Գաբրիէլ Լազեան Հայաստանի մէջ

­­Մայք ­­Չի­լին­կի­րեան

25 Օ­գոս­տո­սին լրա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն՝ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեա­նի մա­հուան 60րդ ­տա­րե­լի­ցը։ «Ա­զատ Օր» կը հրա­տա­րա­կէ «­­Նոր Օ­րի» հիմ­նա­դի­րի եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ան­զու­գա­կան գոր­ծի­չի կեն­սագ­րու­թիւ­նը, որ­պէս նո­ւա­զա­գոյն տուրք իր բազ­մա­վաս­տակ գոր­ծու­նէու­թեան եւ յի­շա­տա­կին։

19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սուն ծա­ւա­լած ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը խո­րա­պէս կա­պուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին հետ եւ շեշ­տա­ւո­րեց ա­նոր ու­ղին մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ ­­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ հա­յու­թեան ա­մէ­նա­մեծ մա­սը կ­­՚ապ­րէր Օս­մա­նեան ­­Թուր­քիոյ տա­րած­քին, մեր ժո­ղո­վուր­դը իր ամ­բող­ջու­թեամբ պայ­քար տա­րաւ ձեռք բե­րե­լու հա­մար իր ի­րա­ւունք­նե­րը եւ դի­մադ­րեց թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ բնաջնջ­ման եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը վե­րաց­նե­լու ա­մէն ջանք։
­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րի ի­րա­գոր­ծու­մը գաղտ­նի կեր­պով սկսաւ Ե­րի­տա­սարդ ­­Թուր­քե­րուն կող­մէ 1915ի Ապ­րի­լին, ո­րոնք ի­րենց կող­քին ու­նէին դաշ­նա­կից ­­Գեր­մա­նիան։ ­­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան բնաջնջ­ման փոր­ձը, իր ա­ւե­լի քան մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րով, յա­ռաջ բե­րաւ նաեւ քաո­սա­յին վի­ճակ մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս՝ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր թրքա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հո­սանք­նե­րով դէ­պի ­­Կով­կա­սի եւ ­­Ռու­սա­հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը։ ­­Սո­վը հա­մա­տա­րած էր գաղ­թա­կան­նե­րու զան­գո­ւած­նե­րուն մէջ. ա­մէն օր սո­վէն եւ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն հա­զա­րա­ւոր մե­ռեալ­ներ կ­­՚ա­ւել­նա­յին ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու թի­ւին վրայ, մինչ տաս­նեակ հա­զար­նե­րով որբ մա­նուկ­ներ կը մնա­յին ան­տէր ու թշո­ւառ վի­ճա­կի մէջ։ ­­Սա­կայն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ցոյց տո­ւաւ անն­կուն կամք եւ կո­ռով, ու այս­պէս՝ 28 ­­Մա­յիս 1918ին, ջախ­ջա­խեց թրքա­կան զօր­քե­րը եւ ­­Հա­յաս­տա­նի մնա­ցոր­դա­ցը փրկեց։
Ե­րեք ճա­կատ­նե­րու վրայ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մը ճա­կա­տագ­րա­կան դար­ձաւ նոյ­նիքն հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան հա­մար։ ­­Հե­րո­սա­կան ու կա­տա­ղի մար­տե­րու շնոր­հիւ հա­յու­թիւ­նը փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­ներ նո­ւա­ճեց, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով հռչա­կո­ւե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թիւ­նը եւ հի­մը դրո­ւե­ցաւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­ման։ Ան­կա­խու­թիւ­նը հա­զիւ եր­կու տա­րո­ւայ կարճ կեանք մը ու­նե­ցաւ, ո­րուն պահ­պան­ման հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ իր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­թուլ կեր­պով պայ­քա­րե­ցան եւ անն­կա­րագ­րե­լի չար­չա­րանք­ներ կռե­ցին։ ­­Մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու եր­կու տա­րի­նե­րը ու­նե­ցան ան­փա­րու­նակ վախ­ճան մը, սա­կայն միա­ժա­մա­նակ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ե­ղան հա­յու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ տա­րի­նե­րուն հի­մե­րը դրո­ւե­ցան ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, հո­գեմտա­ւոր եւ բա­րո­յա­կան այն ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնց վրայ խարս­խո­ւած է այ­սօ­րո­ւան մեր նո­րան­կախ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան յա­րա­տե­ւու­մը եւ բար­գա­ւա­ճու­մը։
1920 թո­ւա­կա­նի աշ­նան, ­­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­նե­լի մէջ գտնո­ւե­ցաւ, երբ մեր եր­կի­րը պա­շա­րո­ւե­ցաւ՝ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան կող­մէն պոլ­շե­ւիկ հսկայ զօր­քե­րէն, իսկ ա­րեւ­մուտ­քէն՝ ան­գամ մը եւս թրքա­կան բա­նա­կէն։ ­­Ճա­կա­տագ­րա­կան այդ օ­րե­րուն, չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտ­րե­լով, հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եր­կի­րը յանձ­նեց հա­մայ­նա­վար ու­ժե­րուն՝ զայն փրկե­լու հա­մար թրքա­կան ճի­րան­նե­րէն։ ­­Բայց, նոյ­նիսկ այդ յանձ­նու­մը ա­նա­րիւն չան­ցաւ։ ­­Պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին ան­թիւ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու, սպան­նու­թիւն­նե­րու եւ աք­սոր­նե­րու, գլխա­տու­մի են­թար­կե­լով հայ քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ողջ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ ­­Շա­տեր կա­րո­ղա­ցան փա­խուստ տալ եւ հաս­տա­տո­ւիլ ­­Հա­յաս­տա­նէն դուրս՝ նո­րաս­տեղծ հայ­կա­կան սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րուն մէջ։
Այդ եւ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րու ո­լոր­տին մէջ, կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան, որ յի­սուն տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող իր ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, մե­ծա­պէս նպաս­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եւ ա­նոր հո­գե­ւոր զարթ­նու­մի գոր­ծին։ Ան ե­ղաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ­ման ա­ռա­ջին եւ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը, ինչ­պէս նաեւ՝ յու­նա­հայ մա­մու­լի ստեղծ­ման եւ զար­գաց­ման ա­ռա­ջին ու­ժե­րէն մին։
Ան, իր ծա­ռա­յու­թեան ոս­կի վա­տա­կը թո­ղուց հայ ժո­ղո­վուր­դին որ­պէս պարզ զի­նո­ւոր, սպայ, թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ, լրագ­րող, հան­րա­յին գոր­ծիչ, քա­ղա­քա­կան մարդ եւ մտա­ւո­րա­կան։

Գաբրիէլ Լազեան

­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան ծնաւ 10 ­­Սեպ­տեմ­բեր 1893ին, Երզն­կա­յի մէջ, բազ­ման­դամ եւ բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ Իր հօր՝ ­­Գուր­գէն ­­Լա­զեա­նի ըն­տա­նի­քը ար­դէն հաս­տա­տո­ւած էր քա­ղա­քին մէջ եր­կու սե­րունդ­ներ ա­ռաջ եւ ­­Կուր­ճեան ազ­գա­նու­նը փո­խած էր ­­Լա­զեա­նի։ 21 տա­րե­կա­նին ­­Գուր­գէն ա­մուս­նա­ցաւ ­­Զա­րու­հի ­­Ճիզ­մէ­ճեա­նի հետ եւ ու­նե­ցան չորս տղայ եւ չորս աղ­ջիկ։  Ա­ռա­ջին եր­կու զա­ւակ­նե­րը՝ ­­Գաբ­րիէ­լը եւ ­­Մի­քա­յէ­լը եր­կո­ւորեակ էին, ո­րոնց յա­ջոր­դե­ցին ­­Ռա­ֆա­յէ­լը, ­­Գէոր­գը, Հ­ռիփ­սի­մէն, ­­Գա­յեա­նէն, ­­Սա­թե­նի­կը եւ Գ­նա­րի­կը։
1895ին, ­­Գուր­գէն ­­Լա­զեան, պաշտ­պա­նե­լով հայ գիւ­ղա­ցի­նե­րու շա­հե­րը, բուռն հա­կա­մար­տու­թեան մէջ մտաւ թուրք պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու հետ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ մէկ տա­րի Երզն­կա­յի բան­տե­րուն մէջ մնա­լով, տա­րուե­ցաւ Էրզ­րու­մի դա­տա­րա­նը եւ եր­կար տա­րի­նե­րու բան­տար­կու­թեան պա­տի­ժին են­թար­կո­ւե­ցաւ։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կարճ ժա­մա­նակ մը ետք՝ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։
­­Գաբ­րիէլ իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ամ­բող­ջա­ցուց «Ս. Փր­կիչ» եւ «­­Կեդ­րո­նա­կան» վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ 1910ին ան կ­­՚ա­ւար­տէ «Եզ­նի­կեան» վար­ժա­րա­նը, ա­պա կը դառ­նայ ան­դամ ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան, իբ­րեւ դաս­տիա­րա­կիչ ու­նե­նա­լով ­­Հայ­կա­րամ ­­Տէր ­­Խա­չա­տու­րեա­նը։ Իր ան­դա­մագրու­թեան շրջա­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Ե­րիտ­թուր­քե­րու յե­ղաշր­ջու­մով եւ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով։ Իր հօր ա­ռա­ջար­կին հե­տե­ւե­լով, քննու­թիւն տալէ ետք մուտք կը գոր­ծէ Երզն­կա­յի զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րան։ ­­Յա­ջոր­դա­բար, 1913ին կ­­՚ըն­դու­նո­ւի ­­Պոլ­սոյ «­­Հար­պիէ» զի­նո­ւորա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը։

Թր­քա­կան բա­նա­կի սպայ

Ա­ռա­ջին ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի սկիզ­բին, գեր­մա­նա­ցի սպա­ներ կը ստանձ­նեն թրքա­կան զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր սպա­նե­րու կրթու­թիւ­նը։ Այլ հայ սպա­նե­րու հետ, ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան նա­խա­պէս կը փո­խադ­րո­ւի ­­Մի­խա­լի­ցի զօ­րա­կա­յա­նը, ա­պա Իզ­մի­րի ­­Մէ­նէ­մէ­նի շրջա­նը։ ­­Գեր­մա­նա­ցի ­­Բայ­ֆէր սպան, որ յայտ­նի էր իր խստու­թեան եւ բա­րո­յա­կան կե­ցո­ւած­քին հա­մար, շու­տով նշմա­րեց հայ սպա­նե­րու բա­րո­յա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը ու աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ ի­րենց իր ան­մի­ջա­կան խնամ­քին տակ ա­ռաւ։ ­­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, շատ յա­ճախ իր­մէ ու­զո­ւե­ցաւ ար­տօ­նել հայ սպա­նե­րու փո­խադրու­թիւ­նը, սա­կայն ­­Բայ­ֆէր մնաց անդր­դո­ւե­լի։ Ան ա­նոնց պա­հա­պան հրեշ­տա­կը դար­ձաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, հայ սպա­նե­րու խում­բը չու­նե­ցաւ մնա­ցեալ հայ սպա­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը, ո­րոնք չա­րա­չար աշ­խա­տե­ցան «ա­մե­լէ թամ­պու­րու» կո­չո­ւած աշ­խա­տան­քի խում­բե­րուն մէջ եւ յա­ջոր­դա­բար սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցան։ Վ­կա­յու­թեանց հա­մա­ձայն, ­­Լա­զեա­նի հայ­րը կա­ցի­նա­հար ե­ղաւ ­­Զոր­բե­րան գիւ­ղին մէջ, Եփ­րատ գէ­տի կող­քին։ Իր մայ­րը, եղ­բայր­նե­րը եւ քոյ­րե­րը մե­ռան տա­րագ­րու­թեան ճամ­բուն վրայ, իսկ ամ­բողջ գեր­դաս­տա­նը՝ ա­ւե­լի քան 70 հո­գի, ջար­դո­ւե­ցան։ ­­Գաբ­րիէլ երբ ի­մա­ցաւ այս ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը ու­զեց իր ծծնդա­վայ­րը ճամ­բոր­դել, սա­կայն ի­րեն յայտ­նե­ցին թէ այ­լեւս ի­մաստ չու­նէր հոն եր­թալ, քա­նի որ քա­ղա­քին մէջ ոչ մէկ հայ կեն­դա­նի մնա­ցած էր այ­լեւս։ ­­Նոյն ժա­մա­նա­կին, ան կը փոր­ձէ փա­խուստ տալ դէ­պի Եւ­րո­պա, սա­կայն չի յա­ջո­ղիր։
1917ին, Իզ­մի­րի մէջ կը ծա­նօ­թա­նայ եւ կը նշանուի ­­Նա­թա­լի Ի­քո­նո­մի­տո­ւի հետ, ծա­գու­մով յոյն աղ­ջիկ մը, ո­րուն ըն­տա­նի­քը եւս ճա­շա­կած էր թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան չար­չա­րանք­նե­րը։ ­­Նա­թա­լիի մայ­րը Այ­տը­նէն էր եւ հայ­րը ­­Պիթ­լի­սէն՝ շո­գե­կար­գե­րու կա­յա­նի վա­րիչ էր։ Ի­րենց պսա­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1919ին, իսկ 1924ին կը ծնի ի­րենց միակ աղ­ջի­կը՝ Այ­տան։
­­Զի­նա­դա­դա­րէն քա­նի մը ա­միս ետք, ­­Գաբ­րիէ­լի ծա­ռա­յած զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կա­տը կը փո­խադ­րո­ւի ­­Կէ­լի­պոլ, ուր 1915ին տե­ղի ու­նե­ցան կա­տա­ղի մար­տեր թրքա­կան եւ անգ­լո-ֆրան­սա­կան բա­նակ­նե­րուն մի­ջեւ։
Ո­րոշ ժա­մա­նակ յե­տոյ, ­­Գաբ­րիէլ կը վե­րա­դառ­նայ Իզ­միր եւ այլ սպա­նե­րու հետ կը հիմ­նեն «Իզ­մի­րի հայ սպա­նե­րու միու­թիւ­նը»։ ­­Նոյն ժա­մա­նա­կին կը փոր­ձէ ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղիլ, սա­կայն յա­ջո­ղու­թիւն չ­­՚ու­նե­նար, ա­պա՝ որ­պէս պաշ­տօ­նեայ կ­­՚ըն­դու­նո­ւի կեր­պա­սի գոր­ծա­րա­նի մը մէջ։

­­Հա­յոց բա­նա­կին մէջ

1919ին, ­­Նա­թա­լիի հետ իր ա­մուս­նու­թե­նէն մի քա­նի ա­միս­ներ ետք, «­­Պոլ­սոյ հայ սպա­նե­րու միու­թեան» կող­մէ լուր կը տրո­ւի ի­րեն, թէ նո­րաս­տեղծ ­­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կոչ կ­­՚ուղ­ղէ փոր­ձա­ռու սպա­նե­րուն միա­նալ հա­յոց բա­նա­կին։ Ա­ռանց երկ­րորդ մտա­ծու­մի, ­­Յա­կոբ եւ ­­Գէորգ ­­Գէոր­գեան եղ­բայր­նե­րուն հետ միա­սին, ­­Գաբ­րիէլ կը ճամ­բոր­դէ հայ­րե­նիք եւ կ­­՚ըն­դու­նո­ւի որ­պէս են­թաս­պայ՝ 4րդ ­զօ­րա­բա­նա­կի մե­քե­նա­գի­տա­կան ջո­կա­տին մէջ։
Իր ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կ­­՚ըլ­լայ դէ­պի Իգ­տիր՝ խրա­մատ­ներ բա­նա­լու եւ պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիր­քեր ստեղ­ծե­լու հա­մար։ ­­Գար­նան, օ­դի խիստ անն­պաստ պայ­ման­նե­րու տակ, Ա­րաքս գե­տի ջու­րե­րուն վրա­յէն զի­նո­ւոր­նե­րը կա­րո­ղա­ցան սար­քել շար­ժուն կա­մուրջ մը։
­­Պոլ­սե­ցի Գ­րի­գոր Ա­մի­րեան իր յու­շե­րուն մէջ այս­պէս կը գրէ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեա­նի մա­սին։
«… ­­Զօ­րա­վար ­­Սե­պուհ պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րա­րու­թե­նէն հրա­ման ա­ռաւ կա­մուրջ մը շի­նե­լու հա­մար Ա­րաքս գե­տի վրայ։ Այս աշ­խա­տան­քը կը յանձ­նէ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեա­նին։ Ան ա­մէն առ­տու կա­նուխ կը մեկ­նէր դէ­պի Իգ­տիր, որ բա­ւա­կան հե­ռու էր Ա­րաքս գե­տէն, իսկ ա­մէն ուշ գի­շեր ետ կը վե­րա­դառ­նար։ Այն ժա­մա­նա­կին, ան մաս կազ­մեց ­­Նա­խի­ջե­ւա­նի մօտ ծայր ա­ռած մար­տե­րուն։ Իր բա­ցա­ռիկ ու­ժը, իր աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը եւ հնա­րամ­տու­թիւ­նը շու­տով մէջ­տեղ ե­կան, ու այս­պէս ան դար­ձաւ զօ­րա­վար ­­Սե­պու­հի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կի­ցը։ Ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը ու­նե­նա­լու հա­մար, պէտք է նկա­տի առ­նէք թէ սնուն­դի մի­ջոց­նե­րը գրե­թէ ան­գոյ էին։ Ինչ­պէս ժո­ղո­վուր­դը կ­­՚ը­սէ, — սե­ղա­նին շուրջ կուշտ կը նստէինք եւ ա­նօ­թի ոտ­քի կ­­՚ել­լէինք…»։ 1920ի ­­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­­Նա­թա­լի ­­Լա­զեան կը հաս­նի Ե­րե­ւան եւ կը միա­նայ իր ա­մուս­նոյն՝ Ե­րե­ւա­նէն դուրս գտնո­ւող ­­Թա­զա գիւ­ղին մէջ, ուր ­­Գաբ­րիէլ պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիր­քե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն էր։

­­Հա­յաս­տա­նը պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ձեռ­քը կ­­՚իյ­նայ

­­Կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, թրքա­կան զօր­քե­րը ար­դէն գրա­ւած էին Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լը (­­Կիւմ­րի) եւ կը պատ­րաս­տո­ւէին ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման։ 2 ­­Դեկ­տեմ­բեր 1920ին, հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եր­կի­րը կը յանձ­նէ հա­մայ­նա­վար­նե­րուն եւ ­­Հա­յաս­տան կը դառ­նայ սո­վե­տա­կան տա­րածք։
Վ­րայ կը հաս­նին հա­մայ­նա­վար­նե­րուն կող­մէ նախ­կին հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ բա­նա­կի սպա­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը։ ­­Գաբ­րիէլ, շու­տով հասկ­նա­լով գա­լիք վտան­գը, կը փոր­ձէ ­­Նա­թա­լին երկ­րէն դուրս քշել։ ­­Կը յա­ջո­ղի ի­րեն հա­մար յա­տուկ հրա­ման ձեռք ձգել։ 16 ան­ձե­րու հետ միա­սին, ո­րոնք պոլ­սե­ցի­ներ եւ իզ­միր­ցի­ներ էին, ­­Նա­թա­լին կը ճամ­բոր­դէ դէ­պի Վ­րաս­տա­նի ­­Պա­թում նա­ւա­հան­գիս­տը՝ նոյն շո­գե­կար­գով, որ ար­դէն պի­տի ճամ­բոր­դէր նո­րա­կազմ սո­վե­տա­կան հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր ­­Բէկ­զա­տեան։ ­­Շո­գե­կար­գի ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար յա­տուկ մի­ջոց­ներ առ­նուած էին, քա­նի որ այդ պի­տի անց­նէր թրքա­կան զօր­քե­րու հա­կակշ­ռին տակ գտնո­ւող տա­րածք­նե­րէ։ ­­Շո­գե­կար­գը կը հաս­նի ­­Սա­նա­հին, որ այդ ժա­մա­նա­կին յայ­տա­րա­րո­ւած էր որ­պէս չէ­զոք գօ­տի, սա­կայն հոն կ­­՚ար­գի­լո­ւի ա­նոր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը։ ­­Բո­լոր ճամ­բորդ­նե­րը կը ստի­պո­ւին մէկ ամ­սո­ւայ հա­մար մնալ ի­րենց տե­ղը, ա­պա կ­­՚ո­րո­շեն ոտ­քով քա­լել դէ­պի ­­Թիֆ­լիս։ Ամ­բողջ շա­բաթ մը քա­լե­լէ ետք, կը հաս­նին քա­ղաք, սա­կայն կը ձեր­բա­կա­լուին եւ բանտ կը տա­րո­ւին։
Վ­րա­ցի­նե­րը սար­սա­փա­հար կը հե­տե­ւէին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի ­­Կով­կաս, լրջօ­րէն վե­րա­պահ էին օ­տար­նե­րուն հան­դէպ, տես­նե­լով թէ ա­մէն տեղ կը գոր­ծէին հա­մայ­նա­վար լրտես­ներ եւ գոր­ծա­կից­ներ։ ­­Բա­րի բախ­տով մը, բան­տին մէջ ծա­ռա­յող վրա­ցի սպայ մը կը լսէ ­­Նա­թա­լիի յու­նա­րէն խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ու կը յայտ­նէ թէ շու­տով ի­րեն ա­զատ կ­­՚ար­ձա­կեն։ Ան կը պա­տաս­խա­նէ «…­­Բո­լորս ալ քիչ թէ շատ յոյ­ներ ենք, չե՞ս լսէր թէ ի­րա­րու մի­ջեւ յու­նա­րէն կը խօ­սինք»։ Այս­պէս, բո­լո­րը միա­սին ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լով, կը կա­րո­ղա­նան հաս­նիլ ­­Պա­թում ու ան­կէ ետք՝ Իզ­միր։
Ան­դին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, հա­զա­րէ ա­ւե­լի հայ սպա­ներ կը ձեր­բա­կա­լո­ւին եւ ձիւ­նե­րուն մէջ ստի­պո­ղա­բար քա­լե­լով կը տա­րո­ւին դէ­պի հիւ­սի­սա­յին Ատրպէյ­ճան՝ Ակս­թա­ֆա (Ակս­թեւ) քա­ղա­քը, ա­պա ան­կէ շո­գե­կար­գով դէ­պի ­­Պա­քու։ Ի­րենց մէջ կը գտնո­ւէր նաեւ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան, որ իր բա­րե­կա­մին՝ Մկրտիչ Մկ­րեա­նի հետ, կա­րո­ղա­ցան փա­խուստ տալ եւ հաս­նիլ ­­Ռոս­տով։ Ա­պաս­տան գտան հի­ւան­դա­նո­ցի մը մէջ, ուր աշ­խա­տե­ցան պնակ մը կե­րա­կուր ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ ­­Սո­վե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ընդ­հա­նուր ներ­ման յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, ­­Գաբ­րիէլ կը վե­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւան։ ­­Հոն կը հասկ­նայ թէ վի­ճա­կը նպաս­տա­ւոր չէ ի­րեն հա­մար, քա­նի որ, ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան գրգրու­թեան պա­րա­գա­յին, ան պի­տի ըլ­լար ա­ռա­ջին զո­հե­րէն մէ­կը։ ­­Կը փախ­չի դէ­պի ­­Պա­թում, ա­պա ­­Պո­լիս ու վեր­ջա­պէս կը հաս­նի Իզ­միր, միա­նա­լու հա­մար իր տիկ­նոջ՝ ­­Նա­թա­լիին։
Շր­ջան մը կ­­՚աշ­խա­տի որ­պէս պաշ­տօ­նեայ, մին­չեւ զօ­րա­վար ­­Թոր­գո­մի ժա­մա­նու­մը Իզ­միր՝ ­­Հայ­կա­կան ­­Լե­գիո­նը կազ­մե­լու հա­մար։
­­Փոքր Ա­սիոյ ար­շա­ւան­քը ար­դէն ծա­ւա­լած էր եւ զօ­րա­վար ­­Թոր­գոմ երկ­րոդ մտա­ծու­մի ա­ռիթ չտուաւ ­­Գաբ­րիէ­լին։ Ան ան­մի­ջա­պէս մաս կազ­մեց «­­Զի­նուո­րա­կան գրաքն­նու­թեան» գրա­սե­նեա­կին, որ­պէս փոխ գնդա­պետ։
1922ի Օ­գոս­տո­սին յու­նա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին վրայ, զօ­րա­վար ­­Թոր­գոմ կը պա­տո­ւի­րէ ­­Գաբ­րիէ­լին ­­Յու­նաս­տան մեկ­նիլ, ո­րով­հե­տեւ, իր հա­ւա­նա­կան ձեր­բա­կա­լու­մէն ետք որ­պէս թրքա­կան բա­նա­կի նախ­կին սպայ, ան մա­հա­պա­տի­ժի պի­տի են­թար­կո­ւէր։ Օ­գոս­տոս 22ին, կը յա­ջո­ղի ար­տօ­նա­գիր ձեռք ձգել։ Իր կնոջ հետ կը հաս­նին ­­Բի­րէա­յի նա­ւա­հան­գիս­տը եւ սե­նեակ մը կը վար­ձեն Ա­թէն­քի «Էւ­րի­փի­տու» ճամ­բուն վրայ գտնո­ւող հիւ­րա­նո­ցի մը մէջ։

«­­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թը

1922ի ­­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին հե­տե­ւան­քով եւ Իզ­մի­րի ամ­բող­ջա­կան կո­րուս­տով, ­­Յու­նաս­տան ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ մի­լիո­նա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րով, ո­րոնց մէջ էին Իզ­մի­րէն, Ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիա­յէն եւ ­­Կի­լի­կիա­յէն ա­ւե­լի քան 100.000 հայ գաղ­թա­կան­ներ։
­­Նոյն շրջա­նին, ­­Նա­թա­լի ­­Լա­զեան օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լով գաղ­թա­կան­նե­րուն՝ ի­րենց կոր­սո­ւած հա­րա­զատ­նե­րը գտնե­լու հա­մար, իր հիւ­րա­նո­ցի սե­նեա­կէն նա­մա­կա­տան ճամ­բով ­­Պոլ­սոյ «­­Ճա­կա­տա­մարտ» թեր­թը կ­­՚ա­ռա­քէր ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող հայ գաղ­թա­կա­յան­նե­րուն։ Այն շրջա­նին, վե­րապ­րող­նե­րու եւ կո­րու­սեալ­նե­րու մա­սին ան­հա­մար ծա­նու­ցում­ներ լոյս կը տես­նէին թեր­թին մէջ։
7 ­­Դեկ­տեմ­բեր 1922ին, Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ­ներ ժո­ղով մը կը գու­մա­րեն ­­Գու­մուն­տու­րու հրա­պա­րա­կի վրայ գտնո­ւող սրճա­րա­նի մը մէջ եւ կ­­՚ո­րո­շեն դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան միա­ւոր­ներ ստեղ­ծել Ա­տի­կէի հայ­կա­կան գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն ներս։ ­­Հիմ­նա­դիր հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Ան­տոն ­­Կա­զէլ, ­­Գա­րե­գին ­­Մար­գա­րեան, Ա­րամ ­­Շի­րի­նեան եւ պա­տո­ւե­լի ­­Յա­րու­թիւն Ա­ճէ­մեան։ ­­Կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւոր դե­րը կը ստանձ­նէ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան։
1923ին, ­­Լա­զեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ան­տոն ­­Կա­զէ­լի, Ա­րամ ­­Շի­րի­նեա­նի ու ­­Պօ­ղոս Ս­վա­ճեա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ հի­մը կը դրո­ւի «­­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թին։ Խմ­բագ­րա­կան մար­մի­նը կը յա­ջո­ղի ա­պա­հո­վել ­­Պոլ­սոյ «­­Ճա­կա­տա­մարտ»էն եր­կու տուփ հայ­կա­կան տպագ­րա­կան տա­ռեր։ «­­Փե­րիք­լէուս» պո­ղո­տա­յի 16րդ ­թի­ւի շէն­քին մէջ կը վար­ցո­ւի վայր մը, ուր տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ գրա­շա­րու­թիւ­նը, իսկ տպագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կը ստանձ­նէ  ­­Փա­րաս­քե­ւաս ­­Լէո­նիս տպագ­րի­չը, որ 1896էն մին­չեւ 1901 տպեց նաեւ «­­Միու­թիւն» հայ­կա­կան թեր­թը։
­­Թեր­թի ար­տօ­նա­տէ­րը դար­ձաւ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան, որ, ըստ օ­րէն­քի, պէտք էր յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն ու­նե­նալ։ ­­Մի քա­նի յոյն սպայ բա­րե­կամ­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ ան կա­րո­ղա­ցաւ հպա­տա­կու­թիւն ձեռք ձգել։ «­­Նոր Օր»ի ա­ռա­ջին թի­ւը լոյս տե­սաւ 25 ­­Մարտ 1923ին՝ Ա­թէն­քի մէջ, նա­խա­պէս որ­պէս շա­բա­թա­թերթ։ Ա­ռա­ջին իսկ թի­ւէն, ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը ան­նա­խըն­թաց ե­ղաւ։ ­­Թեր­թը կը բաժ­նո­ւէր ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քի բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րուն մէջ։ ­­Մի քա­նի ա­միս յե­տոյ, թեր­թը դար­ձաւ եր­կօ­րեայ, իսկ 1 ­­Յու­նո­ւար 1924էն սկսեալ՝ ե­րե­կո­յեան օ­րա­թերթ, որ ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի սկիզ­բը։ Ան­կէ ետք, 1945ին, վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով ու կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ այ­սօր հան­դի­սա­նալ յու­նա­հայ գա­ղու­թի միակ օ­րա­թեր­թը։
Իր հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, թեր­թը մե­ծա­պէս նպաս­տեց կոր­սո­ւած ըն­տա­նիք­նե­րու վե­րա­միաց­ման՝ ա­մէն օր ծա­նու­ցում­ներ հրա­տա­րա­կե­լով, ինչ­պէս նաեւ ցան­կեր՝ թրքա­կան բան­տե­րէն հետզ­հե­տէ ա­զատ ար­ձա­կո­ւող հա­յե­րէ, ո­րոնք Ա­թէնք կը հաս­նէին։ Եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, «­­Նոր Օր»ին կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան տաս­նեակ գիր­քեր՝ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, վէ­պե­րու, կեն­սագ­րա­կան­նե­րու, օ­տար գոր­ծե­րու, թարգ­մա­նա­կան եւ վեր­լու­ծա­կան նիւ­թե­րով։

­­Շա­րու­նա­կու­թիւն … Ե­գիպ­տոս

1938ին, Ե­գիպ­տո­սի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 13րդ Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղո­վը, ո­րու ա­ւար­տին ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան ընտ­րո­ւե­ցաւ ­­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ շա­րու­նա­կեց վե­րընտ­րո­ւիլ մին­չեւ իր մա­հը։
1939ին, իր ըն­տա­նի­քով կը հաս­տա­տո­ւի Ե­գիպ­տոս եւ կը ստանձ­նէ «­­Յու­սա­բեր» թեր­թի խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը։ Իր ջան­քե­րով թեր­թի տպա­րա­նը կ­­՚օժ­տո­ւի ար­դիա­կան սար­քե­րով եւ իր ամ­բողջ ու­ժով կը զբա­ղի ազ­գա­յին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան հար­ցե­րով։ ­­Յա­ճա­խա­կի կեր­պով յօ­դո­ւա­ծեր կը ստո­րագրէ «­­Յու­սա­բեր»ի եւ «­­Հայ­րե­նիք»ի մէջ։
1950ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն իր ձեռ­քէն լոյս կը տես­նէ ե­ռա­հա­տոր «­­Հա­յաս­տա­նը եւ հայ­կա­կան հար­ցը» աշ­խա­տու­թիւ­նը, երկ­հա­տոր «­­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի դէմ­քեր»ը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան 60ա­մեա­կին առ­թիւ պատ­կե­րա­զարդ շքեղ ալ­պոմ մը։
­­Հա­ւա­տա­րիմ իր ծա­ռա­յած կու­սակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան, ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան հայ ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւե­րու, իղ­ձե­րու եւ պայ­քա­րի եր­գի­չը ե­ղաւ, մա­նա­ւանդ հա­յու­թեան ա­մէ­նէն դժնդակ պայ­ման­նե­րուն տակ։ Ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ իր հա­ւատ­քի ու սի­րոյ մա­սին կը վկա­յէ նոյ­նիքն իր կո­ղա­կի­ցը ­­Նա­թա­լին.- «­­Գաբ­րիէ­լին հա­մար վատ մարդ չկար։ Ո­րե­ւէ ան­գամ ան վատ խօսք չը­սաւ իր շուր­ջին­նե­րուն հա­մար, ան միշտ մար­դոց դրա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րուն մա­սին կը խօ­սէր, ժխտա­կան­նե­րուն մա­սին չէր ու­զէր ար­տա­յայ­տո­ւիլ…»
­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեա­նի կեան­քի թե­լը անս­պա­սե­լի կեր­պով կը կտրո­ւի 25 Օ­գոս­տոս 1959ին, իր յե­տին ձգե­լով իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րու մեծ ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ո­րոնք եր­կար տա­րի­նե­րու հա­մար ներշն­չե­ցին յու­նա­հայ եւ ե­գիպ­տա­հայ գա­ղութ­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը։

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

«­­Հայ­րե­նիք» ամ­սա­գիր, ­­Պոս­թըն, ­­Փետ­րո­ւար 1960:
 
«­­Յու­սա­բեր» օ­րա­թերթ, ­­Գա­հի­րէ, 26 եւ 28 Օ­գոս­տոս 1959, 4 եւ 11 ­­Սեպ­տեմ­բեր 1959:
 
«­­Յու­սա­բեր»ի բա­ցա­ռիկ հրա­տա­րա­կու­թիւն՝ հայ լրագրու­թեան 160ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­­Դեկ­տեմ­բեր 1954:
 
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թերթ, Ա­թէնք, 26 եւ 27 Օ­գոս­տոս 1959 — 1, 2 եւ 11 ­­Սեպ­տեմ­բեր 1959:
 
«­­Հայ տպագ­րու­թիւ­նը ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ», Ար­մե­նի­քա­յի հրա­տա­րա­կու­թիւն, Ա­թէնք 2009:
 
«Ա­մէ­նուն ­­Տա­րե­գիր­քը», ­­Կա­րօ ­­Գէոր­գեան, 1953 եւ 1960:
 
­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեա­նի ինք­նա­գիր եւ ցարդ չհա­րա­տա­րա­կո­ւած ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան արձանագրութիւններ:

(­­Յու­նա­րէ­նէ թարգ­մա­նեց Ք.Է.)