­Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 198 տա­րի ա­ռաջ, ­Կե­սա­րիոյ Էֆ­քե­րէ գիւ­ղին մէջ ծնաւ շնոր­հա­լի հայ մա­նուկ մը, որ ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան կո­չո­ւե­ցաւ եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան իր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ ու հան­րա­նո­ւէր վաս­տա­կով, բայց մա­նա­ւանդ «­Կի­լի­կիա» քեր­թո­ւա­ծով ան­մա­հա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։
­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ծննդա­վայ­րին մէջ ստա­նա­լէ ետք, տա­սը տա­րե­կա­նին, հօր հետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս։ ­Հայ­րը պա­լա­տա­կան նկա­րիչ էր եւ ի վի­ճա­կի էր զա­ւա­կը ար­ձա­նագ­րե­լու Ս­կիւ­տա­րի թա­ղա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր ­Նա­հա­պետ յափշտա­կու­թեամբ փա­րե­ցաւ հայ լե­զո­ւին ու գրա­կա­նու­թեան, մեր ան­ցեա­լի փա­ռա­ւոր պատ­մու­թեան եւ հայ մշա­կոյ­թի ա­նանց ար­ժէք­նե­րուն։ Ու­սում­նա­սէր եւ ծայր աս­տի­ճան ու­շիմ հայ պա­տա­նիին կեան­քը յան­կարծ խան­գա­րո­ւե­ցաւ, երբ հայ­րը վա­ղա­մե­ռիկ ե­ղաւ եւ ­Նա­հա­պետ ստի­պո­ւե­ցաւ թարգ­մա­նի պաշ­տօն ստանձ­նել թուրք փա­շա­յի մը մօտ։
­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն լա­ւա­ծա­նօթ ա­տե­նի հայ մե­ծա­տուն ազ­գա­յին­նե­րը (ինչ­պէս ­Կա­րա­պետ ­Պա­լեան եւ Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի հայ­րը) հա­սան նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան, որ­պէս­զի շնոր­հա­լի հա­յոր­դին չզրկո­ւի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։ ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան մեկ­նե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­ւան­դու­թեանց կա­նո­նա­ւո­րա­բար հե­տե­ւե­լով եւ բժիշ­կի վկա­յա­կա­նին ար­ժա­նա­նա­լով մէկ­տեղ՝ գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի նկատ­մամբ իր խոր պաշ­տա­մուն­քին յա­գուրդ տո­ւաւ ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նին դա­սա­ւան­դու­թեանց իբ­րեւ ա­զատ ունկն­դիր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լով։
­Փա­րի­զի 1840ա­կան­նե­րու մի­ջա­վայ­րը վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի կազ­մա­ւոր­ման մէջ՝ ոչ միայն գրա­կան, լե­զո­ւա­գի­տա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ փի­լի­սո­փա­յա­կան իր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու հու­նա­ւոր­ման եւ զար­գաց­ման ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան ա­զա­տա­խոհ աշ­խար­հա­յեաց­քի ար­մա­տա­ւոր­ման եւ լայն հո­րի­զո­նի տի­րա­պետ­ման ի­մաս­տով։ Այդ տաս­նա­մեա­կի ֆրան­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան կազ­մա­ւո­րում ջամ­բե­ցին ե­րի­տա­սարդ հա­յուն, որ 1851ին ­Պո­լիս վե­րա­դառ­նա­լով՝ իբ­րեւ բժիշկ ու ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս իր ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քին կող­քին, ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն, այ­լեւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
­Յե­ղա­փո­խա­կան էր ­Ռու­սի­նեան ոչ միայն իր ըն­կե­րա­յին աշ­խար­հա­յեաց­քով՝ ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան, ան­կաշ­կանդ ար­տա­յայ­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մաս­նակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րուն հա­մար ան­դուլ պայ­քա­րե­լու իր վճռա­կա­նու­թեամբ, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ իր խառ­նո­ւած­քով։
­Փա­րի­զեան սե­րուն­դի իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն՝ Ս­տե­փան Ոս­կա­նի եւ Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի հետ ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման եւ հաս­տատ­ման հա­մար ծա­ւա­լած պայ­քա­րին մէջ, ե­րի­տա­սար­դա­կան շունչ եւ թափ տա­լով ա­նոր։ Իր ամ­բա­րած գի­տու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ աշ­խար­հա­բա­րի զար­գաց­ման եւ տա­րած­ման շար­ժու­մին։ Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րի բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն իր ֆրան­սա­կան կազ­մա­ւոր­ման դրոշ­մը զգա­լի դարձ­նե­լով թէ՛ սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ընդ­լայն­ման, թէ՛ գրա­կան թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րով գե­ղա­գի­տա­կան ճա­շա­կի ձե­ւա­ւոր­ման եւ թէ քե­րա­կա­նա­գի­տա­կան ու պատ­մա­կան-փի­լի­սո­փա­յա­կան իր աշ­խար­հա­յեաց­քի ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։
­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ էր 1854ին, երբ հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նեց իր «Ուղ­ղա­խօ­սու­թիւն» լե­զուա­գի­տա­կան-քե­րա­կա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ ինք­նին յե­ղաշրջում ա­ռա­ջա­ցուց ա­տե­նի ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Մեծ աղ­մուկ բարձ­րա­ցաւ իր ա­ռա­ջադ­րած ար­մա­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն շուրջ. թէեւ աշ­խար­հա­բա­րի ա­նու­նով իր պաշտ­պա­նած ծայ­րա­յե­ղա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րէն շա­տեր չդի­մա­ցան ժա­մա­նա­կի եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի քննու­թեան, բայց ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով ­Ռու­սի­նեա­նի ստեղ­ծած հա­յե­րէն բա­ռերն ու գե­ղա­գի­տա­կան ար­տա­յայտ­չա­կեր­պե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան եւ լայն կի­րար­կում գտան մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ։
Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մէն ետք ­Ռու­սի­նեան ձեռ­նար­կեց իր երկ­րորդ աղմ­կա­յա­րոյց գոր­ծի՝ «­Տա­րե­ցոյց»ի պատ­րաս­տու­թեան, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը բա­նադ­րա­կան ար­շա­ւի ա­ռիթ մը դար­ձաւ ­Ռու­սի­նեա­նի դէմ։ ­Հայ կղե­րա­կա­նու­թիւնն ու ա­նոր կողմ­նա­կից ա­մի­րա­յա­կան խա­ւը խա­չակ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­ցին ֆրան­սա­կան տա­րե­ցոյ­ցի ներշն­չու­մով հայ ա­ւան­դա­կան տա­րե­ցոյ­ցը (տա­րո­ւան սկզբնա­ւոր­ման ա­մի­սը, ա­միս­նե­րու եւ ե­ղա­նակ­նե­րու ա­նո­ւա­նու­մը) փո­խե­լու եւ յե­ղաշր­ջե­լու ­Ռու­սի­նեա­նի ծայ­րա­յե­ղու­թեան դէմ։ ­Միայն պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը չէր, սա­կայն, որ ընդ­դի­մա­ցաւ այդ յե­ղաշր­ջա­կան նո­րա­րա­րու­թեան դէմ։ Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի իր գա­ղա­փա­րա­կից­ներն ալ մեր­ժե­ցին այդ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րը։ Այ­սու­հան­դերձ՝ իր զոյգ աշ­խա­տու­թեանց ընդ­մէ­ջէն ­Ռու­սի­նեան անջն­ջե­լի իր դրոշ­մը դրաւ ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի յղկու­մին եւ գե­ղեց­կաց­ման վրայ։
Ն. ­Ռու­սի­նեան իւ­րա­յա­տուկ ներդ­րում ու­նե­ցաւ, մա­նա­ւա՛նդ, բուն ­Հա­յաս­տա­նը՝ հա­կա­կան գա­ւա­ռը հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան սե­ւե­ռա­կէ­տին վե­րա­ծե­լու ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան կեն­սա­կան ա­րե­ւե­լու­մին ար­մա­տա­ւոր­ման մէջ։
Ինչ­պէս որ «Լ­րա­բեր ­Հա­սա­րա­կա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի» ա­կա­դե­մա­կան հան­դէ­սի 1956ի հա­մա­րով, ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի մա­հո­ւան ութ­սու­նա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած իր հրա­պա­րա­կու­մին մէջ, Գ. Ս­տե­փա­նեան կը վկա­յէ՝
«­Ռու­սի­նեա­նը այն կար­ծի­քին էր, որ հայ ժո­ղովր­դի ճնշող մե­ծա­մաս­նութիւնր ապ­րում է գա­ւա­ռում, հե­ռու կրթու­թիւ­նից ու լու­սա­ւո­րու­թիւ­նից, եւ որ լու­սա­ւո­րել հայ ժո­ղո­վուր­դը, դաս­տիա­րա­կել նրան՝ չի նշա­նա­կում միայն ­Պոլսում դպրոց­ներ բա­նալ եւ մի քա­նի հա­զար մար­դու լու­սա­ւո­րել։
«­Դե­ռես ժա­մա­նակր ե­կած չհա­մա­րե­լով հան­դերձ գա­ւառ­նե­րում դպրո­ցական լայն ցանց ստեղ­ծե­լու, գա­ւա­ռա­յին բո­լոր քա­ղաք­նե­րում ու գիւ­ղա­քա­ղաք­նե­րում դպրոց­ներ բաց ա­նե­լու, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ նա գտնում էր, որ անհ­րա­ժեշտ է գո­նէ տար­րա­կան դպրոց­նե­րով ո­րոշ դաս­տիա­րա­կու­թիւն տալ գա­ւա­ռի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեա­նը եւ չա­փա­հաս տղա­մարդ­կանց։ «­Ռու­սի­նեա­նը ցա­ւով էր նշում, որ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո։[ի հա­մար դե­պու­տատ (ե­րես­փո­խան) ընտ­րող գա­ւա­ռա­ցի­նե­րի ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չգի­տի իր ցան­կա­ցած թեկ­նա­ծո­ւի ա­նու­նը թղթի վրայ գրել եւ գցել քո­ւէա­տու­փը։
«(­Նա)… այն կար­ծի­քին էր, որ … պէտք է ընդ­հա­նուր հան­րակր­թա­կան դպրոցնե­րի կող­քին լի­նեն մաս­նա­գի­տա­կան դպրոց­ներ, ո­րոնք կադ­րեր պատ­րաս­տեն եւ գա­ւա­ռի լու­սա­ւո­րու­թեան ու մա­նա­ւանդ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան հա­մար։
«Ին­չու ազզր քա­նի մր ­հո­ղա­գոր­ծա­կան դպրոց­ներ ու քա­նի մր­ ա­րո­ւես­տա նոց­ներ չու­նի»,-­ ա­սում էր նա։
«­Ռու­սի­նեա­նը ժո­ղովր­դի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը չէր պատ­կե­րաց­նում միայն ա­րա­կան սե­ռի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ։ ­Նա այն կար­ծի­քին էր, որ ըն­տա­նի­քը հա­սա­րա­կու­թեան աոա­ջին բջիջն է, ո­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի կրթե­լու, դաստիա­րա­կե­լու հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար օգ­տա­կար ան­հատ­ներ։ Ե­թէ տգէտ է ՄԱՅՐԸ՝ նա չի կա­րող գնա­հա­տել որ­դու ուս­ման ար­ժա­նի­քը, չի կա­րող օ­ժան­դա­կել նրան»։
­Թէեւ ­Ռու­սի­նեան դեռ չէր հա­սած այն հա­մո­զու­մին, որ հայ կի­նը լիար­ժէք կեր­պով պէտք է մաս­նակ­ցի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին — «… նրա մօտ ի­գա­կան սե­ռի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցա­պէս խարս­խո­ւած Էր ե­րե­խա­յի դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ»։
Այ­սու­հան­դերձ՝ ­Ռու­սի­նեա­նի այդ յա­ռաջ­դի­մու­թեան հաս­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ի մտի ու­նէր, երբ կը գրէր.- «Ին­չո՞ւ մեր դուստր­նե­րը վար­ժոց­նե­րոլ մէջ չկան»։
Գ. Ս­տե­փա­նեան նաեւ կ­’ա­ւել­ցնէ.-
«Իսկ մի այլ տեղ շատ ա­ւե­լի ո­րո­շա­կի ­Ռու­սի­նեան գրում Էր.- «­Մին­չեւ որ աղ­ջիկ­նե­րու կրթու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր ը­նե­լով՝ ըն­տա­նիք­նե­րու կիրթ մայ­րեր չտրո­ւին, ազ­գէ մը կա­տա­րեալ կրթու­թիւն չի յու­սա­ցո­ւիր»։
«Այլ խօս­քով՝ ­Ռու­սի­նեան պա­հան­ջում Էր, որ եր­կու սե­ռե­րը «հա­մա­քայլ ընթա­նան», «հաս­տատ հա­մոզու­ված ըլ­լա­լով, թէ քա­նի կի­նե­րը չը կրթո­ւին, այ­րե­րու կա­տա­րեալ կրթու­թեան վրայ յոյս տա­ծե­լը ինք­զին­քը պատ­րել Է»։
Այս­պի­սի մտքե­րով հայ կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դե­լու ե­լած ազ­գա­յին գոր­ծիչն էր ­Ռու­սի­նեան։
­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան իր հա­սուն տա­րի­քի ա­մէ­նէն բեղմ­նա­լի շրջա­նին կը գտնո­ւէր, երբ ու­ղե­ղախռ­նու­մի հե­տե­ւան­քով 57 տա­րե­կա­նին առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը հայ ար­ժէք­նե­րու ա­մէ­նէն «խռո­վիչ» դէմ­քե­րէն բժիշկ ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի։
­Ճա­կա­տագ­րի դա­ժան հա­րո­ւա­ծով՝ մեր կեան­քէն հե­ռա­ցաւ տա­կա­ւին այն­քա՜ն տա­լիք ու­նե­ցող հայ գրա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան ար­դի զար­թօն­քի նա­հա­պե­տը։
Ծնն­դեան իր տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով գրո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ եզ­րա­փա­կել ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի հետ ան­մա­հա­ցած «­Կի­լի­կիա» քեր­թո­ւա­ծին։ «­Կի­լի­կիա»ն ­ներշն­չուած էր ֆրան­սա­կան «­Նոր­ման­տի»ին նո­ւի­րո­ւած քեր­թո­ւա­ծէ մը, որ սա­կայն իր հա­յե­րէ­նով եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րար­ժէք մշա­կու­մով այն­քան հա­յա­ցո­ւած էր, որ իբ­րեւ ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն ըն­կա­լո­ւե­ցաւ եւ ան­ժա­ման­ցե­լի եր­գի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։

Ա­հա՛ քեր­թո­ւա­ծը.

Երբ որ բա­ցո­ւին դռներն յու­սոյ,
Եւ մեր երկ­րէն փախ տայ ձը­մեռ.
­Չըք­նաղ եր­կիրն մեր Ար­մե­նիոյ
Երբ փայ­լէ իւր քաղց­րիկ օ­րեր,
Երբ որ ծի­ծառն ի բոյն դառ­նայ,
Երբ որ ծա­ռերն հագ­նին տե­րեւ,
­Ցան­կամ տես­նել զիմ ­Կի­լի­կիա,
Աշ­խա՜րհ, որ ինձ ե­տուր ա­րեւ։

­Տե­սի դաշ­տե­րըն ­Սիւ­րիոյ,
­Լեառն ­Լի­բա­նան եւ իւր մայ­րեր,
­Տե­սի զեր­կիրն Ի­տա­լիոյ,
­Վե­նե­տիկ եւ իւր կոն­տոլ­ներ.
­Կըղ­զի նման չիք մեր ­Կիպ­րեայ
Եւ ո՛չ մէկ վայրն է ար­դա­րեւ
­Գե­ղե­ցիկ քան զիմ ­Կի­լի­կիա,
Աշ­խա՜րհ, որ ինձ ե­տուր ա­րեւ։

­Հա­սակ մը կայ մեր կե­նաց մէջ,
Ուր ա­մե­նայն իղձ կ­’ա­ւար­տի.
­Հա­սա՜կ մը, ուր՝ հո­գին ի տենչ՝
­Յի­շա­տա­կաց իւր կա­րօ­տի.
­Յոր­ժամ քնարն իմ ցրտա­նայ՝
­Սի­րոյն տա­լով վեր­ջին բա­րեւ,
Եր­թամ ննջել յիմ ­Կի­լի­կիա,
Աշ­խա՜րհ, որ ինձ ե­տուր ա­րեւ։