Կիրակի՝ 11 Փետրուար 2018ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Բուն Բարիկենդանի տօնահանդէս:
Բուն Բարիկենդանը, որպէս եկեղեցական օրացոյցի մէջ արձանագրուած տօն, եկեղեցական առումով կը յիշատակուի դրախտին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելող Ադամ եւ Եւայի ապրելակերպով: Իսկ ժողովրդական հասկացողութեամբ Բուն Բարիկենդանը ճոխութեամբ ապրելու եւ դիմահանդէս ներկայութեամբ ելլելու այդ խրախճանքն է:
Այս ակնածանքով Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կազմակերպութեամբ եւ Թաղային Խորհուրդի ու Տիկնանց Մարմնոյ համաձայնութեամբ, բաւական ճոխ եւ անմոռանալի երեկոյ մը մատուցուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան հանդիսութեան: Այս մէկը նաեւ առիթ մը եղաւ, որպէսզի ծանօթութիւն մը ստեղծուի ծնողներուն հետ, ապագայ լայն ծրագիրները յաջողցնելու համար: Մեծ թիւով ծնողներ եւ երեխաներ իրենց տարբեր հագուստներով ծպտուեցան այս երեկոյին:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցան զանազան խաղեր, թէ՛ խմբային եւ թէ՛ անհատական, որոնք խանդավառութիւն մը ստեղծեցին փոքրիկներուն միջեւ եւ եղան մրցանակ կրողներ:
Աւարտին նոյնինքն ծնողներուն կողմէ պատրաստուած համով հիւրասիրութիւններ հրամցուեցան բոլորին: Գոհունակ սրտով եւ ժպիտը դէմքերուն, հրաժեշտի եւ քաջալերական խօսքերով մեկնեցան բոլոր ներկաները: Բոլորին վարձքը կատար:
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնանց Մարմին Գոքինիոյ