Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը Եր­կու­շաբ­թի՝ 23 ­Յու­նո­ւար 2017ին շնոր­հա­ւո­րեց հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն Գ­լա­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նը՝ Աւստ­րա­լիոյ ­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գի նա­հան­գա­պետ ընտ­րո­ւե­լուն ա­ռի­թով:
­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գի Ա­զա­տա­կան (Liberal) ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, իր 23 ­Յու­նո­ւա­րին գու­մա­րած ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, միա­ձայ­նու­թեամբ ընտ­րեց նա­հան­գի գան­ձա­պահ Գ­լա­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեանն ու նա­հան­գի ա­ռեւ­տու­րի նա­խա­րար ­Տո­մի­նիք ­Բէ­րո­թէն ստանձ­նե­լու հա­մար կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող ըն­տա­նի­քի թո­ռը դար­ձաւ նա­հան­գի Ա­զա­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ի­գա­կան սե­ռին պատ­կա­նող նա­հան­գա­պե­տը 7,5 մի­լիոն բնա­կիչ հա­շո­ւող ­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գին, մին­չեւ 2019 թո­ւա­կան:
Աւստ­րա­լիոյ հայ հա­մայն­քին ա­նու­նով՝ Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը շնոր­հա­ւո­րեց նո­րըն­տիր նա­հան­գա­պե­տը:
Իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան օ­րե­րէն ­Պէ­րէ­ճիք­լեան բե­րած է իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը աւստ­րա­լա­հայ գա­ղու­թի զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ մար­զիկ, ա­պա աչ­քա­ռու դէմք մը ե­ղած է Աւստ­րա­լիոյ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան մէջ, իսկ իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զի անդ­րա­նիկ քայ­լե­րը ա­ռած է Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեակ­նե­րէն ներս:
­Նա­հան­գա­պե­տը յա­ճա­խած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թարգ­ման­չաց շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նը, երբ Աւստ­րա­լիոյ մէջ ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան գո­յու­թիւն չու­նէր: Ան լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէն լե­զո­ւին, որ ե­ղած էր իր խօ­սած միակ լե­զուն մին­չեւ հինգ տա­րե­կան:
­Պէ­րէ­ճիք­լեան 2003 թո­ւա­կա­նին ընտ­րո­ւած է ­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ՝ իբր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հա­յա­շատ Ո­ւի­լու­պի ընտ­րաշր­ջա­նին: Ան ու­նե­ցած է իւ­րա­յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ բարձ­րա­ձայ­նած աւստ­րա­լա­հայ հա­մայն­քին մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը: Ան մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է ­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Լ.Ղ.Հ. ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:
­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գը ճանչ­ցած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած խաչ­քար մը զե­տե­ղո­ւած է ­Նիու ­Սաութ Ո­ւէլզ նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նի խա­ղա­ղու­թեան այ­գիին մէջ՝ ի յի­շա­տակ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կո­ւած 1,5 մի­լիոն ան­մեղ հա­յոր­դի­նե­րուն:
­Նա­հան­գը նաեւ ճանչ­ցած է Լ.Ղ.Հ. ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:
2013 թո­ւա­կա­նին ­Պէ­րէ­ճիք­լեան օ­ժան­դա­կեց Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պած դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու խում­բի ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին: Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան ար­դիւն­քով՝ ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րուն ա­նուն­նե­րը կը գտնո­ւին Ատր­պէյ­ճա­նի սեւ ցան­կին վրայ:
Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի վա­րիչ տնօ­րէն ­Վա­չէ ­Գահ­րա­մա­նեան յայ­տա­րա­րեց.- «­Մեր հա­մայն­քը հպարտ է Գ­լա­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով: Ան ներշնչ­ման աղ­բիւր է մեր գա­ղու­թի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն: Այս յա­ջո­ղու­թիւ­նը կու գայ վկա­յե­լու, թէ 2003 թո­ւա­կա­նէն ի վեր Գ­լա­տի­սի տա­րած աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տո­ւած է ոչ միայն մեր հա­մայն­քին, այ­լեւ ամ­բողջ նա­հան­գին կող­մէ»:
­Պէ­րէ­ճիք­լեան ար­ժա­նա­ցած է ­Հայ-Աւստ­րա­լա­կան ­Բա­րե­կա­մու­թեան Մր­ցա­նա­կին, ինչ­պէս նաեւ Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան Շ­քան­շա­նին՝ տրո­ւած Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի կող­մէ:
Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց հրա­ժա­րեալ նա­հան­գա­պետ ­Մայք ­Պէյր­տի տա­րած աշ­խա­տան­քը՝ վեր­ջին 3 տա­րի­նե­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըԱրցախի հերոսներ
Յաջորդ յօդուածըՏրամա 1933