­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով Հ.Օ.Մ.ի մար­դա­սի­րա­կան եւ խնա­մա­տա­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան, ա­ռի­թը չի փախց­ներ մեր ժո­ղո­վուր­դը մնա­յուն կեր­պով տե­ղե­կաց­նե­լու բժշկա­կան կա­րե­ւոր հար­ցե­րու շուրջ։
Ա­նոնց­մէ մէ­կը ե­ղաւ բա­ցա­ռիկ ե­լոյթ մը, կազ­մա­կեր­պո­ւած Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ, նո­ւի­րո­ւած «Ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու­նե­րու հայ­կա­կան ար­խիւ» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի ծա­նօ­թաց­ման յու­նա­հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ հաս­տա­տու­թեան եր­կու գլխա­ւոր բժիշկ­նե­րուն, ո­րոնք այս ա­ռի­թով Ա­թէնք գտնո­ւե­ցան։
­Շա­բաթ՝ 1 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդրո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րը կա­նու­խէն լե­ցուն էին հայ­րե­նա­կից­նե­րով եւ խա­չու­հի ըն­կե­րու­հի­նե­րով, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին Շրջ. ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին։ Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի գե­րա­պայ­ծառ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հիւ­պա­տոս Ան­նա ­Խա­չատ­րեան-­Շա­քա­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ­Դա­նիէլ Ա­բի­կեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէին կող­մէ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեան, Հ.Մ.Ը.­Մի. եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ աս­տի­ճա­նա­ւոր­ներ։
Օ­րո­ւան հիւ­րերն էին «Ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու­նե­րու հայ­կա­կան ար­խիւ» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ տոքթ. Ֆ­րի­տա ­Ճոր­տան եւ Հ.Օ.Մ.ի Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ման­կան» հի­ւան­դա­նո­ցի տնօ­րէն տոքթ. ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեան։
Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գիրազեան, որ բա­րի գալստեան խօս­քէն ետք, անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու բժիշկ­նե­րու գի­տա­կան կեն­սագ­րու­թեան եւ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, խօսք ա­ռաւ տոքթ. Ֆ­րի­տա ­Ճոր­տան. ան իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ մօտ 10 տա­րի ա­ռաջ գտնո­ւած էր նոյն սրա­հէն ներս եւ նոյն նիւ­թին հա­մար տե­սակ­ցած էր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ՝ այն ժա­մա­նա­կին ստեղ­ծե­լով յու­նա­հայ հա­մայն­քէն յա­ռաջ ե­կած DNAի (ծի­նա­կան) ա­ռա­ջին հա­ւա­քա­ծոն։
Ա­պա, ցոյց տրո­ւե­ցաւ կարճ տե­սա­ժա­պա­ւէն մը հիմ­նադ­րա­մի 20ա­մեա­կին մա­սին, որ կը ներ­կա­յաց­նէր ա­րեան քաղց­քե­ղէն տա­րա­պող հայ ան­հատ­նե­րու բժշկա­կան խնամ­քի տա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ոսկ­րա­ծու­ծի հայ­կա­կան ար­խի­ւի ներդ­րու­մը ա­նոնց ա­պա­քին­ման աշ­խա­տան­քին մէջ։
­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ տոքթ. ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեան. ան ման­րա­մասն կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու­նե­րու ար­խի­ւի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք­նե­րը վեր­ջին 20 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, որ հիմ­նադ­րա­մը կը գոր­ծէ։
Բ­ժիշ­կը յայտ­նեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 33 եր­կիր­նե­րէ ար­դէն ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նին 32.000 հայ նո­ւի­րա­տու­նե­րու ծի­նա­կան նմուշ­ներ (DNA)։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ բժշկա­կան ար­դիա­կան կեդ­րոն մը, որ միա­ժա­մա­նակ կը գոր­ծակ­ցի աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն հետ, իսկ ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին՝ Է­վան­կե­լիզ­մոս հի­ւան­դա­նո­ցին հետ, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­նե­րը, ա­մէն ան­գամ երբ կա­րի­քը կը զգա­ցո­ւի փրկել ա­րեան քաղց­քե­ղէն տա­րա­պող հայ­րե­նա­կի­ցի մը կեան­քը։
­Յար­գե­լի բժիշ­կը յայտ­նեց, որ մին­չեւ այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի բժշկա­կան կեդ­րո­նը կա­րո­ղա­ցած է 34 հա­յե­րու կեան­քը փրկել, թիւ մը, որ իս­կա­կան նո­ւա­ճում մըն է եւ որ ցոյց կու տայ հիմ­նադ­րա­մի կա­րե­ւոր եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ բժշկու­թեան ո­լոր­տէն ներս։
­Ճիշդ այս պատ­ճա­ռով ալ, հրա­մա­յա­կան կը նկա­տո­ւի ընդ­լայ­նել նո­ւի­րա­տու­նե­րու ցան­ցը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի հեշ­տու­թեամբ գտնո­ւին ծի­նա­կան նոյն տո­ւեալ­նե­րը, ա­մէն ան­գամ երբ կա­րի­քը կայ։ Ան ընդգ­ծեց, թէ այն­քան կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է հիմ­նադրա­մի աշ­խա­տան­քը, որ ­Հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կու ­Կա­թո­ղի­կոս­նե­րը նո­ւի­րա­տու ե­ղած են, իսկ հայ ե­կե­ղե­ցին եւս՝ իր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ, կը սա­տա­րէ հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար, բժիշկ ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեան անդ­րա­դար­ձաւ ա­րեան քաղց­քե­ղին (Λευχαιμία) եւ ներ­կա­յա­ցուց կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն վրայ այս հի­ւան­դու­թիւ­նը չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար նո­ւի­րա­տու­նե­րէ ա­րեան բջիջ­նե­րու պա­տո­ւաս­տու­մի գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նի ծի­նա­կան իւ­րա­յա­տուկ նոյ­նու­թիւն, որ կը յատ­կան­շէ հայ ցե­ղը եւ որ դա­րե­րէն ե­կող հաս­տա­տո­ւած այն յատ­կա­նիշն է, երբ կ­՚անդ­րա­դառ­նանք հայ ցե­ղի ա­րեան։
Ան նաեւ ը­սաւ, որ ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու (յոյն, հրեայ, ի­տա­լա­ցի, եւ այլն) ծի­նա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը կրնան հա­մընկ­նիլ հայ­կա­կան ծի­նե­րուն։ ­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, հայ գիտ­նա­կա­նը յայտ­նեց թէ բժշկա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն կայ ­Թուր­քիոյ հետ եւս, ուր հոն ի յայտ կու գան ծի­նա­կան նմուշ­ներ, ո­րոնք հայ­կա­կան են եւ ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը հե­տե­ւանք է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք բռնի թրքաց­ման, ո­րուն են­թար­կո­ւե­ցան հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր։
Իր խօս­քի ա­ւար­տին, տոքթ. Ա­ւա­գեան կոչ ուղ­ղեց 18էն մին­չեւ 50 տա­րե­կան հա­յե­րուն մաս­նակ­ցիլ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տան­քին եւ դառ­նալ նո­ւի­րա­տու։ Ան յայտ­նեց, թէ կեանք մը փրկե­լու ար­ժէ­քը անգ­նա­հա­տե­լի է, ու երբ կա­րի­քը կը զգա­ցո­ւի, այն նո­ւի­րա­տուն՝ ո­րուն ծի­նա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը կը նոյ­նա­նան հի­ւան­դի մը տո­ւեալ­նե­րուն հետ, միայն 150 կրամ ա­րեան քա­նա­կու­թիւն մը կը տրա­մադ­րէ։
Իր խօս­քի ա­ւար­տին, յար­գե­լի բժիշ­կը հան­գա­մա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նեց բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րու եւ տո­ւաւ յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։
Ա­պա, ան խօ­սե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ման­կան ա­ռող­ջու­թեան կեդ­րոն»ի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, տո­ւաւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ծննդա­բե­րա­կան եւ կնոջ ա­ռող­ջու­թեան հա­մար տրո­ւած բժշկա­կան խնամ­քին շուրջ, ընդգծե­լով՝ թէ 1997էն ի վեր, բժշկա­կան բարձր մա­կար­դա­կի սար­քե­րով եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած կեդ­րո­նէն ներս, բազ­մա­հա­զար ե­րե­խա­ներ ծնած են մին­չեւ այ­սօր եւ տաս­նեակ հա­զար­նե­րով փոք­րիկ­նե­րու եւ մայ­րե­րու ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խնամք տրո­ւած է։ Ո՛չ մէկ մայ­րա­կան մա­հա­ցու­թեան դէպք ար­ձա­նագ­րո­ւած է Հ.Օ.Մ.ի կեդ­րո­նին մէջ։
­Խօս­քի ա­ւար­տին, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ման­կան ա­ռող­ջու­թեան կեդ­րոն»ի մա­սին տե­սա­նիւթ մը, ուր յայտ­նի ե­ղաւ բարձր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը եւ Հ.Օ.Մ.ի կող­մէ տրո­ւած ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նի զար­գաց­ման հա­մար։
Ընկ. ­Լի­զէթ ­Շան­կա­յեան բեմ հրա­ւի­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ ներշն­չո­ւած խօս­քով մը վեր ա­ռաւ Հ.Օ.Մ.ի մար­դա­սի­րա­կան եւ խնա­մա­տա­րա­կան ծա­ւա­լուն ներդ­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս դրո­ւա­տեց «Ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու­նե­րու հայ­կա­կան ար­խիւ» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, նշե­լով թէ ա­նի­կա ազ­գա­յին եւ հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող աշ­խա­տանք մըն է եւ կը վե­րա­բե­րի մեր ինք­նու­թեան պահ­պան­ման։ Ան յայտ­նեց, թէ պէտք է ներգ­րա­ւել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ տա­րա­ծել նուի­րա­տու ըլ­լա­լու վե­հանձ­նու­թեան ո­գին, որ պի­տի նպաս­տէ ա­նոնց մէջ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան ամ­րագր­ման։ Սր­բա­զան հայ­րը եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով թէ, ինչ­պէս ­Հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադրամ­նե­րուն մէջ հա­յը միշտ ա­ռա­տա­ձեռն ե­ղած է, այս­պէս ալ Ոսկ­րա­ծու­ծի հիմ­նադ­րա­մը պէտք է ա­ւե­լիով տա­րա­ծո­ւի եւ ­Հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի մը վե­րա­ծո­ւի բո­լոր հա­յե­րու ներդ­րու­մով։
Ե­լոյ­թէն ան­մի­ջա­պէս ետք, մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ՝ մաս­նա­ւո­րա­բար ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մօ­տե­ցան պատ­րաս­տո­ւած յա­տուկ սե­ղա­նին եւ ա­մէն մէ­կը ծի­նա­կան նմուշ մը տո­ւաւ ու գրան­ցո­ւե­ցաւ «Ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու­նե­րու հայ­կա­կան ար­խիւ»ին մէջ։
­Հիմ­նադ­րա­մի եր­կու բժիշկ­նե­րը ի­րենց բարձր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին, որ յու­նա­հայ 25 նո­ւի­րա­տու­ներ եւս հարս­տա­ցու­ցին այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րի ար­խիւ­նե­րը։