Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դած է, որ թշնա­միի նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ճնշե­լու հա­մար պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը ստի­պո­ւած ե­ղած են ձեռ­նար­կե­լու պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց ար­դիւն­քով վնաս հաս­ցո­ւած է Ալ­խան­լու գիւ­ղին մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան կրա­կա­կէ­տին: ­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րած տո­ւեալ­նե­րով՝ թշնա­մին ու­նի կո­րուստ­ներ:
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կո­րուստ­ներ չէ ու­նե­ցած:
Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի կա­նուխ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ 4 ­Յու­լի­սին շփման գի­ծի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը շա­րու­նա­կած է խախ­տել զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը: «­Յատ­կա­պէս, ժա­մը 11:30-11:35ին ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կի­րար­կած է 82 մի­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նետ (4 արկ), նոյն հա­տո­ւա­ծին մէջ ժա­մը 12:45-12:55ի սահ­ման­նե­րուն` հաս­տո­ցա­ւոր հա­կահ­րա­սայ­լա­յին նռնա­կա­նետ (3 արկ), հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ` ժա­մը 13:35ին 60 մի­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նետ (3 արկ), 19:10ին` 60 մի­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նետ (2 արկ), իսկ 20:20-20:30ի սահ­ման­նե­րուն Ալ­խան­լու գիւ­ղին մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան կեդ­րո­նէն ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժը ՏՌ-107 տի­պի հա­մա­զար­կա­յին հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րէ (5 արկ) կրակ բա­ցած է հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծող զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն հրա­մա­նա­տա­րա­կան կէ­տին ուղ­ղու­թեամբ` 20:48ին կի­րար­կե­լով նաեւ 82 մի­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նետ (3 արկ)»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:
«­Կա­տա­րո­ւա­ծին հե­տե­ւանք­նե­րուն ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը կրէ ­Պա­քո­ւի զի­նո­ւո­րա­կան-քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը»,- շեշ­տած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: