Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան (1825-1912)

Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան (1825-1912). Հայ­կա­կան ­Թատ­րո­նի կեն­սա­տու վար­պե­տը Ն.

0
3231

­Յու­նիս 29ի այս օ­րը, 193 տա­րի ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան ա­նուն մա­նուկ մը, որ կո­չո­ւած էր ամ­բողջ կեանք մը լեց­նե­լու թա­տե­րագ­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ եւ որ իր ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պեց հայ­կա­կան թատ­րո­նին՝ ա­նոր պար­գե­ւե­լով նոր շունչ, ո­րակ ու կեն­սու­նակ ա­ւիշ։ Ս­տեղ­ծեց ­Պե­պօ եւ ­Զիմ­զի­մով ա­նուն­նե­րով բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն սահ­մա­նո­ւած ան­մահ կեր­պար­ներ, ո­րոնք մարմ­նա­ւո­րե­ցին հայ ի­րա­կա­նու­թեան ո­րո­շա­կի մէկ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին համն ու հո­տը՝ հա­յոց կեն­ցա­ղա­յին ու ըն­կե­րա­յին բար­քե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան շա­ղա­խին քննա­դա­տու­թեան ու բա­րե­փոխ­ման պատ­գա­մա­բե­րը դառ­նա­լով։
­Յատ­կա­պէս ­Պե­պո­յի կեր­պա­րին մէջ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան իր էու­թե­նէն այն­քան շունչ, յոյզ եւ միտք դրաւ, որ երբ հա­սաւ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 29 ­Մարտ 1912ի իր մա­հէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, 14 Օ­գոս­տոս 1911ին գրո­ւած իր կտա­կին մէջ պա­տո­ւի­րեց իր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն՝
«­Գե­րեզ­մա­նիս վրայ ոչ մի ար­ձան հար­կա­ւոր չէ, մի սեւ քար ու իմ մար­մի­նը։
«Վ­րան այս­պէ՛ս գրել տո­ւէք.
«­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան — ­Համ­մալ
«Ծ­նո­ւեց 1825թ. ­Յու­նի­սի 29ին
«­Վախ­ճա­նո­ւեց 191… թո­ւին։
«Ե­թէ սրտանց ու­զում էք եւ ար­ժան էք հա­մա­րում ար­ձան դնել, ա­պա այդ ար­ձա­նը իմ փո­խա­նակ ­Պե­պո­յի հա­մար կանգ­նեց­րէք՝ որ­տեղ որ յար­մար լի­նի»։
­Թէեւ ­Պե­պո­յի նիւ­թե­ղէն ար­ձա­նը կանգ­նեց­նե­լու ­Սուն­դու­կեա­նի կտա­կին ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ օ­րին, բայց «­Պե­պօ» թա­տեր­գու­թեան ա­ռա­ջին բե­մա­կա­նա­ցու­մէն՝ 1870էն սկսեալ, ի­րե­րա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու սրտին ու մտքին մէջ, իր կա­րե­ւոր տե­ղը գրա­ւեց եւ միշտ կան­գուն մնաց ո­գե­ղէն «ար­ձան»ը ­Սուն­դու­կեան-­Պե­պո­յին։
­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ­Սուն­դու­կեա­նի «­Պե­պօ»ն­ ոչ միայն բարձ­րա­դիր գա­գաթ մը նո­ւա­ճեց հայ թա­տե­րա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ, այ­լեւ թիֆ­լի­սեան կին­տո­նե­րէն իր վեր­ցու­ցած այս ինք­նա­տիպ հե­րո­սով՝ ձկնորս ­Պե­պո­յի տի­պա­րով, իւ­րո­վի յա­ւեր­ժա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­սահ­ման բա­րու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թեան պաշ­տա­մուն­քը եւ ան­կա­շառ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։
­Մա­նա­ւանդ որ իր կեան­քով ու անձ­նա­կան օ­րի­նա­կով՝ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան հա­ւա­տար­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յը իր ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րով ու ար­ժէք­նե­րով ազ­նո­ւաց­նե­լու եւ բարձ­րաց­նե­լու տե­ւա­կան ճի­գին. մէկ կող­մէ՝ հեգ­նեց եւ դա­տա­պար­տեց հա­յու ա­րատ­ներն ու յո­ռի բար­քե­րը, այլ մա­նա­ւանդ քաղ­քե­նիաց­ման եւ օ­տա­րա­մուտ ազ­դե­ցու­թեանց հե­տե­ւան­քով ա­ռա­ջա­ցած այ­լա­սե­րում­նե­րը. իսկ միւս կող­մէ՝ ան­սահ­ման գուր­գու­րան­քով փա­րե­ցաւ բա­րի, աշ­խա­տա­սէր, հպարտ եւ իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խո­րա­պէս գի­տա­կից ­Հա­յուն՝ ա­նոր ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան լիար­ժէք ինք­նա­հաս­տա­տու­մը դարձ­նե­լով իր գրա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն նպա­տա­կը։
­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան լոյս աշ­խարհ ե­կաւ թիֆ­լի­սա­հայ բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի մը մէջ, ուր խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն վրա­ցե­րէնն էր։ ­Կա­նուխ տա­րի­քէն կորսն­ցուց հայ­րը, որ յա­ջո­ղած ա­ռեւտ­րա­կան մըն էր։ ­Մայ­րը ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ իր տղուն դաս­տիա­րա­կու­թեան։ ­Մաս­նա­ւոր դա­սա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րու օգ­նու­թեամբ, ­Սուն­դու­կեան ոչ միայն հա­յե­րէ­նին տի­րա­պե­տեց, այ­լեւ՝ սոր­վե­ցաւ ֆրան­սե­րէն, ռու­սե­րէն ու ի­տա­լե­րէն։ ­Նա­խակր­թա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի բա­ցած դպրո­ցէն ներս, որ­մէ ետք յա­ճա­խեց եւ ա­ւար­տեց ­Թիֆ­լի­սի պե­տա­կան գիմ­նա­զիան։ 1846ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը, ո­րուն ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու բա­ժան­մուն­քը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց 1850ին՝ ա­րա­բե­րէ­նը, թրքե­րէ­նը եւ պարս­կե­րէ­նը գու­մա­րե­լով իր սոր­ված լե­զու­նե­րուն վրայ։
­Փե­թերս­պուր­կեան տա­րի­նե­րը վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցան թատ­րո­նի նկատ­մամբ ­Սուն­դու­կեա­նի սէրն ու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու մէջ։ Ոչ միայն յափշ­տա­կո­ւե­ցաւ ­Շէյքս­փի­րի, ­Հիւ­կո­յի եւ ­Շիլ­լէ­րի գոր­ծե­րով, այ­լեւ՝ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ու ծա­նօ­թա­ցաւ ռու­սա­կան թատ­րո­նի նո­րու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս ռուս թա­տե­րա­գիր­նե­րու գոր­ծե­րուն։
1850ին, ուս­ման ա­ւար­տին ­Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան թարգ­մա­նի պաշ­տօ­նին կո­չո­ւե­ցաւ ­Կով­կա­սի փո­խար­քա­յի գրա­սե­նեա­կին մէջ, բայց շու­տով իր գա­ղա­փար­նե­րուն հա­մար «հա­կա­ցա­րա­կան» նկա­տո­ւե­լով՝ 1854էն 1858 աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Դեր­բենտ (­Տաղս­տան)։ Աք­սո­րի ա­ւար­տին վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եւ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ մահ։ ­Պե­տա­կան պաշ­տօն ստա­ցաւ ­Կով­կա­սի Եր­կա­թու­ղա­գի­ծի վար­չու­թեան մէջ, ա­մուս­նա­ցաւ ու չորս զա­ւակ ու­նե­ցաւ եւ ապ­րե­ցաւ ա­ռանց ցնցում­նե­րու կեանք մը։ ­Բայց նաեւ հայ­կա­կան թատ­րո­նով ու թա­տեր­գու­թեամբ յա­գե­ցած եր­կար կեանք մը՝ որ հա­մակ աշ­խա­տանք եւ ե­ռանդ ե­ղաւ։
1863ին, երբ 38 տա­րե­կան էր, ­Սուն­դու­կեան գրեց իր ա­ռա­ջին թա­տեր­գու­թիւ­նը՝ «­Գի­շե­րո­ւան սապ­րը խեր է», որ շու­տով բե­մադ­րո­ւե­ցաւ եւ ա­րա­գօ­րէն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ։ Ա­ռա­ջին իր այս գոր­ծով իսկ, ­Սուն­դու­կեան յե­ղա­փո­խու­թիւն ա­ռա­ջա­ցուց թէ՛ հայ­կա­կան թատ­րո­նի խա­ղա­ցան­կը ար­դիա­կա­նաց­նե­լու եւ թէ հայ թա­տե­րագ­րու­թեան մէջ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ մշա­կում ու ոճ հան­դէս բե­րե­լու ա­ռում­նե­րով։
Ե­թէ մին­չեւ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան հայ­կա­կան թատ­րո­նը վե­րա­պա­հո­ւած էր ազ­գա­յին-պատ­մա­կան դէմ­քե­րու եւ դէպ­քե­րու նո­ւի­րո­ւած դա­սա­կան ո­ճով ող­բեր­գու­թեանց, ո­րոնք շեշ­տա­կիօ­րէն ճա­ռա­խօ­սա­կան եւ բա­րո­յա­խօ­սա­կան գրա­կա­նու­թեան կը պատ­կա­նէին, ­Սուն­դու­կեա­նով ան­ցում կա­տա­րո­ւե­ցաւ դէ­պի ի­րա­պաշտ կա­տա­կեր­գու­թիւն, որ բեմ կը հա­նէր հայ կեան­քը՝ իր շօ­շա­փե­լի տի­պար­նե­րով եւ ի­րա­կան հար­ցե­րով։
Եւ ո­րով­հե­տեւ ­Սուն­դու­կեան աշ­խա­տու­նակ գրող էր եւ քա­ջա­ծա­նօթ եւ­րո­պա­կան թատ­րո­նի հին-դա­սա­կան թէ ար­դի-նո­րա­րա­րա­կան գոր­ծե­րուն ու հո­սանք­նե­րուն, յա­ջոր­դա­բար լոյս տե­սան (քա­նի մը տա­րին մէկ) ու բե­մա­կա­նա­ցո­ւե­ցան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ի­րենց ո­րա­կով շա­րու­նա­կա­բար մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րող ­Սուն­դու­կեա­նի ի­րա­պաշտ կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րը։ ­Թէեւ 1870ին գրո­ւած եւ ձե­ռագ­րա­յին վի­ճա­կի մէջ ան­մի­ջա­պէս բե­մադ­րո­ւած «­Պե­պօ»ն, որ յետ հե­ղի­նա­կի վե­րամ­շակ­ման լոյս տե­սաւ 1876ին, հան­դի­սա­ցաւ հե­ղի­նա­կին գլուխ-գոր­ծո­ցը եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը մնաց, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Սուն­դու­կեան հայ գրա­կա­նու­թեան ժա­ռանգ ձգեց ամ­բողջ շարք մը թա­տեր­գու­թիւն­նե­րու.- «­Խա­թա­պա­լա»ն, «­Քան­դո­ւած Օ­ճախ»ը, «Է­լի մէկ զոհ»ը, «Ա­մու­սին­ներ»ը եւ մա­հո­ւան սնա­րին մէջ իր ա­ւար­տին հա­սած «­Սէր եւ Ա­զա­տու­թիւն»ը ա­մէ­նէն հռչա­կա­ւոր է­ջե­րը կը կազ­մեն ­Սուն­դու­կեա­նի թա­տե­րագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան։
Անխ­տիր իր բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ, ­Սուն­դու­կեան բեմ հա­նեց հա­րուս­տի եւ աղ­քա­տի, օ­տա­րա­մո­լու­թեան եւ հա­յե­ցիու­թեան, նիւ­թա­պաշ­տու­թեան եւ բա­րո­յախնդ­րու­թեան, հին ու նոր սե­րունդ­նե­րու եւ մտայ­նու­թեանց բա­խում­նե­րը՝ յա­տուկ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նե­լով ըն­տա­նե­կան բա­րո­յա­կա­նի անկ­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րը, դա­սա­կար­գա­յին չա­րա­շա­հու­մնե­րը եւ պճնա­սի­րու­թեան ու ցու­ցա­մո­լու­թեան ա­րատ­ներն ու խա­թա­րում­նե­րը։
­Ծի­ծաղն ու ար­ցուն­քը միա­խառ­նո­ւե­ցան ­Սուն­դու­կեա­նի գոր­ծե­րուն մէջ, ո­րոնք հան­դի­սա­տե­սին առ­ջեւ բա­ցին հայ կեան­քի ա­րատ­նե­րուն եւ այ­լա­սե­րում­նե­րուն վրայ ծի­ծա­ղե­լու, բայց միա­ժա­մա­նակ սե­փա­կան թե­րու­թեանց ու սայ­թա­քում­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու եւ ցա­ւե­լու ի­րա­պաշտ պատ­կեր­ներ։
Եւ այդ ծի­ծաղն ու ար­ցուն­քը օգ­նե­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն, որ­պէս­զի հա­ւատ­քով ու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ զի­նո­ւին՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հայ կեան­քի ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման հրա­մա­յա­կան­նե­րը։
Որ­պէս­զի ­Պե­պո­նե­րը տէր դառ­նան ի­րենց ի­րա­ւուն­քին ու ար­ժա­նա­նան ար­դա­րու­թեան, իսկ ­Զիմ­զի­մով­նե­րը ի վեր­ջոյ հա­շիւ տան ի­րենց ըն­չա­քաղ­ցու­թեան եւ չա­րա­շա­հում­նե­րուն հա­մար՝ դա­տաս­տա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւե­լով եւ ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­լով։
Եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան հան­դի­սա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան այն բա­ցա­ռիկ մե­ծու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ի­րենց կեն­դա­նու­թեան իսկ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տո­ւե­ցան եւ փա­ռա­ւո­րո­ւե­ցան։ 1888ին ­Թիֆ­լի­սի մէջ տօ­նո­ւե­ցաւ ­Սուն­դու­կեա­նի գրա­կան-ստե­ղա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 25ա­մեա­կը, իսկ յետ մա­հու, 1922ին, իր ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պե­տա­կան թատ­րո­նը։
Այդ­պէ՛ս հայ­կա­կան թատ­րո­նի կեն­սա­տու վար­պե­տի իր յա­ւեր­ժա­կան պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճեց ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեան, որ այս աշ­խար­հէն չմեկ­նած՝ իւ­րօ­րի­նակ կտակ մը գրե­լով, վի­րա­հա­յու իր բար­բա­ռով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն խրա­տեց՝
«Մ­նա՛ս բա­րով, իմ սի­րե­լի ու պաշ­տե­լի ասկ: Աս­տուծ վա­թա­նիդ ար­ժա­նէ ա­նէ»: