Կիրակի՝ 25 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Թեսաղոնիկէի «Սպիտակ Աշտարակի»ն առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ հաւաք, ուր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պատանի-պարմանուհիներ, ձեռքերնին ունենալով եռագոյն դրօշներ, ինչպէս նաեւ լոզունգներով պաստառներ՝ իրենց բողոքը արտայայտեցին թուրք-ատրպէյճանական յարձակման, զօրակից եղան Հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ աշխարհէն պահանջեցին Արցախի անկախութեան ճանաչումը՝ ազգային եւ յեղափոխական յուզիչ, միեւնոյն ատեն խրախուսիչ երգերով։ Սոյն հաւաքին ներկայ էին Թեսաղոնիկէի կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ գոհացուցիչ թիւով թեսաղոնիկահայեր եւ օտարներ։
Մինչ այդ, տարբեր խումբ մը, Թեսաղոնիկէի Լանկատա շրջանէն, աւելի քան 100 ինքնաշարժներով, եռագոյն դրօշներ բարձր պարզած, պետական մարմիններու հսկողութեամբ, իրենց երթի սկիզբը դրին, շրջելով գրեթէ Թեսաղոնիկէի կեդրոնական մայր պողոտաներէն եւ հասան «Սպիտակ Աշտարակ»ի առջեւ ու միացան բողոքի լուռ հաւաքին։ Տպաւորիչ էր տեսարանը, երբ յատկապէս օտարներ, դիտելով պարզուած եղելութիւնը՝ իրենք եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայ ժողովուրդին։
Սկիզբէն «Սպիտակ Աշտարակ»ին առջեւ տեղադրուած էր Արցախի դրօշով զարդարուած դրամահաւաքի փակ արկղը, ուր հայորդիներ, ներկաներ, անհատներ, յոյներ եւ այլ օտարներ ձեռքերնին պարզած եռագոյն դրօշով իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին առ ի զօրացութիւն մեր Հայոց բանակին։
Սոյն ձեռնարկին ամենէն յուզիչ պահը այն էր, երբ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, 2 հատ բաւական մեծ տարողութեամբ եռագոյն դրօշներով «Սպիտակ Աշտարակ»ի երկայնքին ծածանած իրենց աննկուն հաւատքով, անկոտրում յոյսով ու վճռակամ տեսիլքով արժանապատուօրէն օտարներուն ցոյց տուին Հայուն կապուածութիւնը իր Հայրենիքին ու Հայոց Բանակին նկատմամբ։ Հուսկ, Թեսաղոնիկէի երկինքին վրայ ծածանուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը, ուր ներկաներու ծափողջոյններով եւ «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» բացագանչութիւններով ընդունուեցաւ։
Յայտնենք, որ նախապէս այս հաւաքին տեղ որոշուած էր Հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ բոլոր շրջաններէն հաւաքուիլ Թեսաղոնիկէեւ աւելի մեծ տարողութեամբ կատարել զայն, սակայն, դժբախտաբար, վերջին օրը պետական մարմիններուն կողմէ առկախուեցաւ՝ շրջանէն ներս «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածման առաջքը առնելու նպատակով։ Սակայն, համայնքի ներկայացուցիչները առաջին տարբերակի կողքին մտածած էին երկրորդ տարբերակը, որ գործադրուեցաւ ամբողջութեամբ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հ.Հ. քայլերգով։
Աւարտին, արկղը փոխադրուեցաւ «Տէր-Զաքարեան» սրահ, ուր հաւաքուած պատշաճ ու օրինակելի գումարը հաշուելէ ետք, դրուեցաւ տուեալ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի հաշուեհամարին։
«Ապրի՛ք, հազար ապրիք, ձեր բոլորին վարձքը կատար»։
ԹՂԹԱԿԻՑ