ՇԱՀԱՆ

­Ժո­ղով­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան ջա­տա­գով­նե­րը կ­՚ամ­բաս­տա­նո­ւին յա­ճախ որ­պէս ժո­ղո­վա­մոլ եւ ան­վերջ ու ա­նի­մաստ վէ­ճե­րու սի­րա­հար:
­Ժո­ղո­վա­մոլ չեմ ե­ղած եր­բեք, ժո­ղո­վա­սէր ա­յո՛: ­Ժո­ղով­նե­րու ո­րա­կը յա­ճախ չէ ար­դա­րա­ցու­ցած այս սէրս, մնա­ցած եմ սա­կայն հա­ւա­տա­րիմ՝ անմ­խի­թար սի­րա­հա­րի մը նման, որ հա­ւա­տա­լով հան­դերձ իր սի­րոյն, միշտ ալ ա­նոր ար­ձա­գան­գին չէ ար­ժա­նա­ցած, մնա­լով որբ:
Եւ ա­հա՛, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի նա­վա­ձեռ­նու­թեամբ եւ քա­նի մը կա­րող ու տա­ղան­դա­ւոր ըն­կեր­նե­րու ներդ­րու­մով, ­Կի­րա­կի, 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ին, գու­մա­րո­ւե­ցաւ այն­պի­սի գե­ղե­ցիկ եւ օգ­տա­կար ժո­ղով մը, որ վե­րա­դար­մա­ցուց անմ­խի­թար սի­րա­հա­րի ակնկա­լու­թիւն­ներս. դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին եւ ի մաս­նա­ւո­րի «Ա­զատ Օր»-ին նո­ւի­րուած խորհր­դա­ժո­ղով մըն էր, որ ան­շուշտ ո­րո­շում­ներ պի­տի չկա­յաց­նէր, սա­կայն միտ­քե­րու փո­խա­նա­կու­թեան ճամ­բով պի­տի փոր­ձէր ու­ղի­ներ բա­նալ բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար թէ՛ մա­մու­լի շրջա­գա­յու­թեան ու տպա­քա­նա­կի պատ­կե­րը, թէ՛ թեր­թի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ թէ՛ ալ այ­լընտ­րանք­նե­րու որ­դեգ­րու­մով՝ ա­ւե­լի հրա­պու­րիչ պի­տի դարձնէր մեր օ­րա­թեր­թը, ո­րուն սի­րա­հար­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ են՝ ա­ռանց ան­պայ­ման անմ­խի­թար ըլ­լա­լու: ­Ժո­ղով մը, ուր ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հի­նե­րու եւ ըն­կեր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծող ե­րե­ւոյթ մը ե­ղաւ:
Եւ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան շատ հե­տաքրք­րա­կան մտքեր: Ը­սո­ւե­ցաւ ի մի­ջի այ­լոց, թէ մա­մու­լը գա­ղութ մը միա­ւո­րող ազ­դակ է. ը­սո­ւե­ցաւ թէ տպա­գիր մա­մու­լը ինք­նու­թեան հաս­տա­տա­գիր մըն է, որ ցոյց կը տրո­ւի հպար­տու­թեամբ, թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր է լու­րե­րու ա­րագ տա­րած­ման եւ դիւ­րին ըն­կալ­ման հա­մար. ը­սո­ւե­ցաւ սա­կայն նաեւ, թէ «Ա­զատ Օր»-ը միայն որ­պէս լրա­բեր պէտք չէ նկա­տել, ի մտի ու­նե­նա­լով, թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին հար­թակ­նե­րը եւ ցան­ցե­րը մի­ջազ­գայ­նա­կան են, որ ե­թէ նոյ­նիսկ ա­պազ­գայ­նաց­ման չեն ա­ռաջ­նոր­դեր, կրնան սա­տա­րել ազ­գա­յին ո­գիի նո­ւա­զու­մին:
­Խօ­սակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ նաեւ «Ազատ Օր»-ի է­ջե­րուն թի­ւը. թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է խու­սա­փիլ շատ եր­կար յօ­դո­ւած­նե­րէն, ո­րոնք յա­ճախ չեն կար­դա­ցո­ւիր, է­ջե­րու թի­ւը չոր­սի վե­րա­ծե­լով եւ յա­ւե­լո­ւած մը տրա­մադ­րե­լով, երկ­րորդ ու եր­րորդ է­ջե­րուն մի­ջեւ, եր­կար վեր­լու­ծում­նե­րուն՝ այն ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կրնան հե­տաքրք­րո­ւած ըլ­լալ նման գրու­թիւն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեամբ:
Այս­պէս մնա­ցեալ հիմ­նա­կան է­ջե­րը կը տրա­մադ­րո­ւին հայ­կա­կան լու­րե­րուն, մինչ «Աշ­խարհ» տիտ­ղո­սին տակ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ տե­ղադ­րել կարճ ու այժ­մէա­կան լու­րեր ­Յու­նաս­տա­նէն եւ ամ­բողջ աշ­խար­հէն, միշտ պա­հե­լով օ­րա­թեր­թի հան­գա­ման­քը, այ­սինքն Ա­զատ Օր-ի ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը գա­ղու­թէն ներս:
­Ժո­ղո­վա­կան մը զի­րար ճանչ­նա­լու վստա­հե­լի եւ վա­ւե­րա­կան մի­ջոց մը կը նկա­տէր օ­րա­թեր­թը, երբ կը պատ­մէր, թէ ինչ­պէս խո­շոր ու ան­գոյն օ­դա­կա­յա­նի մը մէջ զինք դի­մա­ւո­րող ե­րի­տա­սարդ մը ձեռ­քը բռնած էր Ա­զատ Օր-ի թիւ մը, քա­նի ան­ծա­նօթ էին ի­րա­րու: «­Բա­րե՜ւ ըն­կեր», ը­սած էր ժո­ղո­վա­կա­նը ե­րի­տա­սար­դին. բա­րի ե­կար յու­նա­հայ ըն­կեր, պա­տաս­խա­նած էր ե­րի­տա­սար­դը, ճամ­բոր­դու­թիւնդ հան­գի՞ստ էր:

«Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թեան կող­մէ.- ­
Հան­գու­ցեալ մեր ըն­կե­րոջ՝ ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նի վե­րի յօ­դո­ւա­ծը պատ­րաս­տո­ւած էր 2023-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն, ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Դեկ­տեմ­բե­րին՝ «Ա­զատ Օր»-ին նուի­րուած խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ետք։ ­Մեզ­մէ ան­դարձ մեկ­նած ըն­կե­րոջ զգա­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ կ­՚ար­տա­ցո­լան նաեւ միտ­քեր ու տե­սա­կէտ­ներ, ո­րոնք ընկ. ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան ա­ռիթ ու­նե­ցած էր շօ­շա­փե­լու այդ խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին։ ­Կը հրա­տա­րա­կենք իր յօ­դո­ւա­ծը որ­պէս նո­ւա­զա­գոյն յի­շա­տակ իր վաս­տա­կին, նաեւ որ­պէս «Ա­զատ Օ­ր»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն հետ առն­չու­թիւն ու­նե­ցող բա­նա­ձեւ։