Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ­Յու­նո­ւար 23ին ըն­դու­նած է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը:
«­Նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի կա­յա­ցու­մը Ար­ցա­խի մէջ՝ զայն նկա­տե­լով կա­րե­ւոր ներ-քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար: ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ար­ժե­ւո­րած է Հ.Յ.Դ.ի ներդ­րու­մը Ար­ցա­խեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի, պե­տա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ու կա­յաց­ման, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան ամ­րապնդ­ման, հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման ծի­րէն ներս: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւած են նաեւ պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան, ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գոր­ծա­ռոյթ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր: