­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րէ ա­մա­նո­րը թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու «­Հա­մազ­գա­յին»ի շրջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րուն, կրօ­նա­կան դա­սուն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն, գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ օ­ճա­խի բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րուն եւ կը մաղ­թէ լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն՝ ա­նոնց ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, միու­թե­նա­կան եւ անձ­նա­կան-ըն­տա­նե­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ:
­Նոր ­Տա­րին նո՛ր յոյ­սեր եւ նո՛ր մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը բա­նայ մեր ազ­գին դի­մաց: Ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ կա­պած է՝ ժո­ղովըրդային ա­զատ կամ­քով ընտ­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի կա­յաց­նե­լիք օ­րէնսդ­րա­կան ո­րո­շում­նե­րուն, նո­րըն­տիր վար­չա­պե­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ ու ի մօ­տոյ կազ­մո­ւե­լիք կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, ո­րոնց հա­մար ստեղ­ծո­ւած է պատ­մա­կան սքան­չե­լի ա­ռիթ մը, որ մեր հայ­րե­նի­քի տնտե­սու­թիւնն ու պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նան ձեր­բա­զա­տեն մե­նաշ­նորհ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թե­նէն, վե­րաց­նեն ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը, երկ­րին մէջ հաս­տա­տեն ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ան­զի­ջող ըլ­լան ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ու ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րու պա­հանջ­քին մէջ:
­Բո­լորս միա­սին, կուռ շար­քե­րով ու ան­կոտ­րում կամ­քով դի­մա­ւո­րենք նոր տա­րո­ւան բե­րած պատ­մա­կան այս նոր ու անկրկ­նե­լի ա­ռի­թը ­Հա­յաս­տա­նի փառ­քին հա­մար եւ ի պար­ծանս հայ ժո­ղո­վուր­դին:
Ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար հզօ­րու­թիւն է եւ յաղ­թա­նա­կի գրա­ւա­կան՝ ­Հա­յաս­տան-սփիւռք միաս­նու­թիւ­նը:
­Միաս­նու­թեամբ դի­մա­ւո­րենք ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ եւ զի­րար շնոր­հա­ւո­րենք՝ միաս­նա­բա՛ր մեր ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
ՇՆՈՐՀԱՒՈ՜Ր ՆՈՐ ՏԱՐԻ:

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ