Երկուշաբթի՝ 25 նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բանաստեղծական ներկայացում։ Ելոյթը կատարուեցաւ կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի Մշակութային միութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Օրուան հիւրն էր Արարատ Ղուկասեանը, որ Սպանիայէն ժամանած էր Գոմոթինի՝ հիւրասիրելու համար մեզի իր հոգիին խորքէն ելած յուզումները եւ յատուկ բանաստեղծական ոճը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռուզաննա Զօհրապեան, որ ներկայացուց Արարատ Ղուկասեանի կենսագրութիւնը, ներկաները աւելի հարազատ դարձնելով օրուան բանաստեղծի կեանքին ու գրական գործունէութեան։
Յաջորդաբար՝ խօսք առաւ օրուան հիւրը, որ շատ գեղեցիկ կերպով հիմնաւորումներ կատարեց եւ ընթերցեց իր արձանագրած կարգ մը բանաստեղծութիւնները եւ աւելի յաղորդ դարձուց իր յեղինակած գիրքին՝ ցոյց տալով թէ ո՞ր դէպքերու վրայ հիմնուած՝ գրի առած է այն։ Բաւական հետաքրքրական եւ սրտի խօսուն բանաստեղծութիւններ ընթերցելէ ետք, ներկաները հարցումներ ուղղեցին բանաստեղծին եւ ան իր տուած բացատրութիւններով լուսաբանեց անոնց մտքերը։
Յայտագիրի աւարտին, շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան սրտի խօսք առաւ եւ շեշտը դրաւ հայ գիրին եւ հայ մշակոյթին կարեւորութեան վրայ։
Նաեւ խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Ազատ Օր» օրաթերթին եւ քաջալերեց ներկաներուն ըսելով՝ «կարդացէ՛ք եւ սպառեցէ՛ք ամբողջ Եւրոպայի մէջ միակ եւ յատուկ օրաթերթը, որպէսզի հայութիւնը միշտ ծաղկուն մնայ ձեր կեանքէն ներս»։ Ան իր խօսքը աւարտեց օրուան հիւրին շնորհակալութիւն յայտնելով եւ անոր մաղթելով յարատեւ վերելք եւ անխոնջ աշխատանք։
Բանաստեղծական երեկոյ
Բանաստեղծական երեկոյ