Եր­կու­շաբ­թի՝ Ապ­րիլ 23ի յետ­մի­ջօ­րէի կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ, ­­Նէա Զ­միռ­նիի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թե­նէն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մէն ետք, ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ հա­րիւ­րա­ւոր յու­նա­հայ պա­տա­նի­նե­րով ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րով, ո­րոնք հա­ւա­քո­ւած էին Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան տա­ղա­ւա­րին շուրջ։
Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը տա­ղա­ւա­րը զե­տե­ղած էր Ուր­բաթ՝ 20 Ապ­րի­լէն մին­չեւ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րիլ, ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը՝ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով յոյն եւ օ­տար ան­ցորդ­նե­րուն ­Հայ ­Դա­տի վե­րա­բե­րեալ: ­Մեր տղա­քը ան­ցորդ­նե­րուն կը բաժ­նէին ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի օ­րո­ւան ի­մաստն ու քա­ղա­քա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցող ու լու­սա­բա­նող թռու­ցիկ­ներ։
Երբ հա­սաւ ցոյ­ցի ո­րո­շո­ւած ժա­մը՝ մեր ժո­ղո­վուրդն ու ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­րիւ­րա­ւոր­նե­րու կազ­մա­կեր­պո­ւած շար­քի մէջ խմբո­ւե­ցան եւ, բարձ­րա­խօ­սով օժ­տո­ւած ինք­նա­շար­ժի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, սկսան յա­ռա­ջա­նա­լ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ ­­Բո­ղո­քի եր­թին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող ցու­ցա­պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին, Ե­ռա­գոյն դրօշ­նե­րու ծա­ծա­նու­մին տակ, պա­հան­ջա­տէր յու­նա­հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­բար բարձրա­ձայն վան­կար­կեց ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած Ապ­րիլ 24ի քա­ղա­քա­կան-պա­հան­ջա­տի­րա­կան կար­գա­խօս­նե­րը։
­Ցոյ­ցին ա­ռա­ջին կար­գին ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան պա­տա­նի­նե­րը իրենց ձեռ­քին բռնած հսկայ ե­ռա­գոյն դրօ­շը ու ե­ռա­գոյն փու­չիկ­ներ, ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէին եւ կը մաս­նակ­ցէին ի­րենց ա­ռաջ­նոր­դող­նե­րուն ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, բարձ­րա­ձայ­նօ­րէն վան­կար­կե­լով կար­գա­խօս­նե­րը:
­Ցոյ­ցը ա­ռաջ­նոր­դող կեդ­րո­նա­կան ցու­ցա­պաս­տառ մը կը պար­զէր ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քար­տէ­սը, ո­րու վրայ գրո­ւած էր՝ This is our holy land, This is Armenia,
#recognition, #restoration, #reparation: Այլ պաս­տա­ռի մը վրայ գրո­ւած էր՝ «երէկ ­Թա­լաա­թը, այ­սօր Էր­տո­ղա­նը՝ վա­ղը ո՞վ»:
Բ­նա­կա­նա­բար բո­ղո­քի եր­թին հսկող ա­պա­հո­վու­թեան ոս­տի­կան­նե­րը դադ­րե­ցու­ցին եր­կու ուղ­ղու­թեամբ եր­թե­ւե­կի մէկ բա­ժի­նը՝ միւս կէ­սին մէջ ստեղծելով մաս­նա­կի եր­թե­ւե­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Այդ կար­գադ­րու­թիւ­նը ա­կա­մայ օգ­նեց, որ ինք­նա­շար­ժով ան­ցորդ­ներն ու հան­րա­կառք­նե­րու յա­ճա­խորդ­նե­րը մօ­տէն հե­տե­ւին ցոյ­ցին եւ եր­բեմն ալ զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­նան…
­Ցոյ­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ քիւր­տեր, ո­րոնք պաս­տառ­ներ եւ դրօ­շակ­ներ պարզած էին:
Ցուցարարներուն իրենց ողջոյնի խօսքը ուղեցին ու իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին յունական քաղաքական միութիւններու երիտասարդականներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ պոնտական երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչը: Ինչ­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 103րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նած այս տա­րո­ւան բո­ղո­քի ցոյ­ցը դար­ձեալ բա­խե­ցաւ հել­լէն ոս­տի­կա­նու­թեան ար­գել­քին՝ մտնե­լու ­­Ռի­ղի­լիս փո­ղո­ցը եւ յա­ռա­ջա­նա­լու դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը։
Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը իր տեղադրած ինքնաշարժներով, ոչ միայն ար­գելք կանգ­նե­ցաւ բո­ղո­քի ցոյ­ցին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէնք յա­ռա­ջա­նա­լուն, այ­լեւ՝ չար­տօ­նեց, որ ցոյ­ցը ներ­կա­յաց­նող պա­տաս­խա­նա­տունե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տե­նայ թրքա­կան դես­պա­նա­տան, որ­պէս­զի յանձ­նէ ցոյ­ցին պա­հան­ջա­տի­րա­կան յու­շա­գի­րը եւ պար­տադ­րեց անոնց, որ դես­պա­նա­տան շէն­քին մեր­ձա­կայ ծա­ռի մը վրայ փակց­նեն ­հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը պար­զող յու­շա­գի­րը։
Ցու­ցա­րար բազ­մու­թիւ­նը ան­շուշտ ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչե­ցուց ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի իր պա­հանջ­նե­րը, իսկ բարձ­րա­խօ­սով հե­տե­ւո­ղա­կանօ­րէն յստա­կա­ցո­ւե­ցաւ հան­րու­թեան ու ոս­տի­կա­նու­թեան, որ հա­յու­թեան բո­ղո­քը ո­րե­ւէ ձե­ւով չի սպառ­նար ­­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին ան­դոր­րին եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու անվ­տան­գու­թեան, այլ՝ ուղ­ղո­ւած է բա­ցա­ռա­բար ցե­ղաս­պան թուր­քի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն դէմ։
­Քա­ղա­քա­ցիա­կան մեր տար­րական ի­րա­ւունք­նե­րը կաշ­կան­դող այդ կեցուած­քին ի պա­տաս­խան՝ ցոյ­ցին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը բարձ­րա­խօ­սով հրա­պա­րա­կե­ցին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­­Թուր­քիոյ դես­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան յու­շագ­րին, որ­մէ պատ­ճէն­ներ յանձ­նո­ւե­ցան նաեւ մա­մու­լին ու զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տուական մի­ջոց­նե­րու թղթա­կից­նե­րուն։ ­Յա­ջոր­դա­բար, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րը՝ «ե­րէկ ­Թա­լաա­թը, այ­սօր Էր­տո­ղա­նը՝ վա­ղը ո՞վ» պաս­տա­ռին առ­ջեւ, ճամ­բուն մէջ­տե­ղը մո­մե­րով գրե­ցին 1915 թո­ւա­կա­նը ու ա­նոնց վրայ զե­տե­ղե­ցին ­Թա­լաա­թի եւ Էր­տո­ղա­նի նկար­նե­րը, ո­րոնք վառեցին:
­Ցոյ­ցը հա­սաւ իր ա­ւար­տին ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ օ­ղակ մը կազ­մե­լով պա­րե­ցին հայ­կա­կան քո­ջա­րի ու Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան ցոյ­ցը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեանց ո­գերգ­նե­րու խմբեր­գումով։