Ե­րեք­շաբ­թի, ­Մարտ 14ի ե­րե­կո­յեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ֆ­րան­սա­հա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի (CCAF-ի) կո­չին՝ շուրջ 300 հո­գի Թ­րո­քա­տե­րո­յի բա­կին վրայ բո­ղո­քի ցոյց մը կա­տա­րե­ցին Ա­լիե­ւի Ֆ­րան­սա այ­ցե­լու­թեան դէմ:
­Խօսք ա­ռին Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէ, ­Մար­սէ­յի ե­րես­փո­խան-քա­ղա­քա­պետ Ֆ­րան­սո­ւա ­Փիւ­փո­նի, Ալ­ֆոր­վի­լի ծե­րա­կու­տա­կան-քա­ղա­քա­պետ ­Լիւք ­Քար­վու­նաս, նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու Է­մա­նի­ւէլ ­Մաք­րո­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Ա­րա ­Թո­րա­նեան եւ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, «­Նա­զար­բէկ» եւ «­Նոր ­Սե­րունդ» ե­րի­տա­սար­դա­կան­նե­րու, ­Քիւր­տե­րու եւ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ եւ­րո­պա­կան EGAM շար­ժու­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
Ա­նոնք բո­լորն ալ բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին Ատրր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին բռնա­տի­րա­կան վար­քը, այդ երկ­րին հա­յոց դէմ գոր­ծած յար­ձա­կում­նե­րը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց կո­պիտ խախ­տում­նե­րը, երկ­րէն ներս եւ դուրս կի­րար­կած կա­շա­ռա­կե­րու­թեան հա­մա­տա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ այլն:
­Դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ալ, որ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ըն­դու­նե­լէն քա­նի մը օր ետք կ­՛ըն­դու­նէր Ատրր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րը: ­Ցոյ­ցը, Ա­լիե­ւի զու­գա­հեռ Էր­տո­ղա­նի դէմ ալ բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թեան բնոյթ ստա­ցաւ: Այս ա­ռու­մով՝ պար­զո­ւած դրօ­շե­րուն մէջ կա­րե­լի է ը­սել ա­ւե­լի մեծ էր քրտա­կան­նե­րուն թի­ւը, քան հայ­կա­կան­նե­րու­նը: ­Քիւր­տե­րը պար­զած էին նաեւ ի­րենց ղե­կա­վար Ա­բո­յի նկա­րը կրող մեծ պաս­տառ­ներ, մինչ հա­յե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը կրէին ցոյ­ցի ծա­նու­ցու­մին մեծ­ցո­ւած տար­բե­րա­կը: Իսկ այլ պաս­տառ­նե­րու վրայ կա­րե­լի էր կար­դալ՝ «Ա­լիեւ եւ Էր­տո­ղան = ­Մար­դաս­պան­ներ», «Ա­լիեւ = հա­յե­րու մար­դաս­պան: ­Մեղ­սա­կից մի՛ ըլ­լաք», «Էր­տո­ղան, Ա­լիեւ դո՛ւրս մեր հո­ղե­րէն», եւ այլն: