Յունահայութիւնը իր նորահաս սերունդով
վճռակամ կանգնած է Հայ Դատի
պահանջատիրութեան պայքարը
յառաջ մղելու ճակատին վրայ
Հելլէն ոստիկանութիւնը արգելակեց յունահայոց բողոքի ցոյցին
յառաջխաղացքը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատունը
Թրքական դեսպանատան կողմէ մերժուած բողոքի
ցոյցին պահանջատիրական յուշագիրը բարձրախօսով
կարդացուեցաւ հանրութեան
Երկուշաբթի՝ Ապրիլ 24ի յետմիջօրէի կանուխ ժամերէն սկսեալ, Սինտաղմայի հրապարակը ողողուած էր հարիւրաւոր յունահայ պատանիներով ու երիտասարդներով, որոնք հաւաքուած էին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան աւանդական տաղաւարին շուրջ։
Մեր տղաքը անցորդներուն կը բաժնէին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան իմաստն ու քաղաքական պատգամը փոխանցող ու լուսաբանող թռուցիկներ։ Նաեւ՝ կը տեղեկացնէին, որ երեկոյեան ժամը 6։30ին յունահայութիւնը բողոքի մեծ ցոյց մը պիտի կատարէ՝ Սինտաղմայի հրապարակէն խաղաղ երթով քալելով դէպի Ռիկիլիս փողոցին վրայ գտնուող թրքական դեսպանատունը։
Երբ հասաւ ցոյցի որոշուած ժամը՝ մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը հարիւրաւորներու կազմակերպուած շարքի մէջ խմբուեցան եւ, բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժի առաջնորդութեամբ, սկսան յառաջանալու դէպի թրքական դեսպանատուն։ Բողոքի երթին ամբողջ տեւողութեան, օրուան կարգախօսները պարզող ցուցապաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին, Եռագոյն դրօշներու ծածանումին տակ, պահանջատէր յունահայութիւնը միասնաբար բարձրաձայն վանկարկեց արդէն աւանդական դարձած Ապրիլ 24ի քաղաքական-պահանջատիրական կարգախօսները։
Ցոյցը առաջնորդող կեդրոնական ցուցապաստառ մը կը պարզէր Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը, որու վրայ գրուած էր՝
This is our holy land
This is Armenia
#recognition
#restoration
#reparation
Բնականաբար բողոքի երթին հսկող ապահովութեան ոստիկանները դադրեցուցին երկու ուղղութեամբ երթեւեկի մէկ բաժինը՝ միւս կէսին մէջ հնարաւորութիւն տալով մասնակի երթեւեկի հնարաւորութիւն։ Այդ կարգադրութիւնը ակամայ օգնեց, որ ինքնաշարժով անցորդներն ու հանրակառքներու յաճախորդները մօտէն հետեւին ցոյցին եւ երբեմն ալ զօրակցական արտայայտութիւններ ունենան…
Ուշագրաւ է, որ այս տարի յատկապէս նորահաս սերունդներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը տիրական էր Ապրիլ 24ի պահանջատիրական ցոյցին։ Մանաւանդ երիտասարդ ծնողները, իրենց նորածին կամ մանուկ տարիքի զաւակները փոխադրող կառքերով, ոգեւորիչ ալիք բարձրացուցին՝ հայ ժողովուրդի վաղուան պահանջատիրական պայքարին հաշւոյն պայծառ հորիզոն խոստանալով։
Ինչպէս վերջին տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առիթով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնած այս տարուան բողոքի ցոյցը դարձեալ բախեցաւ հելլէն ոստիկանութեան արգելքին՝ մտնելու Ռիկիլիս փողոցը եւ յառաջանալու դէպի թրքական դեսպանատան շէնքը։ Անշուշտ Հ.Յ.Դ. պատասխանատուները բանակցութեան մէջ մտան ցոյցին պատուար կանգնող ոստիկաններու հրամանատարութեան հետ, բայց ոստիկանական պատնէշը քիչ մը ետ տանելու եւ բողոքի ցոյցին մասնակիցներուն, գոնէ հեռուէն, դեսպանատան շէնքը տեսնելու հնարաւորութիւն տալու բոլոր ճիգերը մնացին ապարդիւն։ Այդ ամբողջ տեւողութեան ցուցարար բազմութիւնը անշուշտ աւելի բարձրաձայն հնչեցուց արդարութեան եւ իրաւունքի իր պահանջները, իսկ բարձրախօսով հետեւողականօրէն յստակացուեցաւ հանրութեան ու ոստիկանութեան, որ հայութեան բողոքը որեւէ ձեւով չի սպառնար Յունաստանի ներքին անդորրին եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան, այլ՝ ուղղուած է բացառաբար ցեղասպան թուրքի ժառանգորդներուն դէմ։
Ոստիկանութիւնը ոչ միայն արգելք կանգնեցաւ բողոքի ցոյցին դէպի թրքական դեսպանատան շէնք յառաջանալուն, այլեւ՝ չարտօնեց, որ ցոյցը ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւնը մօտենայ թրքական դեսպանատան, որպէսզի յանձնէ ցոյցին պահանջատիրական յուշագիրը, հակառակ որ նախորդ տարիներուն պատուիրակութիւնը արտօնութիւն կը ստանար մօտենալու դեսպանատան եւ, թուրք պաշտօնեաներու կողմէ չընդունուելու պարագային, դեսպանատան շէնքին մերձակայ ծառի մը վրայ փակցնելու հայութեան պահանջները պարզող յուշագիրը։
Քաղաքացիական մեր տարրական իրաւունքները կաշկանդող այդ կեցուածքին ի պատասխան՝ ցոյցին պատասխանատուները բարձրախօսով հրապարակեցին բովանդակութիւնը Յունաստանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան ուղղուած հայութեան պահանջատիրական յուշագրին, որմէ պատճէններ յանձնուեցան նաեւ մամուլին ու զանգուածային լրատուութեան միջոցներու թղթակիցներուն։
Ապրիլ 24ի այս տարուան ցոյցը եզրափակուեցաւ Յունաստանի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց ոգերգներու, ինչպէս նաեւ ազգային-յեղափոխական մեր երգերու խմբերգումով։
Թուրքիոյ դեսպանութեան ուղղուած բողոքի
ցոյցին պահանջատիրական յուշագիրը
102 տարի ետք Թուրքիա կը շարունակէ մերժել ցեղասպանութիւնը։
Օգտագործելով այն ատենուան ռազմաքաղաքական կացութիւնը, որ օգնեց շուտ մոռցնել տալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ձեր երկիրը բոլորովին հակառակ ձեւով փորձեց պատմութիւն գրել, եւ ձեր ժողովուրդը դաստիարակեցիք, փորձելով ատիկա ներկայացնել հանրային կարծիքին։
Ձեր երկրի ճնշումները եւ քաղաքական ու տնտեսական սպառնալիքները չեն արդիւնաւորուիր։ Հայ ժողովուրդի շարունակական պայքարով այսքան տարիներու ընթացքին, միջազգային կազմակերպութիւններ, կրօնական անձեր, ազգային խորհրդարաններ, քաղաքապետութիւններ եւ մարզպետարաններ ինչպէս նաեւ ակադեմականներ եւ միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններ ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Շատ յուսադրիչ է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներ եւ մտաւորականներ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն՝ պահանջելով, որ Թուրքիան ներողութիւն խնդրէ եւ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։
Ոեւէ ազգ չ՚ուզեր ցեղասպան կոչուի։
102 տարի ետք, հայ ժողովուրդը դեռ կը պահանջէ՝
—1.500.000 անմեղ Հայերու Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը:
— Բռնագրաւուած հողերու վերադարձը:
— Ազգային եւ եկեղեցական կալուածներու վերադարձը:
Նաեւ՝ Թուրքիա պարտի իր կեցուածքը փոխել Հայաստանի եւ Արցախի հետ կապերու վերաբերեալ:
— Վերացնել Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը:
— Դադրեցնէ իր քաջալերական քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական կեցուածքը Ատրպէյճանին հանդէպ եւ Արցախի հարցը լուծուի խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն