­Բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ՝
Ա­թէն­քի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ ­Գա­լա­մա­թա­յի մէջ

­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­կան եւ միա­հա­մուռ կե­ցո­ւած­քով
դա­տա­պար­տեց թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի վրայ

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 30 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5-ին, Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, մօտ 1000 հա­յեր ներ­կայ գտնո­ւե­ցան եւ ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րա­ցու­ցին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մին դէմ Ար­ցա­խի վրայ։
Բո­ղո­քի հա­ւա­քը ու­նէր գա­ղու­թա­յին միա­ցեալ բնոյթ՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, Ռ.Ա.Կու­սակ­ցու­թեան, յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րու, գա­ղու­թի ազ­գա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան կա­ռոյց­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ կազ­մա­կերպ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տու­թեամբ ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։ Ո­րո­շեալ ժա­մուն, հա­յու­թիւ­նը՝ պա­տա­նիէն սկսեալ մին­չեւ տա­րե­ցը, մէկ ձայ­նով ու զօ­րա­ւոր կամ­քով հա­ւա­քո­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կին վրայ՝ յու­նա­կան խորհրդա­րա­նի դի­մա­ցը։ ­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պաս­տառ­նե­րով, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տէին ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, տեղ բռնած էին հրա­պա­րա­կի եր­կայն­քին՝ ստեղ­ծե­լով տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը։ Ա­նոնց կող­քին, պա­տա­նե­կան սե­րուն­դի մեր կազ­մա­կերպ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը պար­զած էին մե­ծա­ծա­ւալ ե­ռա­գոյն դրօ­շակ մը եւ հա­մար­ձակ կե­ցո­ւած­քով յա­տուկ գոյն մը տո­ւին հա­ւա­քի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կող­քին էին ­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ, պոն­տա­կան, ա­սո­րա­կան եւ այլ քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նի ա­նու­նով, հա­ւա­քի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, որ նա­խա­պէս նկա­րագ­րեց վեր­ջին օ­րե­րուն թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րու տա­րո­ղու­թիւնն ու ըն­թաց­քը, մատ­նան­շե­լով թէ՝ ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ յար­ձա­կում­նե­րուն, այս ան­գամ Ատր­պէյ­ճան ծա­ւա­լած է պա­տե­րազմ մը սահ­ման­նե­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին։ Ընկ. ­Գու­յում­ճեան յայտ­նեց, որ այս պա­տե­րազ­մին, այ­լեւս ­Թուր­քիան բա­ցա­յայտ կեր­պով կ­՚ուղ­ղէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը՝ հսկայ սպա­ռա­զի­նու­թեամբ եւ ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Ան նշեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը տո­ւած է հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր, սա­կայն ա­նոնց դի­մաց, հայ քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րու կո­րուս­տը ծանր կը կշռէ ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար։
Ան ող­ջու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ վեր­ջին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.-ի նա­խա­գա­հու­թեան մօտ՝ պա­տե­րազ­մի դադ­րեց­ման եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վե­րա­դար­ձի կա­պակ­ցու­թեամբ։ ­Խօ­սո­ղը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը եր­կու օր ա­ռաջ չե­ղեալ նկա­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր­նե­րու քննարկ­ման եւ վա­ւե­րաց­ման օ­րա­կար­գը։ ­Յայտ­նեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ ­Թուր­քիոյ հետ զի­նակ­ցու­թեան դէմ կանգ­նե­լու լա­ւա­գոյն պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ՝ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի հել­լէն-ա­զե­րիա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի մէջ մաս­նակ­ցող բո­լոր յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րու հրա­ժա­րա­կա­նը։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, վստա­հե­ցուց որ հա­յու­թիւ­նը եր­բեք պի­տի չկքի, ո­րով­հե­տեւ իր պայ­քա­րը ար­դար է եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մա­հու-կե­նաց խնդիր մըն է, որ պի­տի պսա­կո­ւի հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կով։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ող­ջոյ­նի խօս­քեր ա­ռին խորհրդա­րա­նի հայ-յու­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ե­րես­փո­խան ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լոս, ­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող Ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով յոյն ե­րես­փո­խան­ներ։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը եւ ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Յատ­կան­շա­կան էր, որ ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին, հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պով, ­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ջերմ բա­րե­կամ Ան­տո­նիս ­Սա­մա­րաս իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Նաեւ, նոյն պա­հուն հա­ւա­քո­ւած ժո­ղո­վուր­դը տե­ղե­կա­ցաւ, որ յոյն-ա­զե­րիա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բին մէջ ար­ձա­նագ­րուած են հրա­ժա­րա­կան­ներ յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ, որ­պէս բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն։
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րու բա­ժի­նը վերջ գտաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­նու­նով կա­տա­րո­ւած ու­ղերձ­նե­րով, ո­րոնք ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեա­նի եւ Ազ­նիւ ­Չու­լու­քեա­նի կող­մէ։ Եր­կու խօ­սող­նե­րը յայտ­նե­ցին թէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը կանգ­նի հայ զի­նո­ւո­րի կող­քին եւ պայ­քա­րի իր ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին։
Ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան լսո­ւե­ցան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր, իսկ ժո­ղո­վուր­դը լո­զունգ­ներ բա­ցա­գան­չեց՝ դա­տա­պար­տե­լով ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ։
Ե­լոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու միա­բե­րան կա­տա­րու­մով։
­Յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ նաեւ, որ կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նի ա­նու­նով յա­տուկ յու­շա­գիր պի­տի յանձ­նո­ւի յու­նա­կան պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մար­մին­նե­րուն, պա­հան­ջե­լով թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րու դա­տա­պար­տու­մը եւ պա­տե­րազ­մի ան­մի­ջա­կան դադ­րե­ցու­մը։
Ն­շենք, որ բո­ղո­քի հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղան եւ նկա­րա­հա­նե­ցին յու­նա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­ներ, լրագ­րող­ներ եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ տո­ւին լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ հար­ցազ­րոյ­ներ՝ բա­ցատ­րե­լով բո­ղո­քի հա­ւա­քի նպա­տակն ու ամ­բողջ հա­յու­թեան ընդվ­զումն ու պայ­քա­րի կո­չը։

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ մատս­նակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հա­յու­թեան, ա­ւե­լի քան 300 հայ­րե­նակ­ցի­ներ հա­ւա­քո­ւե­ցան «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ՝ ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը միաց­նե­լու հա­մար ամ­բողջ հա­յու­թեան ձայ­նին։
­Նա­խա­պէս, կա­տա­րո­ւե­ցաւ կարճ ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­մեր­գու­թիւն մը, ա­պա խօսք ա­ռաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, որ նշեց թէ Ս­փիւռ­քի մէջ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նած է եւ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Ար­ցա­խին ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին։ Ան դրո­ւա­տեց հա­յու­թեան պայ­քա­րու­նակ ո­գին, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ մեր քաջ զի­նո­ւոր­նե­րու հե­րո­սու­թիւ­նը։
Յա­ջոր­դա­բար, հա­ւա­քո­ւած հա­յու­թիւ­նը պաս­տառ­ներ պար­զած՝ քայ­լար­շաւ կա­տա­րեց դէ­պի քա­ղա­քի ծո­վե­զե­րեայ կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, որ հոն նաեւ յոյն ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան, եր­գո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր ու կա­տա­րո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին պա­րեր։ Ա­ւար­տին, եր­գո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։

ԳԱԼԱՄԱԹԱՅԻ ՄԷՋ

­Գա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը մէկ­տե­ղո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ դի­մա­ցը գտնո­ւող հայ­կա­կան խաչ­քա­րին առ­ջեւ եւ բարձ­րա­ցուց պաս­տառ­ներ դա­տա­պար­տե­լով ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րը Ար­ցա­խի վրայ։ ­Յատ­կան­շա­կան էր, որ հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղաւ ­Գա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լոս, որ իր ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հա­յու­թեան պայ­քա­րին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին։