Եւրոպական Միութեան 43 տարի անդամակցելէ ետք, Բրիտանիան պատմական հանրաքուէի մը արդիւնքին լոյսին տակ դուրս կու գայ միութենէն: Անդամակցութեան դադրեցման ի նպաստ քուէարկեցին 17.410.742 քուէարկողներ (քուէներուն 51,9 առ հարիւրը), իսկ անդամակցութեան շարունակման ի նպաստ` 16.141.241 քուէարկողներ (քուէներուն 48,1 առ հարիւրը): Մասնակցութեան համեմատութիւնը 71,8 առ հարիւր էր, ինչ որ 1992-էն ի վեր մեծագոյնն էր:
Կալեսն ու բացի Լոնտոնէն Անգլիոյ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն: Լոնտոն եւ Սկովտիա քուէարկեցին ի նպաստ անդամակցութեան շարունակման: Սկովտիոյ վարչապետ Նիքոլա Սթըրճըն յայտնեց, որ քուէարկութիւնը «յստակ կը դարձնէ, թէ Սկովտիոյ ժողովուրդը իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպական Միութեան մէջ»: Ան նշեց, որ Սկովտիոյ` Բրիտանիայէն անկախութեան առնչութեամբ 2-րդ հանրաքուէ մը «շատ հաւանական է»:
Բրիտանական Միացեալ Թագաւորութեան Անկախութեան կուսակցութեան ղեկավար Նայճըլ Ֆարաժ ողջունեց արդիւնքը` աւելցնելով, որ 24 յունիսը պէտք է ազգային տօն հռչակուի եւ կոչուի անկախութեան օր:
Հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքներուն յայտարարութենէն ետք, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր հրաժարականը: «Երկիրը կարիքը ունի նոր ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ յաջորդ վարչապետը պէտք է իր պաշտօնը ստանձնէ հոկտեմբերին», յայտնեց ան:
Ան յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ կառավարութիւնը ղեկավարել «մինչեւ յառաջիկայ երեք ամիսները միայն»` շեշտելով, որ «Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս կենդանի պիտի մնայ, եւ ես կարելիս պիտի ընեմ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն օժանդակելու` ի ծառայութիւն այս փառապանծ երկրին»:
«Բրիտանացիները իրենց խօսքը ըսին, եւ պէտք է մեր խորհրդարանական ժողովրդավարութեամբ հպարտանանք», ըսաւ Քամերոն` շեշտելով. «Բրիտանացիներուն կամքը պէտք է յարգուի, եւ յայտարարուած արդիւնքները կասկած չեն յառաջացներ»: Ան խօսքը Բրիտանիոյ մէջ եւ արտասահման ապրող բրիտանացիներուն ուղղելով վստահեցուց. «Պիտի շարունակենք արտօնել անձերու եւ ապրանքներու ազատ շրջանառութիւնը»:
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Քամերոն հանրաքուէին արդիւնքն ու իր հրաժարականի հարցը քննարկած է Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին հետ: Բրիտանիոյ վարչապետը պիտի որոշէ ե՛րբ սեղանի վրայ դնել Լիզպոնի ուխտին 50-րդ յօդուածը, որ Բրիտանիոյ կը տրամադրէ միութենէն իր հեռացման շուրջ բանակցութեան երկու տարուան ժամանակամիջոց մը: Անգամ մը, որ նշեալ ուխտին 50-րդ յօդուածը կիրարկուի, միութենէն հեռացող երկիր մը կրնայ իր անդամակցութիւնը վերականգնել միայն Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամներուն հաւանութեամբ:
Հանրաքուէի արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք, բրիտանական Սթերլինկը տոլարին, ճափոնական ենին ու եւրոյին դիմաց արժեզրկուեցաւ, իսկ ոսկիին գինը բարձրացաւ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ ըսաւ, որ հանրաքուէին արդիւնքը ցնցիչ ու յուսախաբութիւն պատճառող է, իսկ անոր լեհ պաշտօնակից Վիթոլտ Վաշիքովիսքի նշեց. «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը միութեան հասկացողութիւնը փոխելու կարիքը ցոյց կու տայ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը պիտի գոյատեւէ, սակայն պէտք է աշխատանք տանիլ մարդոց վստահութիւնը վերաշահելու: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շայնմայեր իր կարգին յայտնեց. «Բրիտանիայէն եկող լուրերը մտահոգիչ են եւ Եւրոպայի համար տխուր օր մը»: Գերմանիոյ փոխվարչապետ Սիկմար Կապրիէլ ըսաւ. «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ի նպաստ քուէարկելը Եւրոպայի համար վատ օր մըն է»:
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտնեց. «Բրիտանիան ընտրեց սեփական ուղի մը, որ սակայն պիտի ըլլայ շատ դժուար»: Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտարարեց, որ «Ժողովրդավարական որոշումը, որ որդեգրուած է այս հանրաքուէին ընթացքին, պէտք է յարգուի»` աւելցնելով. «Այժմ Եւրոպական Միութեան համար լաւագոյնը Բրիտանիոյ կառավարութեան հետ միասին աշխատիլն է Բրիտանիոյ եւ Եւրոպայի քաղաքացիներուն համար առաւել ընդունելի արդիւնք ստանալու համար»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զայն նկատեց «ներքին հարց» մը: Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ուզէ, որ Եւրոպական Միութիւնը շարունակէ մնալ տնտեսական մեծ ուժ մը` յոյս յայտնելով, որ Բրիտանիան կը հասկնայ Ռուսիոյ հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չազդուի Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն շուրջ հանրաքուէի արդիւնքէն այլ արդիւնք մը կը նախընտրէինք»:
Իրլանտական կաթողիկէ «Շին Ֆէյն» կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց` Իրլանտայի վերամիացման շուրջ հանրաքուէ կատարելու: Հոլանտայի ծայրայեղ աջակողմեան շարժումի ղեկավար Կերթ Վիլտըրզ իր կարգին կոչ ուղղեց Հոլանտայի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դադրեցման շուրջ հանրաքուէ կատարելու: Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնը յայտարարեց. «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալով Եւրոպական Միութիւնը դադրեցաւ ժողովրդավարական ըլլալէ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփ յայտնեց. «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը հոյակապ է: Կը կարծեմ մեծ բան է եւ արտակարգ պիտի ըլլայ»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մաղթեց, որ Եւրոպական Միութիւնը շարունակէ մնալ ՄԱԿ-ի համար ուժեղ գործընկեր մը:
Եւրոպական Միութեան հիմնադիր վեց երկիրներու` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Պենելիւքսի պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները 25 յունիսին Պերլինի մէջ պիտի գումարեն արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար «Պրեքզիթ»-ի հետեւանքները Եւրոպական Միութեան համար:
Բրիտանիոյ մէջ հանրաքուէի արդիւնքի հրապարակումէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Էլիզէ պալատին մէջ հրաւիրեց արտակարգ ժողով մը, որուն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ, շարք մը նախարարներ ու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի տնտեսական ու ելեւմտական հարցերու յանձնակատար Փիեռ Մոսքովիչ: Հոլլանտ յայտարարեց. «Բրիտանացիներու հանրաքուէն Եւրոպան դրաւ ծանր փորձութեան առջեւ: Եւրոպան պէտք է դրսեւորէ իր հաստատակամութիւնն ու ուժը, ամէն ինչ ընէ, որպէսզի յաղթահարէ տնտեսական եւ ֆինանսական այն վտանգները, որոնք կապուած են Բրիտանիոյ դուրս գալուն հետ»:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին նախարարներ, կուսակցապետեր, խորհրդարանական պլոքներու ղեկավարներ հրաւիրեց արտակարգ ժողովի մը: «Մենք մեծ ափսոսանքով պէտք է առ ի գիտութիւն ընդունինք որոշումը Բրիտանիոյ քաղաքացիներու մեծամասնութեան, որոնք կը փափաքին վերջ դնել Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ես Պունտեսթակի անդամներուն, որոնք 28 յունիսին պիտի հաւաքուին արտակարգ նիստի, պիտի տեղեկացնեմ այդ հարցին շուրջ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշման մասին»:
Մերքելի խօսքով` հանրաքուէի արդիւնքը «արմատական բեկում կը նշանակէ Եւրոպայի, եւրոպական միաւորման հոլովոյթին համար»: «Եւրոպական Միութիւնը բաւականաչափ ուժեղ է, որպէսզի ճիշդ պատասխաններ գտնէ այսօր ստեղծուած կացութեան համար», աւելցուց Գերմանիոյ վարչապետը: