Կնախտաբան բժիշկ Սոֆիա Իվանիտու, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի հետ գործակցելով, եւ Frezyderm ընկերութեան բարի հովանաւորութեամբ, նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, Արցախ փոխադրեց կենսանիւթեր եւ մանկական ու կանանց համար առողջապահական նիւթեր։
16 եւ 17 Դեկտեմբերին, Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի գրասենեակէն ներս, բժիշկուհին Յունաստանէն տարած իր բժշկական օգնութիւնը բաժնեց տեղւոյն ժողովուրդին։
Սոֆիա Իվանիտուն բժիշկ-կնախ-տաբան է՝ վերարտադրողական վերականգնողական բժշկութեան մագիստրոսի կոչումով եւ երիտասարդ աղջիկներու առողջապահութեան միջազգային մասնագիտացումով։
Ան՝ Աթէնքի «Ալեքսանտրա» հիւանդանոցի գիտաշխատող է:
Ծնած է Արցախի Մարտակերտ քաղաքը։ Այժմ կ’ապրի Յունաստան։
44-օրեայ պատերազմէն ետք իր երրորդ այցելութիւնն էր Արցախ։
Բժիշկը Ստեփանակերտի մէջ կատարած էր խորհրդատուութիւն եւ անվճար հետազօտութիւն 40-էն վեր կանանց մօտ։ Այդ ընթացքին ան հաստատեց, թէ որքան անհրաժեշտ են դեղամիջոցներն ու կենսանիւթերը եւ անոնց պակասը։
Ջերմ շնորհակալութիւն տիկին Իվանիտուին՝ Արցախի ժողովուրդին ունեցած ներդրման համար։ Իրեն կը մաղթենք յառատեւ յաջողութիւններ:
Շնորհակալութիւն Frezyderm ընկերութեան իր նուիրատուութիւն համար։