Մկրտիչեան Կ.
Այո՛ բարեկամս եւ ո՛չ ընկերս.
Քանի յիսուն եւ աւելի երկարող տարիներու տեւողութեան, բարին-բարիքս կամեցողն էիր՝ ըստ հայոց մեծասքանչ լեզուէն մեզի փոխանցուած ստուգաբանութեան ու զայն քու կողմէդ լիաբուռն ինծի պարգեւուած միակ իմաստն էիր՝ նոյնինքն շղթան, որով իրարու կապանքուած կը մնային մեր մտքերն ու հոգիները փոխադարձաբար, եւ որ մինչեւ այսօր, տասը տարիներ ետքն ալ, երբ անողոք մահդ կրցաւ փշրել զանոնք, անոնց հետքերը կը շարունակեն անջնջելի մնալ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, քանի ընդունուած իրողութիւն է, որ ամէն ձեւի քայքայումէն ետք յիշողութիւնն է, որ կը շարունակէ գործել։
Հաւանաբար ըսուածը հոս ու անոր բոլոր յաջորդող ըսուածները չափազանցութիւն նկատուին բայց հոգիիս պարտքն է, որ պէտք է տամ, կատարեմ խոստումը՝ որով պայմանաւորուած էինք իրարու հետ, շատ-շատ տարիներ առաջ՝ «բան» մը գրելու պարտականութիւնը ստանձնել, մեր երկուքէն մէկուն կամ միւսին «ճակատագրական անխուսափելին» պատահելէն ետք…
Ու մտերմութեամբ մը, որ ոչ ոք յաջողած էր ունենալ հետդ, այսօր լոկ քեզի համար «բան» մը կը գրեմ, հոգիիս խորերէն «ժայթքող հրճուանք» մը կը փոխանցեմ, յուզում մը լիութեան։
Ներէ՛, բարեկամս, որ «անդորրութիւն»դ անգամ մը եւս պիտի խանգարեմ։
Իւրաքանչիւր մարդու մօտ, տարօրինակ կարելիութիւններ, բարեմասնութիւններ կան, քեզմէ ճառագայթող ամէն շող սէրն էր, որ կարծես միայն քուկդ էր եւ որ միշտ անյապաղ փութկոտութեամբ մը, «արեւաթեւ» ներթափանցումներով կը փորձէիր զայն ծուարեցնել իւրաքանչիւրին հոգիէն ու մտքէն ներս։
Վստա՛հ, որ մարդ կրնայ ապահով զգալ երբ լոկ իրագործել կրնայ, ինչ որ անհասկնալի է ուրիշներուն համար ու նա մանաւանդ երբ կրողն է առաւելագոյն մարդկայնութեան հասկացողութեան։
Հասկնալ ինքնին՝ զգալ կը նշանակէ։
Այդ իր խառնուածքին կաղապարումը, շատ ճիշդ ու պարզունակ ձեւով մը արձանագրուած կը գտնեմ իր պատանութեան շրջանի յուշատետրէն քաղուած մէկ փորձ բանաստեղծութեան մէջ։
Սէր
Ես չեմ ուզեր ինձ համար,
Ոսկի, յակինթ, անգին գոհար,
Ոչ երկնամերձ շքեղ շէնքեր,
Զմրուխտապատ շէն պալատներ։
Ես չեմ ցանկար անձիս համար,
Վայելչութիւն, փառքեր անմար,
Ոչ ալ երբեք ծով ոսկիներ,
Անծայածիր խոր կալուածներ…
Միայն կ’ուզեմ միշտ հոգւոյս մէջ,
Եղբայրութեան սէրն անշէջ,
Որ կը քանդէ բիւր պատնէշներ
Ու կեանքին մէջ շա՜տ արգելքներ։
26-1-59
Պատանութեան թէ երիտասարդութեան շրջաններուն՝, խոնարհ, պարզութեան եւ գեղեցկութեան դիմաց անվերջ սէր ճարակող այս «մանուկ» հոգին միշտ կը քալէր կքած՝ երազներու ու նոր յոյսերու որոնումի բեռան տակ, կրքոտ ու քիչ մըն ալ «մասոխական», այսպէս ըսուած հեռուէն տառապելու, «հալ ու մաշ» ըլլալու բնազդային հոգեվիճակով մը, եւ որ հազիւ փնտռածը գտած կրկին աղջկան մը ներկայութենէն մերժուած՝ նոր բաբախուն կեանքի մը ետեւէն ինկած յաւերժական որոնողն էր՝ դժգոհ, յուսախաբ ու միաժամանակ ցանկասէր, ի տես թարմ ծաղիկներու պսակին՝ ու յատկապէս մեխակներուն։
Աղջիկները միաժամանակ թէ՝ քոյր եւ թէ սիրոյ կուռքեր էին։
Նիւթին խորքը անվերջ սէրն էր՝ «անաղարտ», «անապական» եւ որուն դիմաց, արիւնը հրդեհուած, պապակը չյագեցուած, յաւէտ կարիքաւորն էր՝ գորովի, գգուանքի։ Դարձեալ յուշատետրէն քաղուած…
Կոյսը
Երգերս բոլոր, բոլոր,
Երգերս իմ հին ու նոր,
Երգեցի ես լոկ անոր
Երգերս բոլոր, բոլոր։
Համբոյրս տրտում աղուոր,
Շրթունքներէս իմ բոսոր,
Դրոշմեցի ես միշտ անոր,
Համբոյրս տրտում աղուոր։
Անմեղունակ իմ հոգիս,
Յաւիտեան ընկերը կեանքիս,
Նուիրեցի մեխակիս…
18-5-59
Գետնէն միշտ վեր, գերզգայուն հոգի մը, որ հետզհետէ կը հասուննար կարծես սիրոյ որոնումով ու զայն գտնելու՝ անոր տիրապետելու ցանկութիւնով մը։
Պիտի յիշեմ… միշտ
Անձայն, առանձին, ճամբէն մայրիին,
Երբ ես կը քալեմ, յամրաքայլ լռին։
Յար հոգւոյս մէջ ես, դուն իմ հրակէզ
Որբ հոգւոյս վառ յոյս, մեղմ հեշտանք անտես։
Այսպէս մերթ ընդ մերթ կը յիշեմ կրկին
Ապրուած օրերս, քեզ հետ միասին։
Հիմա կը խորհիմ յուսախաբ սակայն
քաղցր օրերուն, որ պիտþ ուշանան։
Արդէն պահուած առ յաւէտ հոգւոյս մէջ
Վառ հոգենկարդ, որպէս յոյս անշէջ։
Պիտի յիշեմ քեզ, բայց կրկին… աւա՜ղ,
Ես պիտի մնամ վշտահար, անխաչ
Անվերջ սրտատրոփ, անլոյս երազկոտ,
Որպէսզի գէթ ուշ, գաս կրկին իմ մօտ։
19-7-1960
Կեանքի տարբեր ու զանազան ձեւերուն ընդմէջէն՝ տարբեր եղանակներու կամ ժամանակաշրջաններու, տարիքային տհասութիւններուն կամ ալ հասունութիւններուն ընթացքին, նոյն այլասիրական-ցաւակցողական ու միշտ օգնելու պատրաստակամողական իր զգայնութիւններէն թելադրուած կը գործէր, երբ սկսած էր ինքզինք փնտռել իր հայ ըլլալու գոյութենական ողբերգութեան մէջն ալ…
Բացառիկ հետեւողականութիւն — մտասեւեռում մը, որ իր կեանքին առանցքն էր դարձուցած, շատ հաւանաբար ազդուած «Ազատ Օր»ի խմբագրապետէն՝ Վազգէն Եսայեանէն, երբ ամառնային արձակուրդի ընթացքին, Պէյրութէն — Յունաստան վերադարձին, կþերթար խմբագրատուն ժամանակը նոր փորձառութիւններով հարստացնելու համար։
Շարադրութեան տետրակէն քաղուած «մեր խմբագիր»ը վերնագրով իր շարադրանքէն կ’ընդօրինակեմ հետեւեալները՝,
«Առաւօտ կանուխ, տակաւին արեւը չծագած ինք արթուն էր ու խմբագրատան իր գրասեղանին առջեւ նստած կը թարգմանէր առաւօտեան թարմ լուրերը՝ յունական զանազան լրագիրներէ։ Ակնոցը քիթին վրայ ինկած, երբ զինք դիտէիր կը կարծէիր, որ քունի մէջն էր, բայց ո՛չ ընդհակառակը կը գրէր, արթուն էր, արթուն ինչպէս ամբողջ գիշերը իր տան միակ սենեակի գրասեղանին դիմաց։
Ժամանակին նշանուած էր սեւաչեայ հայուհիի մը հետ իսկ հիմա՝ տասնըվեց տարիէ ի վեր ամուսնացած է «Ազատ Օր»ին հետ։ Երազ, դառնութիւն, ուրախութիւն անոր հետ կը կիսէ։ Մեծագոյն պարգեւատուն է յունահայութեան քանի որ ամէն օր անխոնջ աշխատանքով աւելի եւս մատչելի կը դարձնէ մեծասքանչը, ձուլումի ախտէն տառապող երիտասարդութեան»։
Անձնական թէ հաւաքական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, պարտականութիւններ ստանձնելու ու լրիւ անոնց փարելու յանձնառութիւն-պարտաւորութիւնը, իր բխրուն սիրտը կþալեկոծէր եւ որ կրկին իր գծած ուղիէն թիզ մը անգամ չշեղող ու դեռ եւս չշեղած իր «ճիտին պարտք»ն էր, որ կը կատարէր եւ տարբեր ալ չէր կրնար ընել քանի այս անգամ իր պաշտած կուսակցութեան՝ նուիրումի, ծառայութեան գլխաւոր սկզբունքներէն լուսաւորուած անոնցմէ կþառաջնորդուէր։ Իրմով զանոնք կիսելու պատրաստակամութեամբ կամ ալ անոնցմով կապուելու, հանգուցուելու ու միասնաբար լուծումներ, ցաւը ամոքող սպեղանիներ փնտռել գտնելու հետամտութեամբ-հաւատարմութեամբ մը։
«Ի՞նչ կարելի է ընել, որ չեմ ըրած» ինքզինքին դրած հարցադրումին պատասխանը փնտռել-գտնելու այդ յամառումն էր, որ լուծումներու կþառաջնորդէին զինք ու յաջողութենէն ետք կրկին կը ստիպէին տրտմութեանց ապրումներու՝ դառն բաժակը ցմրուրս ըմպել-քամելու, աջէն-ձախէն իր դէմ արձակուած վիրաւորական քննադատութիւն-պախարակումներէն վիրաւորուած։
Կրկին սակայն իր «ծաղիկներով» ու նոյն հանգոյցով, գերուած նոյն վերաբերումով՝ վերջալոյսներէն, դառնութիւններէն նոյն արշալոյսներու դարձին, ջանքին, քանի ամէնէն աւելի կը սիրէր ժպիտն ու անոր վերադարձին հաւատալով կը տքնէր։
Հոն կþուզէր կենալ, իր «կրքոտ ծաղիկներուն» հետ, քանի այդպէս կþըմբռնէր ինքզինքը։ Կեանքի շօշափելի եւ հոգ չէ այրող արարքներու հետամուտ։ Գաղափարապաշտ ու միաժամանակ իրատեսական։
Այդպէ՛ս, եւ այն ժամանակ երբ «Հայ Կապոյտ Խաչ»ի վարժարաններու գոյութիւնը՝ տնտեսական ահռելի բեռան մը տակ վտանգուած էր ու փրկութեան լաստի մը համար փնտռուած ստորագրութիւնը կþուշանար…
Նոր էջի մը, եռուն գաղափարի մը օծումն ու կոչումը՝ գլխագիր «Նախաձեռնում»ը պէտք էր կեանքի կոչել ի դիմաց լիացած ու մաշած հին էջին։ Առողջ «թոքի» մը աղաղակումը՝ գործօն մասնակցութիւնը, մաքուր ու ազատ, արարչական հնարաւորութիւններով բաբախուն։
Ու պատահեցաւ՝ զօրակցելու պատրաստ այդ նոր «խենթեր»ու հոյլի ծնունդը՝ ուսումնական անուանակոչումով։
Այդ «մենք»ին մէջ ինք Յարութիւնը անհետացած, միաժամանակ սակայն հզօր պատուարի վերածուած, անխափանօրէն կþապահովէր մարտավարական շարժումները այդ նոր «հոյլ»ին, հասնելով լրիւ յաջողութեան պսակումին։
Օրերը գեղեցիկ կրնան ըլլալ համեստ աշխատողներուն համար ալ, հեռու ցուցամոլական ելոյթներէ, ուռուցիկ հաղորդագրութիւններէ ու շռայլուած հանդիպումներէ։
Գործն է ու անոր տուած բարերար արդիւնքն է կարեւորը՝ նա մանաւանդ երբ անցեալի խորերէն արձակուած պատմութիւն մը գոյութիւն ունի։
Միակ անցեալ մը, վստահ որ կ’առաջնորդէ միակ ապագայի մը, անվախճան կամուրջի մը պէս, ձգուած միջոցին մէջ։
Բարեկա՛մս, մեր արարքները միշտ մեզի հանգուցուած կը մնան… անդորրութիւն քեզի։