­Մա­յիս 10ի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան 205ա­մեա­կը ար­ժա­նա­ւոր հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը՝ ­Գաբ­րիէլ Ար­քե­պիս­կո­պոս Այ­վա­զովս­կիի։
Հ­մուտ հա­յա­գէտ, թարգ­մա­նիչ, նո­ւի­րեալ ման­կա­վարժ եւ հո­գե­ւո­րա­կան ան­խոնջ գոր­ծիչն է հան­ճա­րեղ ծո­վան­կա­րիչ ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի ա­ւագ եղ­բայր ­Գաբ­րիէ­լը, որ ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր բե­ղուն ծա­ռա­յու­թեամբ ի­մաս­տա­ւո­րեց եւ պսա­կեց ի­րեն վի­ճա­կո­ւած 68 տա­րի­նե­րու կեան­քը՝ հայ լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն պաշ­տա­մուն­քը ա­մէ­նուր տա­րա­ծե­լով։
Ա­մէն բա­նէ վեր ­Հա­ւատ­քի՛ մար­դը ե­ղաւ ­Գաբ­րիէլ Ար­քե­պիս­կո­պոս, քրիս­տո­նէա­կան աս­տո­ւա­ծա­պաշ­տու­թեան ա­նե­րեր նո­ւի­րեալ մը, որ թունդ պահ­պա­նո­ղա­կա­նի մտա­ծո­ղու­թեամբ փա­րե­ցաւ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր կո­չու­մին։ Իր հա­մո­զում­նե­րուն հա­մար բուռն պայ­քար մղեց ժա­մա­նա­կի ա­զա­տա­խոհ ու յե­ղա­փո­խա­շունչ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան դէմ եւ թի­րախ դար­ձաւ ա­նոնց փո­խա­դարձ՝ նոյն­քան բուռն քննա­դա­տու­թեանց, յատ­կա­պէս 19րդ ­դա­րա­կէ­սի ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին կող­մէ, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ Ս­տե­փան Ոս­կա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ա­զա­տա­խոհ գրող­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ։
­Պահ­պա­նո­ղա­կան իր աշ­խար­հա­յեաց­քի հիմ­քին միշտ ար­մա­տա­ւոր եւ հաս­տա­բուն պա­հեց հա­ւատ­քի ու պաշ­տա­մուն­քի ծա­ռը մայ­րե­նիին, հա­յոց լե­զո­ւի եւ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի ան­փո­խա­րի­նե­լիու­թեան։ Եւ բո­լո­րին ու շա­րու­նակ քա­րո­զեց՝
«­Քա­նի որ ազգ մը իր լե­զուն կը պա­հէ, թէ­պէտ եւ ու­րիշ ա­մէն ազ­գա­յին յատ­կու­թիւն­ներն ալ կորսնցնէ, ազ­գու­թիւ­նը չի կորսնց­ներ, իսկ լե­զուն մէկ­դի ձգե­լուն պէս՝ ազ­գու­թիւնն ալ խիստ շուտ կը կոր­սո­ւի»:
Ծ­նաւ 1812ի ­Մա­յիս 10ին, ­Թէո­դո­սիա (Խ­րիմ)։ ­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի գա­ւա­ռա­կան դպրո­ցին մէջ, որ­մէ ըն­թա­ցա­ւարտ՝ 1826ին ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ս. ­Ղա­զար (­Վե­նե­տիկ), Մ­խի­թա­րեան­նե­րու մօտ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Ուս­ման ա­ւար­տին, 1830ին, հո­գե­ւո­րա­կան կո­չու­մի տէր ­Գաբ­րիէ­լը միա­ցաւ Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան եւ 1834ին ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ վար­դա­պետ։
Ս. ­Ղա­զա­րի մէջ ստանձ­նեց փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան դա­սա­խօ­սի պաշ­տօն՝ միա­ժա­մա­նակ վա­րե­լով ­Միա­բա­նու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի գոր­ծե­րը։ ­Թէեւ ազ­գա­յին իր հա­մո­զում­նե­րուն բեր­մամբ այն­քան ալ հաշտ չէր ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ հետ, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Գաբ­րիէլ ­Վար­դա­պետ շու­տով դար­ձաւ ­Միա­բա­նու­թեան սիւ­նե­րէն մէ­կը։ 1842-48ին դա­սա­խօս հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Վե­նե­տի­կի ­Ռա­ֆա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը։ 1843ին հիմ­նադ­րեց եւ խմբագ­րեց (մին­չեւ 1848) ­Միա­բա­նու­թեան «­Բազ­մա­վէպ» հան­դէ­սը:
1848-56ին ե­ղաւ ­Փա­րի­զի ­Մու­րա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նը, ինչ­պէս եւ հա­յոց պատ­մու­թեան ու հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցի­չը։
­Բայց նոյն այդ շրջա­նին դա­ւա­նա­բա­նա­կան հար­ցե­րով բա­խում ու­նե­ցաւ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու հետ եւ 1856ին, գժտո­ւե­լով ա­նոնց­մէ, վե­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիին՝ մնա­լով հան­դերձ ­Փա­րի­զի մէջ։ Իր գա­ղա­փա­րա­կից­ներ Ս. ­Թէո­դո­րեա­նի եւ Ա. ­Գալ­ֆա­յեա­նի հետ, ­Փա­րի­զի մէջ, հիմ­նեց ու ղե­կա­վա­րեց ­Հայ­կա­զեան վար­ժա­րա­նը։ 1855-58ին խմբագ­րեց եւ հրա­տա­րա­կեց «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի» ամ­սա­գի­րը։
1858ին վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը եւ շու­տով նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ու ­Բե­սա­րա­բիա­յի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ։ Այդ շրջա­նին ­Թէո­դո­սիա­յի մէջ հիմ­նեց ­Խա­լի­պեան վար­ժա­րա­նը (ո­րուն տե­սու­չը ե­ղաւ 1858էն 1865), շա­րու­նա­կեց խմբագ­րել ու հրա­տա­րա­կել (մին­չեւ 1865) «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նին»։
1867ին Ս. Էջ­միած­նի մէջ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ ե­պիս­կո­պոս, իսկ 1871ին ար­ժա­նա­ցաւ ար­քե­պիս­կո­պո­սի աս­տի­ճա­նին։ 1875ին, ­Գէորգ Դ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րով նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ, իսկ եր­կու տա­րի ետք կար­գո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ։ Այդ պաշ­տօ­նին վրայ ալ, 1880ի Ապ­րիլ 8ին, ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կի վախ­ճա­նե­ցաւ ­Թիֆ­լիս։
­Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­կի հա­յա­գի­տա­կան եւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Յի­շա­տա­կե­լի են՝ «­Հա­մա­ռօտ պատ­մու­թիւն ռու­սաց» (1836), «­Պատ­մու­թիւն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան» (Ա. եւ Բ. հա­տոր, 1841), «­Նի­կոլ Ե­պիս­կո­պոս եւ պատ­մու­թիւն դար­ձին հայ­կա­զանց ­Լե­հաս­տա­նի ի կա­թո­լի­կու­թիւն» (1877), «­Պատ­մու­թիւն ­Խա­լի­պեան ու­սում­նա­րա­նին ազ­գիս հա­յոց» (1880), «­Խան­գար­մունք հայ­կա­բա­նու­թեան ի հնումն եւ ի նո­րումս» (1869), «Ուղ­ղագ­րու­թիւն լե­զո­ւիս հա­յոց» (1869), «­Նա­խակր­թանք հա­յե­րէն լե­զո­ւի…» (մաս 1-3, 1860-77), «Ըն­թեր­ցա­րան լե­զո­ւին ռու­սաց» (1862) գոր­ծե­րը։ Ու­նի կրօ­նա­կան-աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան շարք մը աշ­խա­տու­թիւն­ներ: ­Տի­րա­պե­տե­լով եւ­րո­պա­կան ու ա­րե­ւե­լեան 12 լե­զու­նե­րու՝ Գ. Այ­վա­զովս­կի իր ե­տին ձգեց թարգ­մա­նա­կան նշա­նա­կա­լի ժա­ռան­գու­թիւն։
­Հա­յա­ցու­ցած է ի­տա­լե­րէ­նէ՝ ­Սիլ­վիօ ­Բել­լի­քո­յի «­Բանտք իմ» վի­պա­կը (1853), ֆրան­սե­րէ­նէ՝ ­Յով­սէփ Տ­րո­զի «­Խորհր­դա­ծու­թիւնք»ը (1854), ռու­սե­րէ­նէ՝ Ի. Կ­ռի­լո­վի ա­ռակ­նե­րը (աշ­խար­հա­բա­րով)։ Իսկ հա­յե­րէ­նէ ի­տա­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած է ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի եւ Ա­գա­թան­գե­ղո­սի ­Պատ­մու­թիւն­նե­րը (յա­ջոր­դա­բար 1841ին եւ 1843ին)։
Ոչ միայն իր ժա­մա­նա­կին, այ­լեւ քսա­նե­րորդ դա­րուն ու մին­չեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րը, ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կի ընդ­հան­րա­պէս մե­ղադ­րո­ւած է իր պաշտ­պա­նած թունդ պահ­պա­նո­ղա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն հա­մար։
­Յատ­կա­պէս խորհր­դա­հայ պաշ­տօ­նա­կան դի­տան­կիւ­նէն՝ Գ. Այ­վա­զովս­կի կը նկա­տուէր ար­տա­յայ­տի­չը հայ կղե­րի եւ ու­նե­ւոր խա­ւե­րու շա­հե­րուն՝ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն պաշտ­պան կանգ­նե­լով ա­տե­նին տի­րող հա­սա­րա­կա­կան ու քա­ղա­քա­կան կար­գե­րուն։ Ըստ ­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նին՝ «ազ­գա­սի­րու­թեան» ու «միա­բա­նու­թեան» կո­չե­լով ազ­գը, նա դա­տա­պար­տում էր քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, ապս­տամ­բու­թիւ­նը, «անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը», յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը եւ նրանց, ով­քեր ընդ­դի­մա­նում էին «օրհ­նա­բա­նեալ տէ­րու­թեա­նը» եւ «երկ­պա­ռա­կու­թեան» հրահ­րում ազ­գը»…
­Բայց վեր­ջին շրջա­նին, հայ պահ­պա­նո­ղա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան դիր­քե­րէ կա­տա­րո­ւող վե­րար­ժե­ւո­րում­նե­րու ծի­րին մէջ, հայ­րե­նի հե­ղի­նակ­ներ սկսած են մատ­նան­շել, որ ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը խոր ար­մատ­ներ ու­նէին Գ. Այ­վա­զովս­կիի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ։ ­Դի­տել կու տան, որ ­Ցա­րիզ­մի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ­Սուլ­թա­նա­կան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց դէմ պար­բե­րա­բար բո­ղո­քած է հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան այս պահ­պա­նո­ղա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
­Բայց ա­նոր մէջ միշտ իշ­խեց այն խոր հա­մո­զու­մը, որ ըմ­բոս­տու­թեամբ եւ յե­ղա­փո­խա­կան քայ­լե­րով կը վտան­գո­ւին հա­յոց ազ­գա­յին հա­ւատն ու լե­զուն, ո­րոնք ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կիի հա­մար «հա­յօ­րէն գո­յա­տե­ւե­լու ա­մէ­նէն ա­պա­հով ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­ներն էին»՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժան բռնա­տի­րու­թեանց պայ­ման­նե­րուն տակ։
Իսկ ժա­մա­նա­կը ե­կաւ իր վճռո­րոշ տրա­մա­բա­նու­թեամբ ցոյց տա­լու, որ նոյ­նինքն այդ ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ան­խու­սա­փե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր մեր ժո­ղո­վուր­դին յե­ղա­փո­խա­կան ծա­ռա­ցու­մը։