­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան ու­ղերձ մը յղած է կեն­սո­լոր­տի ու բնաշ­խար­հի պահ­պան­ման հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան ա­ռի­թով: Ու­ղեր­ձին մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար կը նշո­ւի.-
«Ես բնու­թեան հետ եմ» կո­չը ընտ­րած է երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թիւ­նը իբ­րեւ կեն­սո­լոր­տի ու բնաշ­խար­հի պահ­պան­ման հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան 2017ի կար­գա­խօս: Ա­նի­կա կը բարձ­րաց­նէ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մա­մարդ­կա­յին ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր հար­ցե­րէն մէ­կը: Այ­սօր մար­դու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այն­պի­սի ծա­ւալ­ներ ու բնոյթ ստա­ցած է, որ օ­րի­նա­չափ հարց կը ծա­գի` մար­դը բնու­թեան դէ՞մ է, թէ՞ հետ: ­Մարդ­կու­թեան ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նը կը թե­լադ­րէ մէկ պա­տաս­խան` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կա­յուն զար­գա­ցու­մը եւ յա­րա­տե­ւու­մը կա­րե­լի են միայն բնու­թեան հետ ներ­դաշ­նակ ապ­րե­լով:
«­Հար­ցը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ մեր երկ­րին եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար:
Այ­սօր մեր պատ­մա­կան մեծ բնօր­րա­նէն մե­զի բա­ժին հա­սած փոքր հա­տո­ւա­ծի հա­րուստ եւ ինք­նա­տիպ բնաշ­խար­հը պահ­պա­նե­լու եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւօ­րէն սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կանգ­նած ենք: Այդ գի­տակ­ցու­թիւ­նը պէտք է գե­րա­կա­յէ մեր գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր մար­զե­րուն, ծրա­գիր­նե­րուն եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Տն­տե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը պէտք է յե­նի ոչ թէ բնա­կան պա­շար­նե­րու գեր-շա­հա­գործ­ման վրայ, այլ պահ­պա­նո­ւած բնու­թիւ­նը ինք­նին իբ­րեւ ար­ժէք եւ ար­ժէք ստեղ­ծող հէնք դի­տար­կե­լու:
«Այս եւ բնա­պահ­պա­նա­կան այլ հար­ցեր կա­րե­լի չէ լու­ծել միայն պե­տա­կան գոր­ծի­քա­կազ­մով: ­Հայ­րե­նի բնու­թեան պահ­պա­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ իւ­րա­քան­չիւ­րիս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը` ման­կա­հա­սակ ե­րե­խա­յէն մին­չեւ հա­սուն քա­ղա­քա­ցիի, պե­տա­կան ծա­ռա­յո­ղէն մին­չեւ բնա­կան պա­շար­նե­րու հաշ­ւոյն ձեռ­նե­րէ­ցու­թեամբ զբա­ղո­ւո­ղի:
Բ­նա­պահ­պա­նու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ կեն­սա­կերպ: «Շր­ջա­կայ բնաշ­խար­հի պահ­պա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը պէտք է իր կա­յուն տե­ղը ու­նե­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին մէջ: Բ­նա­պահ­պա­նու­թիւ­նը մեր պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­քա­րե­րէն մէկն է եւ կը պա­հան­ջէ բո­լո­րիս հա­մար­ժէք մօ­տե­ցու­մը»: