Գ­րա­դա­րա­նիս գրա­սե­ղա­նին վրայ կան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հրա­տա­րա­կուած տաս­նեակ մը գիր­քեր, ո­րոնք ի­րենց հեր­թին կը սպա­սեն… խօ­սե­լու։
Այս մէ­կը սա­կայն ու­րիշ է, կը հրմշտկէ, որ ա­ռաջ անց­նի։
­Բա­ռե­րուն ու ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նա­կը ազ­գա­յին հան­րա­ծա­նօթ եր­գիչ ­Գու­սան ­Հայ­կա­զունն է, որ ան­ձամբ նո­ւի­րեց զայն ին­ծի։ Չ­դի­մա­ցայ իր հրմշտու­կին եւ սկսայ իր­մով զբա­ղիլ ու զինք (եր­գա­րա­նը) ու­զե­ցի ծա­նօ­թաց­նել եր­գա­սէր ու ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։
Եր­գա­րա­նին խո­րա­գիրն է «­Հա­յեր միա­ցէ՛ք»։ Ա­նոր սկիզ­բի է­ջե­րուն տպա­ւո­րա­պաշտ է­ջեր ու­նին Ար­մի­նէ ­Հայ­կա­զուն, որ խմբա­գիրն է նաեւ գիր­քին, Գ­րի­գոր ­Գու­զի­կեան, Ար­սէն Գ­րի­գո­րեան, Վ­րէժ ­Սա­րու­խա­նեան, ո­րոնք վաս­տա­կա­ւոր ու ա­նուն ու­նե­ցող եր­գիչ­ներ են, ծա­նօթ երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար, գրող ու հրա­պա­րա­կա­խօս, եւ ո­րոնք ան­կեղ­ծօ­րէն ու ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով կը գնա­հա­տեն ժո­ղովր­դա­սէր ­Հայ­կա­զու­նի տա­րի­նե­րէ ի վեր կա­տա­րած հայ­րե­նա­նո­ւէր գոր­ծը։
Այս գիր­քին մէջ յատ­կան­շա­կան են նաեւ գրե­թէ բո­լոր եր­գե­րուն ըն­կե­րա­ցող ե­րաժշ­տա­կան նո­թագ­րու­թիւն­նե­րը, եր­գե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տրո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­ներն ու քեր­թո­ւած­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն սա­ւառ­նող ազ­գա­յին ո­գին։
Այս եր­գա­րա­նի ներ­սի վեր­ջին կող­քին, հնա­րա­միտ կեր­պով միա­ցո­ւած է, բո­լոր եր­գե­րը լսե­լի դարձ­նող փոքր եր­գաս­կա­ւա­ռակ մը։ Եր­գա­րա­նը կը սկսի «­Հա­յեր, միա­ցէ՛ք» հայ­րե­նա­կեր­տիչ ու ան­մո­ռա­նա­լի ազ­գայ­նա­շունչ եր­գով, զոր ­Հայ­կա­զուն գրած է 1988ի ­Մա­յի­սին, Ար­ցա­խեան ժո­ղովր­դա­կան շարժ­ման պատ­մա­կան օ­րե­րուն։
Եւ այս­պէս եր­գէ երգ ա­ռաջ… մին­չեւ մեր օ­րե­րը… եւ մին­չեւ իր ներ-զգա­ցա­կան ու անձ­նա­կան թե­լե­րը հնչեց­նող եր­գե­րը։
­Գու­սան ­Հայ­կա­զուն իր գրած վեր­ջին եր­գին (28 ­Մա­յիս, 2Օ17) մէկ տան մէջ, ար­դա­րա­ցի հա­մո­զու­մով, կ­՛ը­սէ.- «­Լի­նես թա­գա­ւոր, բա­րի կամ դա­ժան, նա­խա­րար, գու­սան թէ սա­րի չո­բան, սուտ է ա­մէն բան, կ­՛անց­նի կը գնայ, հայ­րե­նիքն է լոկ, որ պի­տի մնայ»։
­Թե­լադ­րե­լի է, որ ու­նե­նանք այս եր­գա­րա­նը, որ ազ­գա­շէն ու հայ­րե­նա­տէ­րի ո­գիով ա­կաղ­ձուն գան­ձա­րան մըն է այս օ­րե­րուն։

­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան
Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ, Ու­շի գիւղ