­Կի­րա­կի 4 ­Փետ­րո­ւար 2018-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:30ին, կազ­մա­կեր­պեց տա­րե­կան ­գա­թա­յի կտրու­մը ազ­գա­յին սրա­հէն ներս։ ­Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան ու ան­դամ­ներ, ­Միջ-թա­ղա­յի­նի Ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան, քա­ղա­քա­պե­տարա­նի մշա­կու­թա­յին բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Նա­թա­շա ­Լի­վե­րիա­տու եւ խա­չու­հի­ներ։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Հեր­մի­նէ ­Գույում­ճեան։ Ան, յա­նուն վար­չու­թեան, նախ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին ու շնոր­հա­ւո­րեց նոր տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րը՝ մաղ­թե­լով ա­մե­նայն բա­րիք։
Ետ­քը ­Պա­րէտ Քա­հա­նայ օրհ­նեց ու կտրեց ­գա­թան՝ փո­խան­ցելով նաեւ իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։ Իսկ օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստացաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։
Ա­պա, տիկ. ­Նէլ­լի ­Գու­յում­ճեան ներ­կա­յա­ցուց օրդ. Ան­կէ­լի­քի ­Սեր-կէն­լին։ Ան ան­ցեալ տա­րի ­Վիո­լո­կիա­յի ճիւ­ղէն ներս ա­ւար­տեց հա­մալսա­րա­նա­կան իր ու­սու­մը եւ ստա­ցաւ վկա­յա­կան։ Ա­նոր մայ­րը՝ տիկ. ­Լո­ւի­զա ­Խա­չա­տու­րեան, ժա­մա­նակ մը ե­ղած է ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ան­դամ եւ Գ­թու­թեան ­Խա­չի վար­չա­կան։
Գ­նա­հա­տե­լով օրդ. Ան­կէ­լի­քի ­Սեր­կէն­լիի վկա­յա­կա­նի ար­ժա­նացու­մը, Գ­թու­թեան ­Խա­չի վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պե­տու­հի ե­րից. ­Մա­րալ ­Խա­չե­րեան միու­թեան կող­մէ յանձ­նեց յու­շա­նո­ւէր մը։
Ետ­քը բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ տիկ. ­Նա­թա­շա ­Լի­վե­րիա­տուն, ո­րու յանձ­նո­ւե­ցաւ քա­ղա­քի թե­րաճ ե­րե­խա­նե­րու դպրո­ցին հա­մար Գ­թու­թեան ­Խա­չի կող­մէ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն մը։ ­Տիկ. ­Լի­վե­րիա­տու միա­ժա­մա­նակ տնօրէ­նու­հին է ­Գո­մո­թի­նիի վե­րոն­շեալ դպրո­ցին։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան փոքր յայ­տագ­րով հան­դէս ե­կան տիկք. ­Սուզան­նա ­Զոհ­րա­պեան ու ­Գա­յիա­նէ ­Մա­թի­նեան։ Ետ­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ սո­վո­րա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը։

ԹՂԹԱԿԻՑ