Կենսագրեց՝ Անտոն Կազէլ — «Ազատ Օր» 1951
Խմբագրութեան կողմէ
1 Փետրուարին կը նշենք մահուան տարելիցը յունահայ գաղութի երախտաւորներէն՝ Գրիգոր Գըյըճեանի։ Երիտասարդ հանրային եւ կուսակցական գործիչին աստղը սկսաւ փայլիլ յունահայ գաղութի կազմութեան օրերէն եւ ընդմիշտ մարեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքին մէջ, իր կեանքի թելը կտրուելով հազիւ 33 տարեկան հասակին։ Մինչեւ այն ժամանակ, Գրիգոր արդէն հասած էր իր դրոշմը ձգել հայ կեանքին մէջ, բարձրանալով մինչեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութիւնը եւ ըլլալով ամէն կողմէ փնտռուած ու յարգուած գործիչ մը։ Իր ապրած ժամանակի մտայնութիւններէն եւ ըմբռնումներէն աւելի առաջ երթալով, ծառայութեան գագաթնակէտին հասաւ ան, երբ իր անմիջական խնամքին տակ առաւ հայ երիտասարդներու ազգային եւ կուսակցական դաստիարակութիւնը, թարմ ոգիով եւ գաղափարներով սերունդներ հասցուց գաղութի հանրային կեանքին, որոնք շարունակեցին իր գործը եւ թողած աւանդը։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդաց միութիւնը իր անունով կոչեց Աթէնքի «Գրիգոր Գըյըճեան» խումբը եւ երկար տարիներու ընթացքին անոր թողած վաստակը որպէս ներշչման աղբիւր ծառայեց դաշնակցական երիտասարդներու հոգեմտային դաստիարակութեան եւ կազմաւորման մէջ։
Իր մահէն քանի մը տարի ետք, «Նոր Օր»ի եւ «Ազատ Օր»ի բազմավաստակ խմբագիր Անտոն Կազէլ կենսագրեց Գրիգոր Գըյըճեանի կեանքն ու գործը, որ 1951ին լոյս տեսաւ «Ազատ Օր»ի տպարանէն, յաւերժացնելու համար տարաբախտ Գրիգորի անմառ յիշատակը։
Մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մեծ երախտաւորի՝ Գրիգոր Գըյըճեանի նուիրական կեանքն ու գործը, որպէսզի ներկայ սերունդները ծանօթանան անոր վաստակին եւ ներշնչուին իր ծառայասիրութեան մեծութենէն։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Գրիգոր Գըյըճեան ծնած է Զմիւռնիա, 1910 Սեպտեմբեր 29ին։ Նախնական կրթութիւնը Կէօսթէբէի (Զմիռնիոյ մերձակայ արուարձան) ազգային մանկապարտէզին մէջ ստանալէ յետոյ, յաճախած է ֆրանսացի Ֆրէրներու Սէն Ժոզէֆ վարժարանը։
Փոքր Ասիոյ զինուորական աղէտին (1922), ծնողքին հետ Աթէնք հաստատուելով, փայլուն քննութեամբ ընդունուած է ֆրանսկան Լիսէ Լիոնենը, ուրկէ շրջանաւարտ եած է 1926ին, Գիտութեանց Պսակաւորի վկայականով։
Աւելի վերջ, հետեւած է Աթէնքի ֆրանսական Հնագիտութեան վարժարանի՝ ուսուցիչներու սահմանուած դասընթացքներուն եւ երկու հարիւր ուսուցիչներուն մէջ՝ երկրորդ հանդիսանալով վկայուած է։
1932ին, հելլէն կրթական նախարարութեան քննիչ յանձնախումբին առջեւ քննութիւն տալով, նոյն թուականի Փետրուար 17ին, կրթական նախարարութենէն ստացած է Ֆրանսերէն լեզուի «փրոֆէսէօր»ի վկայական։
Յունաստանի մէջ այս տիտղոսին արժանացած միակ հայն է մինչեւ այսօր։
Ամուսնացաւ 1936ին եւ մեռաւ 1943 Փետրուար 1ին։
Մարմինը ամփոփուած է Աթէնքի Ա. Գերեզմանատունը՝ ընտանեկան դամբարանին մէջ։
ԵՐԲ ՊԱՏԱՆԻ ԷՐ
Գրիգորը ճանչցայ 1918ին, երբ ութ տարեկան էր։ Չափազանց ուշիմ եւ չար պատանի, բնաւորութեամբ յամառ եւ վիճասէր։
Մանր ու նրբակազմ մարմին ունէր։ Այտերուն՝ դալուկի մօտ գոյն։ Բոցեղէն աչքեր եւ լայն ճակատ։
Դպրոցի ժամերէն դուրս, միշտ կը խաղար ու կը կատակէր շուրջիններուն հետ։
Դասերը գրեթէ չէր սերտեր կամ հազիւ հինգ վայրկեան գլուխը կը ծռէր դասագիրքին վրայ, բայց ամավերջի քնութիւններուն՝ միշտ յաջողագոյններուն մէջ էր տեղը եւ շատ անգամ առաջին։
Կը սիրէր վիճաբանիլ ծնողքին ու ազգականներուն հետ, կը հակաճառէր զարմանալի դիւրութեամբ եւ իր տկար հայերէնով, կը ջանար համոզել կամ անոնց պարտադրել իր տեսակէտները։
Աթէնք հաստատուելէ յետոյ, երկու տարի իրարմէ հեռու եղանք եւ 1924ին դարձեալ միացանք մէկ երդիքի տակ։
Այդ շրջանին ֆրանսական Լիսէն կը յաճախէր։
Պարագաներու բերումով, կտրուած հայ հաւաքականութենէն, մայրենի լեզուն կը խօսէր օտարի հնչումով։ Հազիւ կը կարդար ու կը գրէր ուղղագրական սխալներով։ Տիրացած էր յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։
1924-25 տարիներուն, «Նոր Օր» թերթին օժանդակ «խմբագիրն» էր։ Ամէն իրիկուն, երկուքս սեղանին շուրջ բոլորուած, «Էսթիա» իրիկնաթերթին վերջին լուրերը կը թարգմանէինք, որոնք լոյս կը տեսնէին «Նոր Օր»ի յաջորդ օրուան թիւին մէջ։
Գրիգոր՝ տկար էր հայերէնի մէջ, իսկ ես՝ յունարէնի։ Իր կոտրտած հայերէնով լուրերը կը թարգմանէր եւ շատ անգամ համապատասխան բառ չգտնելով, նշանակութիւնը կը բացատրէր ու ես կը շարադրէի։
Թարգմանչական այս աշխատանքի տեւողութեան, յունարէն կարդալու եւ խօսելու վարժութիւնս իրեն կը պարտիմ։
Գրիգորին համար այս հաճելի զբաղումը պատճառ եղաւ հայերէն սորվելու եւ հետաքրքրուելու քաղաքականութեամբ, միանգամայն ծանօթանալու հայ կեանքը յուզող խնդիրներով։
Իրեն հետ ունեցած ամենօրեայ շփումէն այն տպաւորութիւնը կրած էի՝ թէ հասնող սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչը կը պատրաստուէր։
Անցնող իւրաքանչիւր տարին, բան մը կ՚աւելցնէր այս տղուն արտակարգ կարողութեան վրայ։ Այդ շրջանին, շատ կը կարդար։ Ունէր՝ բաւական ճոխ գրադարան, յունարէն եւ ֆրանսերէն գիրքերով։ Կը նախասիրէր բանասիրական եւ պատմական հրատարակութիւնները։ Կ՚ուսումսասիրէր հելլենական եւ հռոմէական մշակոյթը, կը հետեւէր միջազգային գրական շարժումին՝ ֆրանսերէն պարբերաթերթերու խողովակով։
Համեստ գրադարանս՝ որ իր տրամադրութեան տակ դրած էի, աստիճանաբար զինք մօտեցուց հայ մտաւոր շարժումին։
Օտար կրթութեան եւ միջավայրին ազդեցութիւնը մասամբ չէզոքացուցին հայերէն գիրքերը, զորս կը կարդար յափշտակութեամբ: Իր պատանեկան երեւակայութիւնը մեծապէս տպաւորուած էր հայ հերոսներէն եւ վերջին յիսնամեակի յեղափոխական շարժումներէն:
Չափազանց հարցասէր ու հետաքրքիր, տեղեկութիւններ կը հաւաքէր Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի եւ բոլոր հայդուկներու կեանքին ու գործունէութեան մասին:
Որքա՜ն անհաւատալի կը թուէր իրեն Պանք Օթոմանի դէմ գործուած յարձակումը՝ խումբ մը անձնազոհ յեղափոխականներու կողմէ եւ ի՜նչ պաշտամունք ու հիացում ունէր Բաբկէն Սիւնիի հանդէպ, որուն կեանքը պիտի կենսագրէր տասնեակ մը տարիներ յետոյ, հերոսներուն նուիրուած մէկ գրքին մէջ, որ անիրագործելի մնաց պատերազմին պատճառաւ:
Հերոսներուն կեանքը ուսումնասիրելու աշխատանքի ընթացքին, իր մէջ պատրաստուեցաւ յեղափոխական տղան:
1926ին, երբ շրջանաւարտ էր, սկսաւ զբաղիլ ազգային եւ կուսակցական շարժումներով եւ երկու տարի յետոյ, աթենաբնակ եւ հայ միջավայրէն կտրուած խումբ մը երիտասարդներու հետ Դաշնակցութեան շարքերը մտաւ՝ իմ կնքահայրութեամբ:
Երդման հանդիսաւոր արարողութեան, Գրիգորին այտերը կարմրեցան, ամբողջ մարմնով կարծես կը դողար:
-Կեանքիս ամէնէն տպաւորիչ օրը եղաւ, կ’ըսէր տարիներ յետոյ: Կարծեցի թէ ուսերուս ծանր բեռ դրուեցաւ: Այդ օրը, տարիքով աւելի մեծ զգացի ինքզինքս: Բնաւորութիւնս լրջացաւ: Բայց մտավախութիւն մը կը չարչարէր զիս: Պիտի կրնայի՞ լիովին կատարել պարտականութիւններս՝ կուսակցութեան միջոցաւ՝ ազգիս հանդէպ:
Շարքային ըլլալէ յետոյ, դաշնակցական հրատարակութիւններու մոլեռանդ ընթերցող դարձաւ: Ուսումնասիրեց Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը: Չկրցաւ մարսել զայն ու գտաւ անհամապատասխան՝ կուսակցութեան ազգային-յեղափոխական գործունէութեան:
— Թերեւս իրագործելի ըլլայ Հայաստանի մէջ, ըսաւ օր մը:
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ
Բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած այս տղուն նկատմամբ, կուսակցութեան կանոնագրի յօդուածները գրեթէ անտեսուեցան:
Ըստ Կանոնագրին, Դաշնակցական պատանին կուսակցական նախակրթութիւնը պէտք է ստանայ Պատանեկան Միութեան մէջ: Շարքերէն ներս մտնելու համար, պատանին պէտք է լրացուցած ըլլայ 18 տարին եւ երդման արարողութեան, Ընդհանուր ժողովին պէտք է ներկայացուի՝ զինք մօտէն ճանչցող եւ պարկեշտութիւնը վկայող մէկէ աւելի հին ընկերներու կողմէ:
Գրիգոր ցատկեց այս պարտադրական ձեւակերպութիւններուն վրայէն: Բոլորին համարումը իր վրայ մեծ ըլլալուն, մէկ կողմ դրուեցաւ խստապահանջութիւնը եւ այդ պատճառաւ ալ, երկու տարի յետոյ, գիծէն դուրս ելաւ:
Շարքային ըլլալէ յետոյ, առաջին երկու տարիներուն, խառնուածքին մէջ զգալի պակաս էր այդ եւ այդ պակասը զինք մղեց յանդուգն, խորքին մէջ թերեւս արդար, բայց ձեւով՝ կուսակցական անգիր աւանդութիւններուն հակասող քննադատութիւններու, որոնց համար մեղադրուեցաւ եւ մեկուսացուեցաւ շարքերէն:
Իր քննադատական ոգին, անտարակոյս, կուսակցական նախանձախնդրութենէն կը ներշնչուէր, բայց կ‘անտեսէր քննադատելու իրաւունքը օգտագործելու ժամանակը եւ վայրը:
Դաշնակցութեան մէջ քննադատութիւնը ազատ է: Ամէն դաշնակցական իրաւունք ունի իր տեսակէտները ազատօրէն յայտնելու ու պաշտպանելու, միայն ժողովներու մէջ:
Գրիգոր ժամանակ չունեցաւ մարզուելու այս ուղղութեամբ եւ ինկաւ սխալներու մէջ:
Պատիժը զինք չդառնացուց: Քէն չպահեց: Կրկին կարդաց Դաշնակցութեան կանոնագիրը եւ յօդուած առ յօդուած ուսումնասիրեց: Կարդաց կուսակցութեան հիմնադիրներուն կեանքին ու գործունէութեան մասին զանազան հրատարակութիւններ եւ համոզուեցաւ պատիժին արդար ըլլալուն:
Դաշնակցութեան մէջ, օրէնքին հաւասար ուժ ունի կարգապահութիւնը: Անոր յարատեւութեան, կենսունակութեան եւ աճող առուգութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել կարգապահական ոգիին մէջ:
Առաջին տարիներուն, Գրիգորին ուշադրութենէն վրիպեցաւ այս մեծ ուժը եւ իր հասկացողութեամբ, կուսակցութեան բարիքին համար իր տեսակէտները փորձեց արժեցնել ծուռ ճամբով, բայց շուտով սթափեցաւ: Մեկուսացման տարիներուն, Գրիգոր աւելի քան դաշնակցական մնաց: Պահեց ընկերային կապերը ու աւելի եռանդով աշխատակցեցաւ դաշնակցական մամուլին:
***
1933ին պատահած ծանր դէպք մը Գրիգորը բերաւ դաշնակցական գործի առաջին գիծին վրայ:
Սինկրու գաղթակայանին մէջ սպաննուեցաւ Սարգիս Գըյըճեան: Իբրեւ ոճրագործ ու մեղսակից, վեց անմեղ դաշնակցականներ ձերբակալուեցան:
Բանտարկեալներուն վիճակը ծանրացնելու համար, հակադաշնակցական պլօքը բազմաթիւ սուտ վկաներ ներկայացուց ոստիկանական ու դատախազական իշխանութիւններուն: Յերիւրանքներով եւ զրպարտութիւններով լեցուն տեղեկագիրներով ողողուեցան Ընդհանուր Ապահովութեան դարակները:
Հակադաշնակցական պլօքը ոճիրին քաղաքական բնոյթ տալով, անոր բարոյական պատասխանատուութիւնը բեռցուց Դաշնակցութեան վզին:
Ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ անուղղակի, Դաշնակցութիւնը մատ չունէր դէպքին մէջ: Բայց, նկատելով որ հակառակորդները ոճիրը վերագրած էին անոր՝ յետին նպատակներով եւ անմեղներ ձերբակալուած էին, որոշուեցաւ դատին տէր ըլլալ եւ պաշտպանել բանտարկեալները:
Մոլորեալ ոստիկանութիւնը նոր յանցաւորներ կը փնտռէր աջ ու ձախ:
Դաշնակցութեան դէմ բացուած գռեհիկ խաչակրութիւնը դիմագրաւելու, դատական գործերը հետապնդելու եւ ոստիկանութիւնը ուղիղ ճամբու մէջ դնելու համար կուսակցական ուժերը անբաւարար էին: Մեծապէս զգալի էր յունագէտներու պակասը:
Այդ տագնապալի օրերուն, ամէն վտանգ ու վախ արհամարհելով, Գրիգոր խմբագրատուն եկաւ եւ ինքզինքը դրաւ կուսակցութեան տրամադրութեան տակ: Իր անձուիրութիւնը յուզեց շուրջինները եւ արիութիւն ներշնչեց անոնց, կարող եւ անվհատ յունագէտ գործակից մը ունենալու մխիթարանքը տալով:
Բանտարկեալներու պաշտպան փաստաբան մեթր Տամասկինոսի հետ, մօտ երկու տարի Գրիգոր գործակցեցաւ: Յունարէն լեզուով պատրաստեց Դաշնակցութեան ամփոփ պատմութիւնը, զայն իբր ահաբեկչական կուսակցութիւն ներկայացնելու հակառակորդներու պնդումները չէզոքացնելու համար:
Դատախազութեան մօտ տարած աշխատանքներու ընթացքին, վեր հանած էր Դաշնակցութեան դերը՝ հայ ազատագրական պայքարներուն մէջ: Իր տուած լուսաբանութիւններուն շնորհիւ, Դատախազութիւնը մերժեց ընդունիլ՝ դատին քաղաքական բնոյթ տալու հակառակորդներուն տեսակէտները:
Այս յաջողութիւնը չափազանց մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տեղի ունեցող հարցաքննութիւններու զարգացման վրայ եւ հարցաքննիչները երբեք կարեւորութիւն չտուին հակառակորդներու կողմէ ներկայացուած Դաշնակցութեան մասին աննպաստ տեղեկագիրներուն եւ վկայութիւններուն:
Բանտարկեալներուն անպարտութեան վճիռէն յետոյ, երբ մեթր Տամասկինոսին ներկայացանք՝ յաղթանակը եւ դատարանին առջեւ ի նպաստ Դաշնակցութեան խօսած հոյակապ ճառը շնորհաւորելու համար, համեստօրէն դիտել տուաւ.
— Ինձմէ աւելի շնորհաւորութեան արժանի է Գրիգորը, որ անգնահատելի գործակից եղաւ ինծի: Առանց անոր պատրաստած տեղեկագիրներուն, շատ դժուար պիտի ըլլար որեւէ օտար փաստաբանի համար՝ Դաշնակցութեան հարազատ դիմագիծը եւ գործունէութիւնը ներկայացնել դատաւորներուն:
Բանտարկեալներուն անպարտութեան գիշերը — երդուեալները վճիռը տուին գիշերուն ուշ ժամերուն — բազմաթիւ դաշնակցականներ եւ համակիրներ գարեջրատան մը մէջ տօնեցին արդարութեան յաղթանակը:
Բոլորին նայուածքները Գրիգորը կը փնտռէին, որ կը բացակայէր: Տակաւին լրացած չէր անոր գործը: Վճիռը կարդացուելուն, կայծակի արագութեամբ դատասրահէն մեկնելով, հեռագրատուն փութացած էր, արտասահմանի դաշնակցական թերթերուն եւ Յունաստանի կուսակցական մարմիններուն հաղորդելու բարի լուրը:
Անմեղներուն անպարտութիւնը, իր երկու տարուան չարաչար աշխատանքներուն վարձատրութիւնը եղաւ:
1934ին, կուսակցական ու հանրային ծանօթ դէմք էր: Հազիւ 24 տարեկան, միաձայնութեամբ Կեդր. կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ:
Դաշնակցութեան մէջ դիրք եւ աստիճան գրաւելը շատ դժուար է:
Ազգային ու քաղաքական կեանքի մէջ համբաւի տիրացած քանի՜ դաշնակցականներ Կոմիտէի անդամ անգամ չեն կրցած ըլլալ:
Գրիգոր տակաւին «կանոնաւոր» շարքային անգամ չէր: Իրեն կը պակսէր կուսակցական փորձառութիւնը, տարիքի հասունութիւնը եւ ազգային դաստիարակութիւնը:
Այս անհրաժեշտ ազդակներուն կարեւորութիւն չտրուեցաւ, երբ իր թեկնածութիւնը առաջարկուեցաւ Կեդր. Կոմիտէի անդամակցութեան:
Իր անձնուիրութենէն շուրջինները գինովցած էին: Ընկերները իր մէջ կը տեսնէին աշխատանքի անվհատ հերոսը եւ կազմութեան մէջ եղող դաշնակցական հմուտ մտաւորականը:
Այս մանկաշունչ տղան կարմրեցաւ իրեն եղած պատիւէն եւ երդուեցաւ կեանքը նուիրել Դաշնակցութեան:
Տարիներ շարունակ Կեդր. Կոմիտէի գանձապահ եղաւ: Գուրգուրանքով պահեց իրեն յանձնուած կուսակցական գումարները եւ ծայրայեղ նախանձնախնդրութեամբ գործածեց զանոնք կուսակցական գործերու համար:
Սովորութիւն դարձած է կուսակցական նպատակներու համար գումար տրամադրել մէկ երկու ղեկավար ընկերներու հաւանութեամբ, պայմանաւ որ հետագային յատկացումները վաւերացուին պատասխանատու մարմնին կողմէ:
Գրիգոր վերջ տուաւ այս սովորութեան եւ առանց վերին մարմնի որոշման, ոչ իսկ մէկ տրախմի կուսակցութեան գանձէն դուրս չէր հաներ, ծայրայեղ ստիպողութեան պարագային անգամ:
Իբր դաշնակցական ղեկավար, իրաւունք ունէր հպարտութիւնը պտտցնելու հայ զանգուածներուն մէջ: Փառամոլներէն չէր սակայն: Ոչ իսկ ցուցամոլ: Երեւալէ միշտ կը խուսափէր: Համեստութիւնը նկարագրին խօսուն գիծը մնաց մինչեւ իր մահը:
***
Առաջին օրէն ըմբռնեց իր առաքելութեան պատասխանատուութիւնը: Ստանձնած դերին խոր գիտակցութիւնն ունէր: Կը փափաքէր նոր շունչ դնել կազմակերպութեան մէջ, ստեղծել լաւագոյն դաշնակցական տիպարը: Իր ըմբռնումով, կատարուելիք մեծ գործ կար եւ այդ գործին պէտք էր մօտենալ նոր ոգիով, նոր մտայնութիւնով:
«Նոր»ը «հին»էն տարբեր պէտք էր ըլլար, իր հասկացողութեամբ:
Արհամարհանք չունէր հիներուն հանդէպ, որոնց տարած գործն ու աշխատանքը գնահատող էր: Բայց, չէր համակրեր անոնց միօրինակ գործելակերպին, ծայրայեղ աւանդամոլութեան, ճակատագրապաշտութեան ու մանաւանդ ընկերները դաստիարակելու հին մեթոտներուն:
— Եւրոպայի մէջ հասակ նետած սերունդը չենք կրնար դաստիարակել հին մեթոտներով: Հայրենիքին մէջ՝ հողը, բնութիւնը, միջավայրը բաւական էին հայը՝ Հայ պահելու: Մեր ժողովուրդին համար պայմանները հիմնովին փոխուեցան: Պէտք է պատրաստել գիտակից, առողջամիտ եւ արդիական ոգիով զինուած Դաշնակցականներ: Մեզի դէմ ունինք ժամանակը եւ քաղաքակրթութեան հարթիչ գլանը: Հին զէնքերով չենք կրնար պայքարիլ անոնց աւերին դէմ: Անհրաժեշտ է նոր ըմբռնում եւ նոր ոգի:
Այս խօսքերը յաճախ կը կրկնէր:
— Մեր ձեռքին մէջ դրուած է խմոր մը, կրնանք անոր տալ մեր ուզած կաղապարը, ձեւը եւ գոյնը, բաւական է որ գիտնանք զայն գործածել: Դաշնակցութեան համար մեծ հարստութիւն է դաշնակցական բանուորը եւ արհեստաւորը, որոնց հաւատքն ու բարոյական կորովը օգտագործելի ազդակներ են: Պէտք է ջանալ դաշնակցականին հոգեկան աշխարհը լուսաւորել եւ միտքը բանալ նոր հորիզոններու:
Իր համոզումները գործի վերածելով, նուիրուեցաւ դաշնակցական պատանիներու դաստիարակութեան յոգնատանջ գործին:
Հիները, աղէկ-գէշ կազմուած են: Անոնց նկարագիրը կաղապարուած է: Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել պատանիներուն, կ‘ըսէր:
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ընտրած գործը դժուար էր: Այդ շրջանին, կուսակցութեան հովանիին տակ խմբուած էին աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ պատանիներ, 14-17 տարեկան:
Անոնց դաստիարակութեան խնդրով զբաղած էին Շրջանային ժողովները եւ պատասխանատու մարմինները:
Ծրագիրներ մշակուած եւ որոշումներ տրուած էին, բայց անոնց գործադրութիւնը հանդիպած էր մեծ դժուարութիւններու, մտաւորական ուժերու պակասին պատճառաւ:
Յունահայ գաղութը ընդհանուր կերպով տառապած է մտաւորական ուժերու պակասէն: Տրամադրելի քիչ ուժերը չափէն աւելի ծանրաբեռնուած էին: Դժուար էր աւելի գործ պահանջել անոնցմէ, առանց վնասելու անոնց առողջութեան:
Պատանիներով զբաղելու Գրիգորին առաջարկը ընդունուեցաւ գոհունակութեամբ:
Ղեկավար մարմինը, մեծ մղձաւանջէ ազատած, բացառիկ լիազօրութիւններով օժտեց Գրիգորը, որուն առաջին գործը եղաւ աշխատանքը դասաւորել եւ ուղեգիծ պատրաստել:
Գիրգոր որոշեց ամէն բան այբէն սկսիլ: Պատանիներ հաւաքեց իր շուրջը, բոլորին հետ անձնական ու մտերմական կապ հաստատեց, կազմակերպեց շաբաթական դասախօսութիւններ, մեծ քանակութեամբ մատչելի գիրքեր տրամադրեց պատանիներուն, սարքեց վիճաբանական ժողովներ:
Զանազան նիւթեր տուաւ անոնց ուսումնասիրելու եւ գրաւորապէս զանոնք ներկայացնելու պատանեկան ժողովներուն, որոնց մէջ վիճաբանութեան եւ կարծիքի փոխանակութեան առարկայ եղան:
«Ինչո՞ւ դաշնակցական եղայ» նիւթին շուրջ ամիս մը դասախօսեց պատանիներուն:
Երկու տարուան տքնաջան աշխատանքէ յետոյ Դաշնակցութեան յանձնեց կենսունակ, գիտակից եւ հասուն պատանիներ, որոնք ունեցան իրենց Շրջանային ժողովները, հանդէսները եւ գեղարուեստական երեկոյթները:
Պատանիները, Գրիգորի ձեռքին տակ, աշխատանքի վարժութիւն ձեռք բերին: Զարգացան անոնց ընդունակութիւնները: Նախաձեռնութեան ոգին թռիչք առաւ անոնց մէջ: Սիրեցին գիրքերը, սկսան կարդալ լուրջ հրատարակութիւններ:
Գրիգորի աշխատանքին փառաւոր պսակումն եղաւ Կաթողիկէ հայոց վարժարանի սրահին մէջ սարքուած Հայ Գրքի Ցուցահանդէսը (25 Մարտ 1939):
Հոյակապ ձեռնարկ, որուն վրայ աւելի քան տարի մը քրտինք թափեց: Առանց չափազանցութեան, արտասահմանեան հայ իրականութեան առաջին յաջող գործն էր իր տեսակին մէջ:
Ինչպէ՜ս, այս զմայլելի տղան կրցած էր հաւաքել այդքան գիրք, հայերէն թերթերու նմոյշներ եւ անուններ:
Ցուցահանդէսը հետեւեալ բաժիններն ունէր.- պատմական, բանասիրական, աշխարհագրական, վիպական, բանաստեղծական, թատերական, կրօնական, բարոյական, կրթական, մանկավարժական, լեզուական, երաժշտական, պարբերական մամուլ:
Երբ սրահ մտանք խումբ մը աթենահայ ազգայիններու հետ, հիացքի կեցանք: Եւրոպական ճաշակ, անթերի դասաւորում, կանոնաւորութիւն եւ ծայրայեղ մաքրութիւն:
Պատանեկան միութեան անդամները, բարեկիրթ հաճոյակատարութեամբ, մեզ առաջնորդեցին բաժանմունքները եւ տեղեկութիւններ տուին թերթերու հրատարակութեան թուականներու, հրատարակիչներու եւ խմբագիրներու մասին: Հազիւ չափահաս եւ նախնական կրթութիւն ստացած այս տղաքը ուրկէ՞ սորված էին հայ մամուլի պատմութիւնը:
Մօտեցանք Գրիգորին եւ ջերմութեամբ սեղմեցինք ձեռքը:
— Կատարեալ չէ, ըսաւ ժպիտը դէմքին: Մօտ յիսուն նամակ գրեցինք արտասահմանի հայ մշակութային մարմիններուն, գիրքերու եւ թերթերու նմոյշներ եւ անուններ ուզելով: Գիտէի թէ մեզի կը պակսէին նիւթական ու թեքնիք միջոցներ, ինչպէս նաեւ մասնագիտական կարողութիւն, հայ գիրքին ու մամուլին լրիւ ու ամբողջական պատկերը տալու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Գործի ձեռնարկեցինք խանդավառութեամբ, երկու գլխաւոր նպատակով. առաջին՝ ուզեցինք պատանիները վարժեցնել երկարատեւ աշխատանքի եւ զանոնք կապել մեր մշակոյթին: Հանդէսներու եւ տօնախմբութիւններու կազմակերպումը անտարակոյս հաճելի զբաղում է անոնց համար, բայց ոչ դաստիարակիչ: Երկրորդ նպատակն է՝ ժողովուրդին ներկայացնել մեր մտաւոր կեանքին հայելին եւ անոր մէջ արծարծել հայ գիրքին հանդէպ սէր:
Այցելուներուն հետաքրքրութիւնը աւելի կեդրոնացաւ հայերէն թերթերու բաժնին վրայ:
— Մեր լրագրութիւնը, շարունակեց Գրիգոր, հայ մտաւոր կեանքին հայելին եղած է դարերու ընթացքին: Գրական գոհարներ, որոնք գիրքի ձեւին տակ տակաւին հանրութեան ներկայացուած չեն. թերթերու եւ պարբերականներու դեղնած էջերուն մէջ կը մնան: Այս բաժնին մէջ տուած ենք մօտ հազար թերթերու եւ պարբերականներու անուններ:
Գարեգին Լեւոնեան՝ «Հայոց Պարբերական Մամուլ — Լիակատար Ցուցակ Հայ Լրագրութեան, սկիզբից մինչեւ մեր օրերը» հոյակապ երկասիրութեան մէջ յիշած է 1586 հայերէն եւ 21 հայատառ թրքերէն թերթերու անուններ: Հեղինակը լիակատար անուանած է ցանկը, բայց բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերականներու անուններ կը պակսին իր գիրքին մէջ:
Վայելքի երկու ժամեր անցուցինք ցուցասրահին մէջ, որ հազարի մօտ այցելուներ եւ բարոյական ու նիւթական յաջողութիւն ունեցաւ:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՄԱՐԴԸ
Այս գլուխին տակ դժուար է ներկայացնել Գրիգորը: Կանխահաս մահը արգելք եղաւ անոր հանրային մարդու ձիրքերը եւ յատկութիւնները երեւան հանելու: Բայց այն քիչ տարիները, որ սեւ բախտը սահմանած էր իրեն, որոշապէս լոյսին կը բերեն՝ համեստ ու պարկեշտ հանրային մարդու նկարագիրը:
Ազգային պատասխանատու մարմիններու չմասնակցեցաւ, բայց ազգային իշխանութեան մը հաւասար արդիւնաւոր ու բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ, առանց աղմուկի եւ թմբկահարութեան:
Կը բնակէր հայաշատ գաղթակայաններէն հեռու, օտար միջավայրի մէջ: Ուզեց ժողովուրդին մէջ եւ ժողովուրդին հետ ըլլալ ու տեղափոխուեցաւ Տուրղութի-Ֆիքս գաղթակայանին կից շէնք մը:
— Այն օրէն՝ որ հոս փոխադրուեցանք, հիւպատոսարանի վերածուեցաւ տունը: Ամէն օր տասնեակներով կուգան ու կ՚երթան: Ճաշելու եւ հանգստանալու միջոց անգամ չեն տար, կ՚ըսէր հայրը քիչ մը դժգոհութեամբ:
Ծանօթ թէ անծանօթ, ամէն դասակարգի հայեր, անձնական, ազգային եւ կուսակցական խնդիրներու համար կը դիմէին իր խորհուրդին ու միջնորդութեան: Բոլորին գոհացում կուտար: Կը շարադրէր յունարէն աղերսագրեր, կը հետապնդէր դատական գործեր եւ կը վազէր աջ ու ձախ, մէկուն կամ միւսին խնդիրը կարգադրելու համար:
Այս բազմազան ու յոգնեցուցիչ աշխատանքները կը կատարէր իբր պարտականութիւն, առանց վարձատրութեան, շատ անգամ առողջութիւնը վտանգելու աստիճան:
Երբ իրեն դիտել կը տրուէր յոգնութիւնը չափաւորելու անհրաժեշութիւնը, ժպիտը դէմքին կ՚ըսէր.
— Ձեռքս չէ: Չեմ կրնար դուռը փակել, երբ գիտեմ թէ կրնամ օգտակար ըլլալ:
Քիչեր գիտեն հայ կաթողիկէ վարժարանին վրայ թափած քրտինքի մասին: Այցելու ուսուցիչի դերէն դուրս, վարժարանին բոլոր հոգերը ծանրացած էին ուսերուն:
Յովհ. ծ.վրդ. Կամսարական, կաթողիկէ հայոց նախկին առաջնորդը, կը սիրէր զինք անուանել «Մեր անխոնջ գործակատարը»:
Գրիգորին նուիրեալ ծառայութիւնները ոչ միայն մոռցուեցան, այլեւ վարձատրուեցան ապերախտութեամբ:
Իր ամէնէն տառապագին օրերուն, երբ կարելիութիւն կար իր ցաւերը մեղմացնելու եւ մխիթարելու զինք, լաւ օրերուն իր օգնութեան դիմող քանի մը բարեկամներ երես դարձուցին եւ մոռցան կաթողիկէ վարժարանին «անխոնջ գործակատարը»:
***
Իր ատենին, ոչ ոք իմացաւ այն դերի մասին, որ Գրիգորին վիճակեցաւ խաղալ Նէա Զմիռնիի հայկական թաղամասին շինութեան գործին մէջ:
Փարիզի հայ գաղթականական մարմինները մեծ աշխատանք տարած էին Ազգերու Դաշնակցութեան վարիչ շրջանակներուն մօտ, թաղամասին շինութիւնը յաջողցնելու համար: Ներկայացուած թերի վիճակագրութիւնները եւ հայ գաղթականներու բնակարանային տագնապի մասին տրուած տեղեկութիւնները բաւարար նկատուած չէին եւ Ժընեւի Գաղթականաց Օֆիսը խնդիրը փոխանցած էր Աթէնքի իր ներկայացուցիչին, տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարելու համար:
Պրն. Գոթէլնիկով, Գաղթ. Օֆֆիսին Աթէնքի ներկայացուցիչը, պահանջուած քննութիւնը կատարելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու միջոցներէն զուրկ ըլլալուն, գործը վստահեցաւ Գրիգորին, գործակից տալով հանգուցեալ Զարեհ Վարդանեանը:
Այս երկու անձնուէր դաշնակցականները, առանց նիւթական վարձատրութեան, աւելի քան երկու ամիս աշխատեցան եւ պատրաստեցին անպատսպար հայ գաղթականներու վիճակագրութիւնը, պատկերացուցին անոնց տնտեսական ծանր կացութիւնը: Գաղթակայաններու մէջ խիտ բնակութեան պատճառաւ, առողջապահական գէշ պայմաններու եւ ընդհանուր առմամբ անբաւար սնունդի լուրջ հետեւանքներու մասին խիստ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցին պրն. Գօթէլնիկովին:
Ժընեւի Օֆֆիսը այս տեղեկագիրներուն հիման վրայ, որոշեց հայկական թաղամասին շինութիւնը, նախապէս հաւանութիւնը ստանալով հելլէն պետութեան, որուն սեփականութիւնը պիտի դառնային շինուելիք բնակարանները, հայ գաղթականներու Յունաստանէն մեկնումէն յետոյ:
Այս կարեւոր աշխատանքէն դուրս, Գրիգոր մեծապէս օգտակար եղաւ բազմաթիւ կարօտ հայերու, որոնք իր բարոյական երաշխաւորութեամբ, փոխառութեան ձեւին տակ կարեւոր գումարներ ստացան Ազգերու Դաշնակցութեան Գաղթ. Օֆֆիսին սնտուկէն, իրենց տնտեսութիւնը բարելաւելու համար:
ԲԱՐԵՍԷՐԸ
Հոգիին այս երեսը լոյսին հանելու յանդգնութիւնը՝ թող ներէ ինծի անդենականէն:
Գրիգոր հազիւ բարեկեցիկ էր: Նիւթական միջոցներ չունէր: Ուրիշներուն օգնելու համար քիչ թէ շատ պէտք էր զրկէր ինքզինքը:
Իր չափազանց փափուկ խառնուածքին պատճառաւ, շատ կը տառապէր, գաղթականներուն թշուառութենէն ազդուելով:
Շատ անգամ, իր ունեցած քիչին մասնակից դարձուցած է դժբախտները, որոնք իր մէջ կը տեսնէին մխիթարող մարդը:
Իր բարի գործերը գիտցան միայն անոնք՝ որոնք գէշ պարագաներու ստիպողութեան տակ, իր հոգիին առաջաձեռնութեան դիմեցին եւ բնաւ ձեռնունայն չվերադարձան:
Իր դուռը երբեք չգոցեց հիւանդներուն եւ թշուառներուն առջեւ:
Իրեն յատկացուած քիչ գումարէն, որուն մեծ մասը գիրքերու կը կապէր, բաժին կը հանէր կարօտեալներուն, որոնց ցաւը կը նկատէր իրը:
Չափազանց զգայուն, խորապէս կը յոզուէր թշուառներու տխուր ու աղաչական երեւոյթէն:
Իր հոգիին փափկութիւնը չարաչար գործածողներ ալ եղան: Անոնցմէ մէկը, մօտ 24 տարեկան, ընտանիքի տէր, գիշերուան ժամերուն, իրեն ներկայացաւ՝ օգնութեան խնդրանքով:
Գրիգոր կը ճանչնար զայն: Բառին իսկական նշանակութեամբ դատարկապորտ մը, որ ապրած էր իբր մակաբոյծ:
Չկրցաւ մերժել խնդրանքը: Բայց այդ պահուն գրպանը պարապ ըլլալուն, միջոց մը կը փնտռէր երիտասարդը գոհացնելու համար:
Քանի մը հարիւր տրախմին, նախապատերազմեան արժէքով, կրնար դարման ըլլալ երիտասարդին տագնապին, կը խորհէր Գրիգոր:
Տուաւ իր ատրճանակը, որ աւելի կ՚արժէր:
-Կրնաս ծախել եւ փոխարժէքով գործդ կարգադրել: Բայց իմացիր, ապրելու այս ձեւը քու վարկիդ դէմ է: Պէտք է որեւէ ձեւով աշխատանքի կապուիս, ընտանիքիդ ապրուստը ճարելու համար: Հայը պէտք չէ մուրացկան ըլլայ:
Կը յիշեմ ուիրշներ ալ, որոնց վրայէն լռութեամբ անցնելու պարտականութիւնը կը զգամ, իր յաւիտենական քունը չխռովելու կանխահոգութեամբ:
Իր կենդանութեան, խօսքն անգամ չէր ըներ այն համեստ գումարներուն, զորս սպրդեցուցած էր շատերու դատարկ գրպաններէն ներս:
«Աջ ձեռքին ըրածէն՝ ձախը տեղեակ պէտք չէ ըլլայ» քրիստոնէական պատուէրը կը գործադրէր խստութեամբ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ
Փոքր տարիքին հակառակ, Գրիգոր օրը օրին կը հետեւէր միջազգային քաղաքական անցուդարձերուն: Փարիզեան օրաթերթերուն մոլեռանդ ընթերցողն էր:
Քաղաքական դէպքերու զարգացման մասին «Նոր Օր» թերթին մէջ հրատարակած տեսութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին:
Հայոց քաղաքական պատմութիւնը գրեթէ գոց գիտէր: Առանց դժուարութեան, կը յիշէր դէպքեր, թուականներ եւ անձեր, որոնք հայ կեանքի մէջ կարեւոր դեր կատարած եւ պատմութաեն մէջ յիշատակուած էին:
Պերլինի վեհաժողովի յայտնի ու անյայտ բոլոր անցուդարձերուն տեղեակ էր: Առանց նօթ ունենալու, երեք ժամ կրնար խօսիլ Հայ Դատի մասին:
Դաստիարակութեամբ՝ Ֆրանսայի մօտ էր, իբր հայ՝ համակրանքը կ՚երթար Ռուսիոյ եւ իբր մարդ՝ կը հիանար գերման ազգին կենսունակութեան եւ ստեղծագործող ոգիին:
— Մեր կռնակին՝ 180 միլիոն բնակչութեամբ երիտասարդ պետութիւն ունինք: Չենք կրնար աչք գոցել այս իրողութեան վրայ: Ուզենք կամ ոչ, աշխարհագրականօրէն կ՚իյնանք ռուսական ազդեցութեան տակ: Հետեւաբար, մեր բախտը միշտ կախում պիտի ունենայ Ռուսիոյ բախտէն:
Ռուսասիրութեան հետեւանք չէր այս համոզումը: Գրիգոր ռուսասէր չէր, բայց Ռուսիան կը նկատէր Հայաստանի բնական պաշտպանը:
Ասիական ու Միջերկրականեան պետութիւն դառնալու Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը ստիպած է զինք՝ Հայաստանը պահել իր կողքին, իբր ճամբայ զայն օգտագործելու համար:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը սկսած էր: Եւրոպա՝ հասուն խնձորի պէս՝ Հիթլէրի թաթին մէջ ինկած էր:
Հայաստանի եւ արտասահմանի ժողովուրդներուն համար ստեղծուած փափուկ կացութեան մասին կարծիքի փոխանակութիւններ ընելու մտքով, ղեկավար դաշնակցականները հաւաքոյթի կանչուեցան:
Գրիգոր նշանակուած էր զեկուցաբեր: Հաւաքոյթին կարդաց տաս էջերէ բաղկացած քաղաքական տեսութիւն մը:
Ահա միջուկը.
— Մեծերու քաղաքական ու տնտեսական մրցակցութեան հանդիսատեսներն ենք: Այսօրուան տիտանամարտին մէջ շատ քիչ դեր վերապահուած է փոքր ժողովուրդներուն, որոնք ստիպուած են հետեւելու մէկ կամ միւս կողմին: Փոքր ժողովուրդները լուսանցքին վրայ մնալով մէկտեղ, պէտք է հետեւին դէպքերուն, իրենց շահերուն համապատասխանող ուղղութիւն որդեգրելու համար:
Մեր ժողովուրդը փոքրերուն ամէնէն փոքրն է: Իր ուժը կշիռին մէջ արժէք չունի: Պէտք չէ տարուի զգացումներէ: Բոլոր մեծերը մեզի համար նոյնն են: Եթէ անոնց շահերը պահանջեն, առանց մեր կողմէ ոեւէ զոհողութեան, կը մօտենան մեզի եւ կը հետաքրքրուին մեր հայրենքին բախտով:
Պէտք չէ օրօրուինք յոյսերով ու մանաւանդ պէտք չէ կուրօրէն վստահինք մեծերու խոստումներուն: Պատերազմի ընթացքին անոնք վարժուած են խոստումներ շռայլելու զանոնք չիրագործելու թաքուն մտքով:
Պարտաւոր ենք իրատես ըլլալ: Իրատեսութիւնը հեռու կը պահէ մեզ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններէ:
Բախտը մեր հայրենիքը լծեց Ռուսիոյ կառքին: Դաստիարակութեամբ եւ զգացումներով որքան ալ կապուած ըլլանք արեւմտեան քաղաքակրթութեան, Ռուսիան մոռնալու աստիճան միամիտ պէտք չէ ըլլանք:
19րդ եւ 20րդ դարու հայոց քաղաքական պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ մեր ազատագրական պայքարներուն ձախորդութեան պատասխանատուն պէտք է փնտռել մեծերուն մօտ: Այս տխուր փաստը մեզի զգօնութիւն կը պարտադրէ:
Ամբողջական պատերազմ կը մղուի այսօր: Պետութիւններ կը տապալին ու յառաջադէմ ազգեր շղթայի կը զարնուին: Մերինին պէս փոքր ժողովուրդ մը, ստորակէտի չափ անգամ արժէք չի կրնար ունենալ այս ահեղամարտին մէջ:
Համակրանքները եւ հակակրանքները մեզի պահենք եւ ընենք մեր կարելին՝ զոհ չտալու եւ մեր ուժերը խնայելու համար:
Պարկեշտ ու բարեացակամ վերաբերում բոլորին հանդէպ եւ արթնամտութիւն՝ տուեալ րոպէին մեր դատը արծարծելու եւ մեր կարողութիւնները ի սպաս դնելու անոր յաջող լուծման:
Պէտք չէ անտեսել՝ Եւրոպայի սրտին վրայ ութսուն միլիոնէ աւելի բնակիչ ունեցող յառաջադէմ եւ կենսունակ գերման ազգը: Մեր քաղաքական ղեկավարները, որոնք գտնուած են ֆրանսական ազդեցութեան տակ, քիչ կարեւորութիւն տուած են գերմանական ազդակին: Հեռու՝ ջատագովելէ գերմանական ծաւալապաշտութիւնը, կը խորհիմ թէ գերման ազգին մէջ կրնանք յենարաններ գտնել, մեր դատին լուծումը լաւագոյն ճամբու մէջ դնելու համար: Պէտք չէ մոռնալ որ առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան, Գերմանիա մեր անկախութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւններէն մէկը եղաւ:
Գերման եւ ռուս շահերը այնքան սերտօրէն կապուած են, որ հակասութեան մէջ ինկած չենք ըլլար, եթէ մեր դատին լուծումը հետապնդենք ռուս եւ գերման մայրաքաղաքներուն մէջ:
Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ մեր դատը անծանօթ չէ: Պէտք չէ կապուած մնանք մինչեւ վերջ Փարիզի եւ Լոնտոնի: Հոն բարեկամներ ունինք: Պէտք է բարեկամներ ունենալ նաեւ Պերլինի մէջ, նկատի առնելով Հայկական Դատին միջազգային բնոյթը:
Ընդհանուր բնոյթ կրող Գրիգորին քաղաքական այս տեսութիւնը քննութեան առարկայ չդարձաւ, նկատելով որ Դաշնակցութեան Վերին Մարմինը, բոլոր հաւանականութիւնները աչքի առջեւ ունենալով, մշակած էր քաղաքական վարքագիծ, որուն պարտաւոր էին հետեւիլ դաշնակցական բոլոր մարմինները:
ԲԵՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Գրիգոր հռետոր չէր: Կը խօսէր հանդարտ, առանց շարժուձեւի, առանց ամբոխավարութեան: Բեմին վրայ իր խօսքը հեզասահ էր:
Հմտութեան եւ մտաւոր պաշարին հիացան հելլէն մտաւորականները՝ 1936 Մարտ 25ին, «Ուֆա Փալաս»ի սրահին մէջ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 1500ամեայ յոբելեանին առթիւ սարքուած հանդէսին, իր յունարէն բանախօսութեան հետեւելով:
Բանաստեղծ Բիթաքիս, խանդավառութեան մէկ պահուն, թեւերուն մէջ առաւ զինք: Հանդէսէն յետոյ զինք պաշարող հելլէն մտաւորականներուն եւ լրագրողներուն խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անոր քաղաքական դատի մասին:
Ուրիշ առթիւ, զինք տեսանք հելլենօհայ մտաւորականներու մէկ հաւաքոյթին, կազմակերպուած՝ Աթէնքի Ազգային Թանգարանի վաստակաւոր տնօրէն եւ հնագէտ Ալեքսանդր Ֆիլատելֆեվսի ի պատիւ: Հելլադայի այս պատուական զաւակը եղած է Հելլենօ-հայ Լիկի հիմնադիրներէն եւ առաջին շրջանին նախագահ:
Գրիգորին կարդացած յունարէն ուղերձը, հելլենական հին քաղաքակրթութեան եւ արուեստին պանծացումն էր: Հելլէն մտաւորականները զարմացան այս երիտասարդին հնագիտութեան մասին ունեցած խոր ծանօթութեան: Մինչ այդ, քիչեր գիտէին, թէ Գրիգոր աւարտած էր Աթէնքի ֆրանսական հնագիտութեան վարժարանը:
Հաւաքոյթէն յետոյ, Ալեքսանդր Ֆիլատելֆեվս մօտենալով Գրիգորին՝ ձեռքը սեղմած եւ հրաւիրած էր զինք իր ճոխ եւ հարուստ գրադարանը, ուսոմնասիրութիւններ ընելու համար:
Գրիգոր՝ ընդհանրապէս բեմը չէր սիրեր: Բեմը շատախօս կը դարձնէ մարդը, կ՚ըսէր կատակելով:
ՆՈՐ ՈԳԻԻ ՋԱՏԱԳՈՎԸ
Նախապաշարումներու եւ հին մտայնութիւններու թշնամի էր Գրիգոր: Տեւապէս յեղաշրջումի ենթակայ իր միտքը կը հաշտեցնէր ժամանակի ոգիին եւ ըմբռնումներուն հետ:
Արդիականուիթւնը կը նկատէր մտքի եւ հոգիի վերանորոգութիւն:
— Դաշնակցականը պէտք է քալէ ժամանակին հետ: Շատ բան փոխուեցաւ աշխարհի մէջ: Պէտք չէ մոռնալ որ սաւառնակի եւ մեքենայի դարը կ՚ապրինք: Սխալ է այն մտայնութիւնը՝ թէ պէտք է պահել 1900ական թուականներու դաշնակցական տիպարը:
Մեր նպատակն է հոգիով ու միտքով վերանորոգուիլ եւ միշտ բարձրանալ: Պէտք է ստեղծել կեանքի լաւ պայմաններ, արդի ընկերութեան մէջ գրաւել առաջաւոր դիրք, հետեւիլ օրուան շարժումներուն, տոգորուիլ յառաջդիմական գաղափարներով, կուսակցութեան կոչումին եւ առաքելութեան հիմնական գիծը պահելով:
«Վերի խաւի» դաշնակցական որակեցին զինք մաս մը ընկերներ:
— Բոլորիս ջանքը պէտք է ըլլայ «վերի խաւ»ին հասնիլ, դիտել տուաւ Գրիգոր:
Ընկերութեան բոլոր դասակարգերուն հետ շփումն ու կապը կը նկատէր ոչ միայն անհրաժեշտ, այլեւ օգտակար:
— Կրիային պէս ինչո՞ւ սեղմուիլ պատեանին մէջ: Դաշնակցական շարքերուն մէջ գրեթէ տիրական է այն թիւը համոզումը՝ թէ մեր կուսակցական հորիզոնէն զատ ուրիշ հորիզոն չկայ: Տեսակ մը արհամարհանք ունինք մեզմէ չեղողներուն դէմ: Խորթ աչքով կը նայինք անոնց:
Չենք ուզեր հասկնալ թէ հայ ժողովուրդին մէջ կուսակցութիւնները փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ թէ մեզմէ դուրս պիտանի եւ օգտակար տարրեր կան:
Մենք պէտք է միշտ շփում ունենանք զանգուածին հետ, մինչեւ անգամ քաղքենի դասակարգին հետ, որ մեր արհամարհական ընթացքին պատճառաւ, մեզմէ խրտչած է: Մեր գաղափարները եւ համոզումները անոնց մէջ տարածելը մեր գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է:
Հաւաքոյթի մը ընթացքին յայտնուած այս կարծիքներուն ձայնակցեցաւ տաղանդաւոր գրագէտ Համաստեղ:
— Դուք առանձնացած էք չորս պատուհան ունեցող սենեակի մը մէջ: Երեք պատուհանները ամրօրէն փակած, կը շնչէք միայն մէկէն: Այս կերպով, դուք կը տեսնէք միայն արշալոյսը, մինչդեռ նոյն հմայքն ու գրաւչութիւնն ունի մայրամուտն ալ: Բացէք բոլոր պատուհանները ամէն հորիզոններուն, որպէսզի հետեւիք կեանքի բոլոր շարժումներուն:
Գրագէտին խօսքերէն քաջալերուած, Գրիգոր կ՚առաջարկէր զարգացնել շարքայիններուն ճաշակը, անոնց մէջ նոր ոգի դնել, զանոնք դարձնել ընկերային մարդ:
— Չենք կրնար հակահոսանք կազմել կեանքի տեւական շարժումներուն դէմ: Մեր շուրջ ամէն օր բան մը կը փոխուի: Եթէ անտարբեր ըլլանք այդ փոփոխութիւններուն հանդէպ, օր մը հոսանքը կը քշէ մեզ ու մենք կը կորսնցնենք մեր ոտքին տակի հողը:
Մասնաւորապէս իր ջանքերով կազմուած Աթէնքի ենթակոմիտէութիւնը, որուն կը մասնակցէին քաղքենի դաստիարակութեամբ բարեկեցիկ երիտասարդներ, իր ատենին հիմնովին փոխեց մեր հանդէսներուն միօրինակ ու ձանձրալի յայտագիրը, անոր մէջ դնելով գեղարուեստական բովանդակութիւն, արդիական շունչ եւ ոգի:
ԲԱՆԱՍԷՐ
Ըսինք թէ Գրիգոր տիրացած էր ֆրանսերէն ու յունարէն լեզուներուն: Վերջին տարիներուն, ինքնաշխատութեամբ, սորված էր գերմաներէն լեզուն: Իր ճոխ գրադարանին մէջ հայագիտութեան վերաբերող գերմաներէն կարեւոր հրատարակութիւնները կային: «Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու մշակութային ու քաղաքական յարաբերութիւնները» խորագիրը կրող յունարէն լեզուով խիստ կարեւոր ուսոմնասիրութիւնը, որ կիսաւարտ մնաց հիւանդութեան պատճառաւ, դժբախտաբար, միւս ձեռագիրներուն հետ կորսուած է: Ծրագրած էր ութ տարի աշխատիլ այս գործին վրայ եւ ներկայացնել զայն Աթէնքի Ակադեմիին:
Ուսումնասիրութեան կարեւոր գլուխներն էին՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական հաւատքի ընդունելութիւնը եւ տարածումը, Տրդատ թագաւորի քարտուղար Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդացի եւ Հայ Գիրերու գիւտը:
Այս գործին կապակցութեամբ, իր գրադարանին մէջ գտայ հետեւեալ ձեռագիր գլուխը. «Բիւզանդիոն եւ հայ եկեղեցին — հայերը յունադաւան դարձնելու փորձեր»: Քանի մը անկապ նօթերու վրայ հիմնուելով, սխալ պիտի չըլլար ենթադրել՝ թէ այս գլուխին մէջ, Գրիգոր ծրագրած էր տալ հայեւյոյն քաղաքական ու կրօնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաղկեդոնի ժողովէն մինչեւ 11րդ դար հայերու եւ յոյներու շփումները, կրօնական հակամարտութիւնները, միութեան փորձերը եւ Արեւելքի մէջ հայ եկեղեցւոյ դիրքը խախտելու յունական եւ լատինական դաւերը:
Երկասիրութեան բովանդակութեան մասին տուած մեկնութիւններուս ճշմարտանման ըլլալը կը հաստատեն բազմաթիւ գիրքերը, զորս Գրիգոր հաւաքած էր գրադարանին մէջ՝ անոնցմէ օգտուելու համար: Գիրքերը ընդհանուր կերպով կը շօշափէին վերոյիշեալ խնդիրները:
Գործին մէջ մասնաւոր գլուխ յատկացուցած էր Արտաշէս թագաւորին, Մեծն Տիգրանին եւ անոր որդի Արտաւազդ թագաւորին, որոնց հելլենասիրութեան կը վերագրէր հելլէնական մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան տարածումը Հայաստանի մէջ:
Գրիգոր՝ ծրագրած էր երկասիրութիւնը հասցնել մինչեւ մեր ժամանակները, դարերու ընթացքին, հայ եւ յոյն ժողովուրդներու քաղաքակրթական, մշակութային, կրօնական ու քաղաքական յարաբերութիւնները եւ փոխադարձաբար իրարու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը նշելու նպատակաւ:
Այս կարեւոր ձեռնարկը յաջողցնելու համար, շփում ու բարեկամական կապ հաստատած էր հելլէն ականաւոր գիտուն-պատմագէտ ակադեմական Գամպուրօղլուի հետ, որ հաճութեամբ իր համբաւաւոր գրադարանը տրամադրած էր իրեն:
Երբ առիթ ունեցայ խուզարկելու Գրիգորին գրադարանը, անտիպ ձեռագիրներ գտնելու յոյսով, քանի մը նօթերէ զատ, ուրիշ ոչ մէկ թուղթ չգտայ: Ձեռագիրները կորսուած են հետեւեալ պարագաներու տակ. համայնավարական յեղափոխութեան (1944 Դեկտեմբեր), իր դժբախտ այրին՝ Մելինէն խորհելով որ Դաշնակցութեան Յունաստանի կազմակերպութեան արխիւները կը գտնուին գրադարանին մէջ, ձեռագիր ու արխիւ, բոլորը կրակի տուած է, որպէսզի կուսակցական թղթածրարներ համայնավարներու ձեռք չանցնին:
ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ
Բնակարանին վարի յարկէն — Գրիգոր կը բնակէր վերը — կը հետեւէի իր մաշումին: Մահը կը մօտենար դանդաղ քայլերով, կարծես իր ողբերգութիւնը ամբողջական դարձնելու համար:
Ուժասպառ մարմինը անկողինը կը փնտռէր միշտ: Այտերուն՝ մութ ստուերի մը սարսուռները կը նշմարուէին ու ոտքերը կը դժուարանային կրելու ոսկորներուն ծանրութիւնը:
Դողացող շրթներէն, բառերը՝ քիչ մը ճմլուած, վար կ‘իյնային: Խօսիլը արգիլուած էր իրեն, կուրծքին տակ մնացած քիչ հեւքը չսպառելու համար: Կը խօսէին սնարին հսկողները, կեղծ տրամադրութեամբ, լաւագոյն օրերու յոյսը ներշնչելով իրեն:
Շուրջիններուն կը նայէր աղերսական, վշտագին, բայց անուշ արտայայտութեամբ ու աչքերը կը սեւեռէր արշալոյսին բացուող պատուհանին:
Օ՜, իր նայուածքը…
Ի՜նչ խոր դառնութիւն անոր մէջ, անպատմելի եւ սիրտ բզքտող ի՜նչ ատելութիւն աշխարհին ու մարդերուն դէմ, որոնք անզօր էին դարման ճարելու իր ցաւին:
Ո՜վ կրցած է հասկնալ մահամերձին նայուածքին տրաման…
Կը մտածէր երկար, շա՜տ երկար ու յանկարծ առոյգ շարժումով, գլուխը բարձէն վեր առնելով, տեղեկութիւններ կ՚ուզէր կուսակցական ու ազգային անցուդարձերու մասին:
Չպիտի կրնամ ըսել թէ տառապանքի օրերուն գուրգուրանքով շրջապատեցինք զինք: Ապահովաբար, թերացանք մեր ընկերական պարտականութեանց մէջ:
Պատերազմին արհաւիրքը թերեւս արդարացում էր մեզի համար:
Անկողնոյն մէջ, Գրիգոր մխիթարանքի կարօտն ունէր: Դժբախտաբար չունեցաւ զայն: Այդ տագնապալի օրերուն, իրեն պէս շատեր, մխիթարանքի կարօտէն կը տառապէին:
Մարդկային է՝ հիւանդէն հեռու կենալու մտայնութիւնը: Ասիկա ճշմարտութիւն է մանաւանդ այն հիւանդներու պարագային, որոնց անկողնին մէջ կրակ ինկած է:
Մարդերը, ենթադրուածին չափ անմիտ չեն, վտանգաւոր կրակին մօտենալու:
Այս մօտեցումը, հեռու է մեղադրանքի եւ դատապարտութեան վճիռ ըլլալէ: Ինչ որ պատահեցաւ Գրիգորին, պատահած է ուրիշներուն եւ պիտի պատահի շատերուն:
Այս է կեանքի օրէնքը: Այսպէս է մեր ժամանակը:
Գրիգոր՝ յաճախ կը փնտռէր ընկերները: Երեւակայութեան ժապաւէնէն կը սահէին անոնց ստուերները: Կը փափաքէր, վերջին օրերուն, անոնցմէ շրջապատուած ըլլալ, անոնց ձեռքը սեղմել:
Հոգեւարքին հակառակ, ուշը կորսնցուցած չէր: Ճակտին՝ պաղ քրտինքի մարգրիտներ, կուրծքին՝ տկար հեւքի ալիքներու վէտվէտում եւ փոսացած այտերուն դեղին հանդարտութիւնը գուշակել կուտային մօտեցող մահը:
Այս վիճակին մէջ անգամ, մտածումներ կը հալածէին զինք:
Վերջին օրերուն, գառանցանքի պահեր կ՚ունենար: Գիտակցութիւնը կիսովին կը կորսնցնէր: Բայց երեւակայութեան առագաստները լայնօրէն անհունութեան բացած, կը նաւէր հայրենական կապոյտին վրայ:
Սնարին հսկողները, գրեթէ անշշունչ, կը հետեւէին շրթներէն կախուող անհասկնալի բառերուն, միտքը յուզող վերջին մտածումները կռահելու համար:
Կերոնի պէս հատնող սպիտակ դէմքը բարձին հանգչեցուցած ու հոգին յանձնած բարի հրեշտակներուն, դողդոջ շրթներէն, ընդհատ ընդհատ կը լսուէին հետեւեալ բառերը, «Հայաստան… մայր հայրենիք… բոլորս հոն: Ամէնքս դէպի երկիր… ազատութիւն…»:
Այս զառանցանքէն ժամ մը յետոյ, աչքերը կիսովին բանալով, ապշութեամբ բոլորտիքը կը դիտէր ու դարձեալ քուն կը մտնէր:
Վերջին երազն էր ասիկա:
Մտածումի եւ երեւակայութեան այս ալեկոծումներուն մէջ, աչքերը ընդմիշտ փակեց, 1 Փետրուար 1943ին: Այս կերպով գտաւ հոգիին մշտնջենական հանգիստը:
***
Տակաւին մարմինը պաղած չէր, երբ սգակիրներու բազմութիւն մը տունը պաշարեց, մեծ յուզումով, խոնարհելու համար ոսկրակոյտին առջեւ:
Ոչ մէկ կասկած ընդհանուրի յուզումին իրաւութեան: Բոլորի աչքերուն մէջ լճացող արցունքը՝ վաւերական սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւնն ըլլալուն տարակուսանքը չունիմ:
Պէտք կա՞յ աժանցնելու իր մահուան գաղտնիքը: Բաներ մը գիտեն կամ իմացած են շատեր: Այդ բաներէն քիչ մ՚աւելիին տեղեակ ըլլալու դժբախտութիւնն ունիմ:
Բայց՝ անոնք որ հետեւեցան Գրիգորին տառապանքին եւ տեսան անոր անուշ հոգեւարքը, թերեւս գիտեն մահուան գաղտնիքը, իսկ չգիտցողները, լաւ է որ բնաւ չգիտնան:
Հիմա քեզի…
Պիտի չկրնամ ըսել թէ քեզի պատահածը ահաւոր ողբերգութիւն էր: Միթէ ապրողները երջանի՞կ են: Անոնք թերեւս երջանիկ են ինքնախաբէութեամբ, իսկ դուն գիտես թէ ինքնախաբէութիւնը հոգիի թշուառութիւն կը նշանակէ:
Անկասկած, աչքերդ դառնութեամբ փակեցիր այս անիրաւ աշխարհին դէմ: Սահմանուած էիր ստուերդ պտտցնելու կատարներուն վրայ, բայց անողոք ճակատագիրը քեզ ղրկեց խոնաւ ու մութ փոսին:
Երազի թեւերուն վրայ, կապոյտ անհունութիւններն ի վեր նաւելու յանդուգն ճիգիդ մէջ, ահեղ փոթորիկ մը մակոյկդ նետեց խարակներուն, զարհուրելի անգթութեամբ:
Ճգնաժամային գոյապայքարէն յոգնասպառ, անկողին ինկար, վերջին օրերդ քաղցրացնելու համար մարդերուն խաբէական մխիթարանքով:
Օ՜, մարդերը…:
Անոնք վարժուած են սուղ ծախելու մխիթարանքը, մանաւանդ դժբախտութեան զոհերուն:
Բայց, ի՜նչ օգուտ դառնութիւնները թուղթին յանձնելու իմ բարեմտութենէն:
Քեզի համար կարեւորը խաղաղութիւնն էր: Հիմակ ունիս զայն: Մարմինդ գնաց հանգչելու բնութեան գրկին մէջ եւ, ո՜վ գիտէ, մասնիկներուդ տարրալուծումով, անուշ հոգիդ՝ քաղցրաբոյր ծաղկին կամ դալար տունկին մէջ կը փայփայէ ուրիշ կեանքի մը երազը:
Խաղաղութի՜ւն ոսկորներուդ: