Բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ Յունահայութիւնը իր ձայնը բարձրացուց ազերիական յարձակողականութեան դէմ
Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ՝ Տաւուշի շրջանի մէջ ազերիական ոտնձգութիւններուն եւ յարձակողականութեան դէմ իր ազդու խօսքը բարձրացուց յունահայութիւնը, մասնակցելով բողոքի ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի՝ 20 Յուլիս 2020ի երեկոյեան, Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։
Ցոյցի կազմակերպիչն էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը, որ համացանցի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, կոչ ուղղեց բոլոր հայրենակիցներուն մասնակցիլ ցոյցին եւ ազդու կերպով դէմ կանգնիլ Ատրպէյճանի ռազմական քաղաքականութեան, որ իր վերջին ծաւալումով անհրաժեշտ պատասխանը առաւ, շնորհիւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու մարտունակութեան եւ յաջող հակադարձման։ Որոշեալ ժամուն, աւելի քան 400 հայրենակիցներ արդէն գրաւած էին Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ ու շուրջը գտնուող ճամբաները, մինչ ոստիկանական յատուկ ջոկատ մը կանգ առած էր շէնքին երկայնքին։
Բողոքի ցոյցի ոգին եւ շունչը հանդիսացան մեր երիտասարդները, որոնք Եռագոյն եւ Արցախի դրօշներով, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր պաստառներով ազդանշանը տուին ցոյցի մեկնարկին։
Հաւաքի ամբողջ տեւողութեան, ներկայ ժողովուրդը բացագանչեց յատկանշական լոզունքներ, դատապարտելով Ատրպէյճանի ռազմական քաղաքականութիւնը, ազերի բանակի ոճիրները խաղաղ բնակչութեան դէմ, յիշեցնելով թէ Արցախը հայկական է՛ ու պիտի մնա՛յ, մինչ մեր երիտասարդները յատուկ կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը եւ սադրանքները տարածաշրջանին մէջ։
Յատկանշական էր, որ դեսպանատան շէնքի տանիքէն եւ պատուհաններէն, ազերի պաշտօնեաներ կը լուսանկարէին ցոյցի ընթացքն ու տարողութիւնը, ստանալու համար ներկայ ժողովուրդի արհամարական արտայայտութիւնները։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով, ընկ. Արման Գրիգորեան բարձրախօսով ներկայացուց Տաւուշի մէջ կատարուած գործողութիւնները եւ դատապարտեց Ատրպէյճանի սպառնալիքներն ու զինուորական յարձակումները, որ անտեսելով համավարակի համար Մ.Ա.Կ.ի կողմէ ընդհանուր զինադադարի կոչը, այս անգամ փորձեց թափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն հայոց բանակի պատրաստակամութիւնը ետ մղեց թշնամիի ամէն տեսակի ոտնձգութիւն։
Ան նաեւ յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին, հայութիւնը, մէկ բռունցք եղած, ոտքի կանգնած է, մնալով մեր քաջարի զինուորներու կողքին եւ բարձրացնելով բողոքի իր ձայնը՝ տէր կանգնելու համար հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն եւ հողային ամբողջականութեան։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անունով ընկ. Սերգօ Գույումճեան անդրադարձաւ անցնող օրերու ռազմական գործողութիւններուն եւ շեշտը դրաւ աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան՝ լուսաբանելու երկիրներու կառավարութիւնները, միջազգային ատեանները եւ հանրային կարծիքը՝ Ատրպէյճանի ռազմապաշտ քաղաքականութեան առնչութեամբ։
Ան նաեւ մատնանշեց, թէ մեծ թիւով հայագաղութներու մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Հայ դատի միաւորները յաջող ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպեցին, կեդրոնացնելով հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ազերիական ոտնձգութիւններու դատապարտման վրայ։
Տեղւոյն վրայ նշուեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած քայլերը հելլէն պետական, դիւանագիտական եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ, որոնց համար արդէն Հայաստանի պետական եւ դիւանագիտական գործօնները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են։
Մօտ ժամ մը տեւած ցոյցը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգներով, որոնք միաբերան երգուեցան ներկայ ժողովուրդին կողմէ։