Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւնում գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 1ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ միասին ներկայ եղաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման արարողութեան: Ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու հեռուստամարաթոններու ընթացքին հաւաքուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Պարգեւ Սրբազանի հետ այցելեցին նաեւ Դադիվանք` ծանօթացան վանական համալիրին մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին եւ մոմ վառեցին Դադիվանքի Սբ. Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանին մէջ այսօր պիտի այցելեն նաեւ գինիի նորաբաց գործարանը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 2ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պիտի մասնակցի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
Բացուեցաւ Վարդենիս Մարտակերտ ճանապարհը
Բացուեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը